21 Փետրուարի այս օրը, 115 տարի առաջ, Թիֆլիսի մէջ վախճանեցաւ հայ մտքի երախտաւոր մշակներէն Ալեքսանդր Երիցեան։ Երկարատեւ հիւանդութեան հետեւանքով՝ 61 տարեկանին, մեր աշխարհէն հեռացաւ արժանաւոր հայ պատմաբանը, հնագէտն ու ընկերաբանը՝ անաւարտ ձգելով տասնամեակներու ընթացքին իր հաւաքած եւ մշակած արխիւային նիւթերն ու քննական ուսումնասիրութիւնները հայոց սերունդներուն աւանդ յանձնելու գիտական աշխատանքը։
Թիֆլիսահայ իրականութեան հարազատ ներկայացուցիչներէն եղաւ ցարական կառավարութեան շարքային պաշտօնեայ Դաւիթ Երիցեանի որդի Ալեքսանդրը։ Ծնողքը Սանահին գիւղէն էին եւ հաստատուած էին Թիֆլիս, ուր եւ լոյս աշխարհ եկաւ Ալեքսանդր 24 Հոկտեմբեր 1841ին։ Ընտանիքին նիւթական անձուկ պայմանները եւ ի ծնէ Ալեքսանդրի ունեցած սրտի արատի հիւանդութիւնը խանգարեցին բարձրագոյն ուսման հետեւելու անոր ցանկութիւնը։ Բաւարարուեցաւ Ներսիսեան վարժարանի եւ Թիֆլիսի ռուսական գիմնազիայի ջամբած կրթութեամբ, բայց ինքնաշխատութեամբ եւ ինքնազարգացման անխոնջ մղումով կրցաւ յաղթահարել մասնագիտական պատրաստութենէ զրկուելու բացը։
Ան դարձաւ հայ պատմաբանասիրական արդի դպրոցի ռահվիրաներէն մէկը՝ հոգեւորական պատմաբանասէրներու դասական մօտեցումներէն անդին անցնելով եւ իր կարեւոր տեղը գրաւելով գիտաքննական ուղղութեան հիմնադիրներու փաղանգին մէջ։
Ալեքսանդր Երիցեանի գիտական եւ մտաւորական զարգացման մեծապէս օգնեց նաեւ իր կազմաւորման ժամանակաշրջանը՝ 19րդ դարու երրորդ քառորդը, որ յատկանշուեցաւ Եւրոպայի արեւմուտքէն մինչեւ Ռուսաստան եւ Թուրքիա ազատական գաղափարներու յաղթարշաւով։ Թէեւ Ա. Երիցեան աւանդապաշտ եւ պահպանողական մտածողութեան տէր մարդ էր, բայց միաժամանակ ազատական գաղափարները հոգեհարազատ գտաւ եւ իւրովի համադրեց աւանդականն ու նորարարականը։ Մինչ մէկ կողմէ դէմ էր հայ գիւղն ու ընդհանրապէս հայ հասարակութեան աւանդական հիւսուածքը ուծացման տանող օտարամուտ ազդեցութիւններուն, միւս կողմէ սակայն նաեւ բաց եւ ընկալունակ միտք էր այն բոլոր բարեկարգումներուն նկատմամբ, որոնք ի վիճակի էին լուծելու հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ընկերային դժուարութիւնները՝ մշակելի հողերու ընդարձակման, ոռոգման եւ արգասաւորման ապահովումէն մինչեւ կրթական ցանցի ընդլայնումը եւ սերունդներու բազմակողմանի զարգացումը։
Հակառակ իր առողջական վիճակի կաշկանդումներուն, Ալեքսանդր Երիցեան երիտասարդ տարիքէն նետուեցաւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան ասպարէզ։ 1866ին հիմնեց «Վաճառական» թերթը՝ Գ. Տէր-Աղեքսանդրեանի հետ գործակցաբար։ Կանոնաւոր աշխատակցութիւն ունեցաւ ժամանակի հայ մամուլին՝ ինչպէս «Կռունկ Հայոց Աշխարհի», «Մեղու Հայաստանի», «Արձագանգ», «Մուրճ», «Փորձ» եւ ռուսալեզու «Կաւկազ»։
