Ցաւով կ՚ուզեմ յիշեցնել մեր կազմակերպութիւններուն, թէ Յուլիս 25ը մեր ազգային հերոսական գործողութիւններէն մէկուն տարեդարձի օրն է, որուն մասին սակայն, այսօր, դժբախտաբար մեր երիտասարդներէն շատերը չեն գիտեր, որովհետեւ տարիներէ ի վեր դադրած ենք Խանասորի Արշաւանքին օրը՝ Յուլիս 25ը տօնելէ։
Այսօր մեկնող սերունդի ողջ մնացած անձերը կը յիշեն, թէ ի՜նչ դժուար վիճակի մէջ կը տօնուէր Խանասորը։ Շաբաթ մը առաջ ինքնաշարժ ունեցողներս կ՚երթայինք Մարադօնի գիւղը, ուր գիւղացի մը մեծ տակառներով գինի կը վաճառէր։ Կը սակարկէինք հետը, որպէսզի Խանասորի օրը մեծ տակառներով համով այդ գինիէն շատ բերէ մեզի։
Իսկ հիմա գործը շատ դիւրին է, որովհետեւ ամէն մէկ հայու տան մէջ քանի մը ինքնաշարժ կայ, որով ամէն մէկ ընտանիք կրնայ, իր ճաշը եւ քանի մը շիշ խմիչքը առնելով, ընտանեօք որոշուած վայրը գալ…
Ամբողջ հայութեամբ միասին ուրախ օր մը կ՚անցընենք՝ Խանասորի մասին կը տեղեկանանք, տօնական մթնոլորտ մը կը վայելենք եւ վերջը ուրախ ու զուարթ կը վերադառնանք մեր տուները։
Խանասորի հերոսներն ալ գոհ կը մնան…
ՊԵՐՃ Գ.