ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»
Շարունակելով Ատրպէյճանի մէջ տիրող կաշառակերութեան մասին վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին մեր հրապարակած յօդուածներու շարքը, այժմ կը փափաքինք բացայայտել գայթակղեցուցիչ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ՝ Մալթայի դրամատան մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներու գումարներուն մասին:
Հետաքրքրական է, որ Մալթայի վարչապետ Ժոզեֆ Մուսքաթ գտնուած է Ատրպէյճանի ելեւմտական գայթակղութիւններու կեդրոնը: Լոնտոնի «Կարտիըն» թերթը անցեալ շաբաթ տեղեկացուցած է, որ Մուսքաթի կինը՝ Միշէլ, մեծ գումարներ ստացած է նախագահ Ալիեւի դստեր Լէյլա Ալիեւայի կողմէ:
Մալթայի հետաքննող լրագրող Տաֆնէ Քարուանա Կալիցիա բացայայտած է «վարկերու ձեւով շարք մը վճարումներ, որոնք ուղարկուած են «Էկրանթ» (Փանամայի մէջ արձանագրուած գաղտնի ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Մալթայի վարչապետի տիկնոջ): Ամէնէն մեծ գումարը՝ 1,07 միլիոն տոլար, կ՛ենթադրուի, որ փոխանցուած է անցեալ տարուան Մարտին: Ըստ պնդումներու՝ գումարները փոխանցուած են Pilatusի դրամատնային հաշիւէն, որ կը պատկանի Al Sahra FZCOի: Կ՛ենթադրուի, որ Al Sahraի սեփականատէրը Ատրպէյճանի ղեկավար Իլհամ Ալիեւի դուստրն է»,- կը գրէ «Կարտիըն»:
Մուսքաթ եւ կինը կը հերքեն, որ «Էկրանթի» հետ կապուած վճարումներ ստացած են:
Յատկանշական է, որ Մալթայի նոր ելեկտրակայանի բաժնետէրներէն մէկը Ատրպէյճանի պետական նաւթային ընկերութիւնն է: Pilatus դրամատնային հաշիւներէն մէկը Մալթայի ուժանիւթի նախարար Քոնրատ Միցիի անունով է, իսկ միւսը՝ նախագահ Ալիեւի դստեր՝ Լէյլա Ալիեւայի: Միցի եւ Մալթայի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Քիթ Շեմպրի «Փանամայի մէջ արձանագրուած երկու ընկերութիւններ հիմնած են 2013ին, պաշտօն ստանձնելէ չորս ամիս անց: Երրորդ գաղտնի ընկերութիւնը՝ «Էկրանթ», ստեղծուած է նոյն ժամանակ, մալթացի միեւնոյն հաշուապահին կողմէ»: Վարչապետ Մուսքաթ եւ կինը 2014ին հիւրընկալած են Ալիեւները, Մալթա կատարած անոնց այցելութեան ընթացքին:
2005ին նախագահ Ալիեւի կինը՝ Մեհրիպան Ալիեւա, որ վերջերս իր ամուսնոյն կողմէ նշանակուեցաւ Ատրպէյճանի փոխ-նախագահ, որպէս անոր հնարաւոր իրաւայաջորդը, ծանօթ է իբրեւ Փանամայի UF Universe հիմնադրամի երկու ղեկավարներէն մէկը, ըստ «Փանամայի փաստաթուղթերու», որոնք հրապարակուած էին Հետաքննող Լրագրողներու Միջազգային Ընկերակցութեան կողմէ (ICIJ): «UF Universe Հիմնադրամը ամբողջական վերահսկողութիւն ունէր ատրպէյճանական AtaHolding դրամական մեծ կուտակման վրայ: 2005ին նախագահ Ալիեւի երեք երեխաները, ի լրումն Ատրպէյճանի հարկային ծառայութեան բարձրաստիճան անդամներու, հռչակուեցան որպէս շահառուներ…: Բացի այդ, Ալիեւի դուստրերը կը վերահսկեն Փանամայի մէջ արձանագրուած ընկերութիւն մը