Կիրակի՝ 19 Մարտ 2017ին, Ալեքսանտրուպոլսոյ ազգասէր ու եկեղեցասէր հայութիւնը ապրեցաւ գեղեցիկ ու ոգեւորիչ օր մը։ Նախաձեռնութեամբ տեղւոյն Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին, պատմական եկեղեցւոյ ներքնամասը նախորդ շաբաթներուն լրիւ նորոգուեցաւ։ Ընդառաջելով հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի փափաքին՝ Աստուածահաճոյ այդ աշխատանքին ծախսերը հոգացին պոլսաբնակ տէր եւ տիկ. Մկրտիչ եւ Սօնա Սերթշիմշէկ։ Աշխատանքի աւարտին Թաղային Խորհուրդը Կիրակի օրուան համար կազմակերպեց յատուկ ձեռնարկ մը։ Սուրբ Պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւը։ Ս. խորանին վրայ սպասարկեցին Պոլիսէն այցելութեամբ քաղաքս ժամանած բարեշնորհ սարկաւագներ Լեւոն Գույումճեան եւ Արամ Պարոնեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան, կուսակցութեան շրջանի պատասխանատու պրն. Հայկ Չիչէկեան, Միջ-թաղայինի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, Քսանթիի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Թագւոր Քարաօղլանեան, տեղւոյն Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Գրիգոր Գուրպանեան եւ անդամներ, Հայ Գթութեան Խաչի եւ Համազգայինի անդամներ, մեծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ եւ Պոլիսէն նուիրատու ընտանիքը։
Արարողութեան աւարտին, Տէր Պարէտ Քահանայ դասին մէջ կանգնելով ներկաներուն ուղղեց իր խօսքը։ «Այսօր իւրայատուկ օր մըն է ընդհանրապէս արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ հայութեան համար եւ ի մասնաւորի Ալեքսանտրուպոլսոյ հաւատացեալներուն համար։ Աստուծոյ տունը՝ եկեղեցին անգամ մը եւս նորոգուեցաւ։ Աստուծոյ տան մասին շատ անգամներ ակնարկութիւն եւ արտայայտութիւն եղած են Ս. Գիրքին մէջ։ Օրինակներէն մին կ’ըսէ, թէ Յիսուս իր Հօրը տունը՝ տաճարը շուկայի վերածած վաճառականներէն մաքրեց եւ դարձեալ աղօթատեղիի վերածեց։ Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է եւ բոլոր մարդոց համար, բայց միւս կողմէ որեւէ մարդու սեփականութիւնը չէ ան։ Այսինքն՝ մե՛նք եկեղեցւոյ կը պատկանինք եւ ոչ հակառակը։ Առաւել եւս մեր եկեղեցին, մեր ժողովուրդի պատմութեան ու գոյատեւման կարեւոր մէկ մասնիկն է, որուն մաս կը կազմենք մենք բոլորս։
«Եկեղեցին կը բաժնուի երկու մասերու. հոգեւոր եւ նիւթեղէն։ Երկուքն ալ ըստ կարգի եւ ժամանակի կարիքը կ’ունենան անհրաժեշտ նորոգութեանց։ Այսօր մեր եկեղեցւոյ նիւթեղէն բաժինը նորոգուեցաւ՝ շնորհիւ Թաղային Խորհուրդին եւ նուիրատու Սերթշիմշէկ ընտանիքին։ Պրն Մկրտիչն ու տիկ. Սօնան պոլսահայ իրականութեան մէջ լայն ծանօթութեան ու յարգանքի արժանացած ազգայիններ են։ Անոնք իրենց նիւթաբարոյական անվերապահ աջակցութիւնը բերած են ու տակաւին կը շարունակեն, Հայաստանէն ներս եւ սփիւռքի տարածքին բազմաթիւ եկեղեցիներու շինութեան կամ նորոգութեան, ինչպէս նաեւ սպասներու ապահովման նուիրական աշխատանքին։ Կարելի չէ պատկերացնել եւ բացատրել սոյն ծառայասէր ընտանիքի ուրախութիւնը Աստուծոյ տունը նորոգելու մեր խնդրանքին առթիւ։ Նորոգչական աշխատանքէն անկախ, անոնք անցեալ տարի Գավալայի, Գոմոթինիի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ մեր եկեղեցիներուն նուիրեցին մեծ թիւով սպասներ։ Կարգը հիմա Քսանթիին է։ Ազգասէր ու եկեղեցասէր ընտանիքը կը հետեւի Աստուծոյ պատուէրին, ըստ որում այն ինչ որ թագաւորին կը պատկանի՝ կու տան թագաւորին, իսկ այն ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի՝ կու տան Աստուծոյ»։
Աւարտին, Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան, յանուն թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեանին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատու եւ իր ընտանեկան բարեկամին Սերթշիմշէկ ընտանիքին, մաղթելով անոնց քաջառողջութիւն, յարատեւ նուիրում ու նորանոր յաջողութիւն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պոլսաբնակ տէր եւ տիկ. Գրիգոր եւ Անի Գուրթեանին. որոնք նուիրեցին խորանի մէկ մեծ եւ երկու փոքր վարագոյրներ։ Շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ նաեւ պրն. Արթիոմ Մանուկեանին, որ բծախնդրութեամբ հետեւեցաւ նորոգչական աշխատանքներուն եւ սիրայօժար կատարեց եկեղեցւոյ նստարաններու եւ պատուհաններու նորոգութիւնը։
Ետքը խօսք առաւ տիկ. Զապէլ Այվազեան։ Ան յանուն Ազգային Վարչութեան մեծապէս գնահատեց Սերթշիմշէկ ընտանիքի բարերար ծառայութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ։ Ծառայութիւն ոչ միայն նիւթական աջակցութեամբ, այլ հաւատքի զօրութեամբ ու մասնակցութեամբ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Մկրտիչին ու տիկ. Սօնային, արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ մեր եկեղեցիներուն հանդէպ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու օգտակարութեան համար։
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, սրահին մէջ կատարուեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն, որմէ ետք Թաղային խորհուրդը իր հիւրերը պատուեց պաշտօնական ճաշկերոյթով։
Ալեք.պոլիս, 20 Մարտ 2017