1877-1878ի ռուս-թրքական պատերազմին, յատուկ գործերու յանձնակատար նշանակուեցաւ ռուսական յաղթական բանակի հայազգի զօրաւարներ Լորիս-Մելիքովի եւ Բ. Շելկովնիկովի կողքին։ Իսկ պատերազմի աւարտէն ետք պետական ծառայութեան կոչուեցաւ Ցարական Կայսրութեան պետական կալուածոց նախարարութեան մէջ։ Իր այդ հանգամանքով ոչ միայն գործօն դեր ունեցաւ Անդրկովկասի ժողովրդագրական եւ ազգագրական քարտէսի մանրամասն պատրաստութեան մէջ (Ղազախի շրջանը յանձնուեցաւ անոր), այլեւ մօտէն իրազեկ դարձաւ արխիւային նիւթերու պահեստներուն եւ մաս կազմեց հնագիտական թէ հետազօտական արշաւախումբերու։ Յատկապէս արշաւախումբերու հետ մնայուն շրջագայութիւնները յոգնեցուցին զինք եւ արագացուցին անոր առողջական վիճակին քայքայումը, որուն հետեւանքով 1886ին հրաժարեցաւ պետական ծառայութենէն, մնաց տուն եւ իր կեանքի մնացեալ 15-16 տարիները ամբողջութեամբ նուիրեց գիտական աշխատանքի։
Թէեւ ազգային-քաղաքական կողմնորոշումով Ալ. Երիցեան միշտ հեռու մնաց գործօն մասնակցութենէ իր ժամանակաշրջանին խմորուող կուսակցական շարժումներէն, բայց հետեւողականօրէն հանդէս եկաւ արեւմտահայոց ազգային-ազատագրական շարժման թափ տալու դիրքերէն՝ խիստ քննադատութեան ենթարկելով ոչ միայն եւրոպական մեծ տէրութեանց գաղթարարական քաղաքականութիւնը տարածաշրջանէն ներս, այլեւ Ցարական Կայսրութեան նեղ-ազգանամոլ վերաբերումը Հայկական Հարցին նկատմամբ։
Հայ մեծանուն գիտնական՝ լեզուագէտ ու պատմաբան Ստեփանոս Մալխասեան, որ Ալեքսանդր Երիցեանի գործին ու արժէքին հիացողներէն էր, դիտել կու տայ, որ մինչեւ 1886 Երիցեանի հրատարակած յօդուածները եւ ուսումնասիրութիւնները պարզապէս նախերգանքն էին այնուհետեւ անոր աւարտած ու հայերէնով թէ ռուսերէնով հրատարակած աշխատասիրութիւններուն։
Իբրեւ հնագէտի՝ Ալ. Երիցեանի կարեւորագոյն յայտնագործումներէն մէկը կը նկատուի հետազօտումը պրոնզէ երկու դարաշրջաններու կազմաւորման Անդրկովկասի մէջ։
Իբրեւ ազգագրագէտի՝ Երիցեան մեծարժէք նիւթեր հաւաքած, մշակած ու հրատարակութեան յանձնած է Անդրկովկասի տարբեր ազգերու եւ ժողովուրդներու ընկերային-տնտեսական կազմաւորման ու զարգացման վերաբերեալ։
Իսկ իբրեւ հայ պատմաբանի եւ ընկերաբանի՝ Ալեքսանդր Երիցեանի կարեւորագոյն գործը կը հանդիսանայ 1895-1896 թուականներուն լոյս տեսած «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ Կովկասի Հայք XIX դարում» երկհատոր աշխատասիրութիւնը։
Անհրաժեշտ չափով ուսումնասիրուած եւ արժեւորուած չեն կեանքն ու գործը 21 Փետրուար 1902ին մահացած հայ ժողովուրդի երախտաւոր այս պատմաբանին, հնագէտին եւ ընկերաբանին։ Ան ունեցաւ միայն մէկ որդի՝ Գարեգին Երիցեան, որ Ս. Փեթերսպուրկի համալսարանը պատուոյ յիշատակութեամբ աւարտած մշակոյթի հռչակաւոր գործիչ մը եղաւ։
Իր 26 Փետրուար 1902ի համարով, այդ ժամանակի արեւելահայ մեծագոյն օրաթերթը հանդիսացող «Մշակ»ը կարեւորութեամբ անդրադարձած է 24 Փետրուարին, Թիֆլիսի մէջ, տեղի ունեցած Ալեքսանդր Երիցեանի ազգային ու պետական շուքով յուղարկաւորութեան։ Ժամանակի հայ, վրացի, ռուս եւ թաթար հեղինակաւոր դէմքեր ներկայ գտնուած են անոր թաղման, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկ անձամբ դամբանական խօսած է։ Ալ. Երիցեանի մարմինը իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ Խոջեվանքի գերեզմանատան մէջ, Րաֆիի եւ Ծերենցի դամբարաններէն ոչ շատ հեռու։
Հայկական բանասիրութեան մեծ երախտաւորին գիտական աշխատանքին գաղափարական կտակը ընթերցողին հասանելի դարձնելու մտօք՝ կու տանք հատուած մը Ս. Ս. ՀԱՄԱՄԵԱՆի մենագրութենէն.
