Եւ­րո­խոր­հուր­դի լրագ­րու­թեան եւ լրագ­րող­նե­րու ա­պա­հո­վու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան խթան­ման մար­մի­նը ­­Մարտ 7ին յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծած է՝ ա­հա­զանգ հնչեց­նե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ բան­տար­կո­ւած ռուս-իս­րա­յէ­լա­ցի լրագ­րող Ա­լեք­սանտր ­­Լափ­շի­նի սպառ­նա­ցող դա­տա­վա­րու­թեան առն­չու­թեամբ:
Եւ­րո­խոր­հուր­դի կայ­քը կը յի­շեց­նէ, թէ ­­Լափ­շին ձեր­բա­կա­լո­ւած է ­­Մինս­կի մէջ, 2016ի ­­Դեկ­տեմ­բեր 15ին, Ատր­պէյ­ճա­նի դի­մու­մին հա­մա­ձայն, իսկ ­­Փետ­րո­ւար 7ին ար­տա­յանձ­նուած է ­­Պա­քո­ւի։ ­­Լափ­շին կրնայ ութ տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւիլ՝ 2011ի Ապ­րի­լին, 2012ի ­­Հոկ­տեմ­բե­րին եւ 2016ի ­­Յու­նի­սին Ար­ցախ այ­ցե­լե­լուն, «հա­կա­պե­տա­կան կո­չեր» հնչեց­նե­լուն եւ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը քննա­դա­տե­լուն հա­մար: