Մեր թերթի համացանցային էջի (www.azator.gr) այցելուները,1 Յունուար 2017էն սկսեալ, արդէն վարժուած են տեսնելու նորոգուած մեր կայքէջին մէջ հրատարակուած նիւթերը։ Ա՛յն, որ մեր այցելուներուն համար շատ հետաքրքրական եւ ուսումնասիրելի է, հրապարակուած տուեալներն են, որ կը փոխանցուին խմբագրութեան կողմէ՝ նոր կայքէջի ընձեռած հնարաւորութիւններուն միջոցաւ։
Այդպէ՛ս, 1-31 Յունուար 2017ին, մէկ ամսուան ընթացքին, կայքէջը 8255 հոգիի այցելութիւնը ապահոված է (ըստ համակարգիչներու IP տարբեր հասցէներու), որոնք աւելի քան 21.000 «քլիք» կատարած են, հրատարակուած նիւթերուն վրայ։
Հետաքրքրական տուեալներու շարքին կարելի է արձանագրել նաեւ, թէ այցելուներու աշխարհագրական բաժանումը բաւական ընդարձակ է։
Յունաստանէն՝ 3667 հոգի, Ֆրանսայէն՝ 1103 (Փարիզէն յատկապէս 962), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ 889, Հայաստանէն՝ 576, Լիբանանէն՝ 237։ Այդ երկիրներու շարքին, թէեւ այցելուներու փոքր թիւերով, կարելի է տեսնել Պանկլատէշը, Հոլանտան, Սուրիան, Աւստրալիան, Անգլիան, Մեքսիքոն, Ինտոնէզիան, Ատրպէյճանը, Գերմանիան, Ռուսաստանը, Թուրքիան, Կիպրոսը եւայլն։
Յաւելեալ նշենք, թէ տարիքային բաժանումները եւս ուսումնասիրելի պատկեր կը ներկայացնեն։ Այսպէ՛ս. 25-34 տարեկան մարդոց խումբը ամէնէն բարձր ցուցանիշը կազմած է՝ 33,50 առ հարիւրով։ Կը յաջորդէ 18-24 տարեկան մարդոց խումբը՝ 27,50 առ հարիւրով։
Մեր այցելուներէն մաս մըն ալ «Ազատ Օր»ի կայքէջին հասած է մեր պաշտօնակից թերթերու յղումներուն միջոցաւ, ուր առաջին կարգին են Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթէն եկած յղումները, ապա՝ Հայաստանի «Երկիր Մետիա»ն։
Ինչ կը վերաբերի Յունաստանի տարածքին բացայայտուած թիւերուն՝ ըսենք, թէ Աթէնքէն 1726 այցելու եղած է, Գոքինիա-Փիրէա՝ 393, Ախարնէ՝ 147, Նէա Էրիթրէա՝ 59, Փերիսթերի՝ 32, Գոզանի՝ 20, Քիլքիս՝ 8։ Այցելուներու փոքր թիւեր կը տեսնենք նաեւ Խանիա, Իրաքլիօ, Խիոս, Քասթորիա, Քերքիրա, Քոս, Թրիքալա եւայլն։
Արդիականութեան եւ արհեստագիտական նորարարութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները վստահաբար լաւ գործիք մըն են մեր ընթերցողներու ձեռքին եւ գոհունակութեամբ կը նշենք այս տուեալը։ Խմբագրութիւն-ընթերցող մեր կապը պահպանելու ելեկտրոնային այս ձեւը՝ լաւ ու խոստմնալից սկիզբ մը կը նկատենք, որու զարգացման վրայ անշուշտ յաւելեալ ճիգեր պիտի գործադրէ խմբագրութիւնը։
«Ազատ Օր»ի նորոգուած կայքէջ
«Ազատ Օր»ի նորոգուած կայքէջը մէկ ամսուան մէջ աւելի քան 21.000 «քլիք» կեդրոնացուց