«Երիցեանը անդրադարձել Է հայ տպագրութեան եւ մամուլի պատմութեան հարցերին։ Նա նշում Էր, որ մամուլը պիտի ունենայ դաստիարակչական նշանակութիւն, նրանում չպէտք Է տեղ գտնեն կեղծաւորութիւնն ու ստախօսութիւնը, խարդախութիւնն ու կիրքը, մամուլը պէտք Է լինի մի հայելի, «որի մէջ երեւում է ազգի ոչ միայն արտաքին դէմքը եւ գծաւորութիւնը, այլեւ ներքին տրամաբանութիւնն ու հոգին»։
«Երիցեանը գրեց մի շարք աշխատութիւններ նաեւ հայ դպրոցի մասին։ Նա դպրոցը համարում Էր ժողովրդի մտաւոր զարգացման ջերմաչափ, լուսաւորութեան տաճար, հասարակութեան դաստիարակութեան եւ կրթութեան լաւագոյն օջախ եւայլն։ Նա գտնում Էր, որ դպրոցներում պէտք Է աշխատեն բարձրորակ ուսուցիչներ, իսկ դասաւանդումը տարուի խելացի ծրագրով։
«Ի տարբերութիւն Մ. Մսրեանի սխոլաստիկ (գրքունակ) ուսուցման, Երիցեանը ուսուցիչներից պահանջում Էր.- «Էնպէս սովորեցրէք, որ աշակերտն ուսումնարանն աւարտելուց յետոյ, ուսումնարանում չթողնի իր բոլոր սովորածը ու աշխարհումն նորից հարկադրուած չլինի սովորելու կեանքին հարկաւոր բաներ, Էնպէս արէք, որ նրանց ամէն առարկայ սովորեցնելիս, մեր կեանքին յարմարեցնէր, որ ամէն առարկայ նրան ճիշտ տեղեկութիւններ տայ աշխարհի մասին եւ ամէն մէկ գիտութիւն լինի կեանքի համար օգտաւէտ եւ ոչ թէ գիտութիւնը սովորել միայն գիտենալու համար»։
«Երիցեանը հասկացաւ Թուրքիայի կառավարող շրջանակների հայերի նկատմամբ տարած կործանարար քաղաքականութեան էութիւնը եւ իրաւացիօրէն քննադատեց այն օրէնքները, որոնք կեղծ հաւասարութիւն էին քարոզում քրիստոնեաների եւ մահմեդականների մէջ։ Պատմաբանը գրում էր.- «Չորս հարիւր տարուայ սովորութիւնները մի րոպէի մէջ չեն վերացուի, չորս հարիւր տարուայ խոցերը մի ժամուայ մէջ անկարելի է բժշկել:
Քննադատելով Չամչեանին այն բանի համար, թէ «նրա գրած պատմութիւնը տիրող անձանց յաջողութիւնների պատմութիւն է, բայց ո՛չ ազգի ներքին կենաց», Երիցեանը տարբեր֊ուեց իրեն նախորդած պատմաբաններից նաեւ նրանով, որ ուշադրութիւն դարձրեց հայ հասարակութեան «ներքին կենաց» վրայ:
«Նա առաջինը ցոյց տուեց Ղազախի եւ Բորչալուի գաւառներում գոյութիւն ունեցող հողատիրութեան պատկերը, գիւղացիութեան սակաւահողութիւնը, նրա ճնշումն ու հարստահարումը իշխանութիւնների ու կալուածատէրների կողմից։ Պատմաբանը արձանագրեց գիւղատնտեսութեան յետամնացութիւնը եւ իրաւամբ նկատեց, որ այդ յետամնացութեան պատճառներից մէկն էլ հանդիսանում է գիւղացիների սակաւահողութիւնն ու նրանց հարկային ծանրաբեռնուածութիւնը»։
Ալեքսանդր Երիցեան 1841-1902
Ալեքսանդր Երիցեան (1841-1902). Երախտաշատ պատմաբանը, հնագէտը եւ ընկերաբանը Ն.