եւ երկու այլ ընկերութիւններ բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներու մէջ: Փանամական ընկերութիւնը զգալի բաժնետոմս ունի Ընկերութիւններու Համախմբման մէջ, որ Ատրպէյճանի մէջ կը զբաղի ոսկիի հանքերու շահագործմամբ: Ալիեւի քոյրը միակ բաժնետէրն ու սեփականատէրն է բրիտանական Վիրճինեըն կղզիներու մէջ 2005 Դեկտեմբերին արձանագրուած ընկերութեան մը: Գրանցման փաստաթուղթերու մէջ անոր հասցէն նշուած է Լոնտոնի արեւմտեան շրջանը, ուր տուներու միջին գինը կը հասնի 9 միլիոն տոլարի»:
2017ի Մայիս 9ին հրապարակուած յօդուածի մը մէջ, «Կարտիըն» նաեւ տեղեկացուցած է, որ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները «բացայայտօրէն պահանջած են [վարչապետ Մուսքաթի] հեռացումը՝ կաշառակերութեան աճող գայթակղութեան, անոր կնոջ ներգրաւուածութեան, փանամական գաղտնի ընկերութեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի դստեր կողմէ ենթադրեալ վճարումներու պատճառով: Եւրոպական Խորհրդարանի Հետաքննութեան Յանձնաժողովը Մուսքաթը հրաւիրած է Սթրազպուրկի նստավայրը՝ անոր ուղղուած մեղադրանքներուն վերաբերեալ ցուցմունք տալու համար, սակայն Մուսքաթ մերժած է հրաւէրը»: Հետաքննող լրագրող Կալիցիա տեղեկացուցած է, թէ կին մը, որ աշխատած է որպէս Pilatus դրամատան սեփականատէր Սէյիտ Ալի Սատր Հաշեմինեժատի օգնական, չհրկիզուող պահարանի մէջ յայտնաբերած եւ պատճէնահանած է Միշել Մուսքաթի անունով արձանագրուած դրամատնային հաշուի ձեւակերպման փաստաթուղթերը: Օգնականը յայտնած է թղթակիցին, որ «անոր տուած են ընկերութիւններու ցանկ մը, թերեւս ութ կամ տասը անուն եւ ըսած, որ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ ատոնց վճարման գործարքներուն: Անոնց շարքին էին Willerby Inc.ը, Tillgate Inc.ը, Hearnville Inc.ը, Egrant Inc.ը եւ Al Sahra FZCOը», ընկերութիւն մը, որ կը պատկանի Լէյլա Ալիեւային՝ նախագահ Ալիեւի դստեր՝ ըստ Times of Maltaի: Օգնականը ըսած է, որ ինք տեսած է դրամատնային հաշիւներ բանալու պաշտօնաթուղթները: «Al Sahra FZCOի հարիւր հազարաւոր տոլարներու վճարումները մշտապէս նշուած են որպէս վարկային վճարումներ եւ չեն փոխանցուած Pilatus դրամատան մէջ պահ դրուած անոնց հաշիւներուն, այլ՝ փոխանցուած են Տուպայի մէջ ունեցած հաշիւներուն…:
«Անգամ մը,- ըսած է ան,- դրամատան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ղանպարի հրահանգներ ստացած է Հաշեմինեժատէն՝ մօտ 400 հազար տոլարի գումար փոխանցելու մալթացի կնոջ մը, որ կ՛ապրի Նիւ Եորքի մէջ եւ ունի ոսկերչական գործարք: Այդ փոխանցումը պէտք է նշուէր որպէս վարկային վճարում»: Օգնականը խոստովանած է, որ ան դրամատան իր պատճէնահանած փաստաթուղթերը յանձնած է Մալթայի իշխանութիւններուն, քանի որ «Ես այլեւս չէի կրնար հանդուրժողութեամբ կարդալ այդ կեղծիքները, ժխտումները եւ կիսաճշմարտութիւնները: Այդ բոլորը չափազանց շատ էին…»: