Երեքշաբթի ուշ գիշերին, Պելոռուսիա Ատրպէյճանին արտայանձնեց պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինը: ԱՓԱ լրատու գործակալութեան փոխանցումով` Լափշին Պաքուի օդակայանէն տեղափոխած են Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները:
Նոյն երեկոյեան, Պելոռուսիոյ Գերագոյն Դատարանը մերժած էր պլոկըրին բողոքարկումը: Բողոքարկումի մերժման որոշումին յաջորդած է այդպիսով Լափշինը Ատրպէյճանին յանձնելու մասին որոշումը:
Պելոռուսիոյ Գերագոյն Դատարանը մերժեց Լափշինի բողոքարկումը
Պելոռուսական «Սփութնիք»ը կը հաղորդէ, որ Պելոռուսիոյ Գերագոյն Դատարանը մերժած է Ռուսիոյ քաղաքացի, յայտնի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինի բողոքը` զինք Ազրպէյճանին արտայանձնելու Պելոռուսիոյ գլխաւոր դատախազութեան որոշումին դէմ:
Պելոռուսիոյ Գերագոյն Դատարանը Լափշինի բողոքարկումը քննած է կէս ժամէն նուազ տեւողութեամբ:
Լափշինի փաստաբան Նաթալիա Շեքինա յայտնած է, որ իր պաշտպանեալը դատարանի դահլիճին մէջ չէ եղած: Ան յայտնած է, որ Լափշինի կինը դիմած է Մինսքի ներքին գործոց գլխաւոր վարչութեան քաղաքացիութեան եւ գաղթականներու բաժանմունք` պահանջելով յաւելեալ պաշտպանութիւն տրամադրել:
Բացի ատկէ, ան բողոք ներկայացուցած է Մ.Ա.Կ.ի մարդու իրաւունքներու յանձնախումբին, որ արդէն ընդունած է քննարկել բողոքը:
Պելոռուսիոյ Գերագոյն Դատարանին կողմէ Լափշինը Պաքուին արտայանձնելու մասին որոշումը օրինական նկատելու պարագային, անիկա ուժի մէջ կը մտնէ հրապարակման պահէն սկսեալ:
Ատրպէյճանի մէջ Լափշինի կը սպառնայ քրէական հետապնդում թիւ 281.2 (երկրին դէմ ուղղուած հրապարակային կոչեր) եւ 318.2 (Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի անօրինական հատում) յօդուածներով:
Երկու յօդուածներուն հիման վրայ՝ Լափշին կրնայ մինչեւ հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ: Ան Ատրպէյճանի կողմէ կը փնտռուի Ապրիլ 2011ին, Հոկտեմբեր 2012ին եւ Յունիս 2016ին Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու, ինչպէս նաեւ՝ իր պլոկին մէջ Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը քննադատելու համար: Ատրպէյճան 2011ին զինք ներառած էր իր կողմէ փնտռուող անձերու ցուցակին մէջ:
Ատրպէյճան Պելոռուսիոյ իշխանութիւններէն կը պահանջէ Լափշինը արտայանձնել իրեն: