Մեր թերթը երէկ թեւակոխեց «Ազատ Օր» անունով իր հրատարակութեան 75րդ տարին։
«Նոր Օր» անունով 1923ի Մարտ 25ին ճամբայ ելլելէ աւելի քան քսանամեակ մը ետք, Համաշխարհային Բ. Պատերազմի աւարտին՝ 25 Փետրուար 1945ին, յունահայ գաղութի յառաջապահ եւ առաջնորդող մեր թերթը իր ընթերցողներուն ներկայացաւ «Ազատ Օր» վերանուանումով։
Եթէ անցեալ դարու քսանականներու սկզբնաւորութեան մեր թերթը հայ ժողովուրդի տարագիր հատուածին «Նոր Օր»ը աւետելու եւ հունաւորելու առաքելութեամբ գործի լծուած էր, ապա 1945ին արդէն ինքզինք կը զինուորագրէր մեր գաղութին ազատ մտքի եւ ազատ խօսքի անկեղծ դրօշակիրն ու ընդհանրական բեմը ըլլալու առաքելութեան եւ ծառայութեան։
Յունաստանի հայութիւնը վերիվայրումներու ամբողջ պատմութիւն մը ապրեցաւ այդ երկար ժամանակամիջոցին, զանգուածային տեղաշարժներ ունեցաւ ե՛ւ դէպի Հայաստան ներգաղթով, ե՛ւ դէպի Ամերիկաներ ու Աւստրալիա արտագաղթով։ Քանակով շատ փոքրացաւ, հայախօսութեան առումով ալ աստիճանաբար տժգունեցաւ, բայց համազգային մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն եւ Դաշնակցութեան քաղաքական-գաղափարական աւանդներուն ոչ միայն փարած մնաց, այլեւ նորովի՛ եւ իւրովի՛ վերանորոգեց ինքզինք՝ նորահաս սերունդներուն մէջ ամրապնդելով պորտակապը Հայ Մշակոյթի Կենարար Յիշողութեան եւ Հայ Դատի Պահանջատիրական Ինքնագիտակցութեան հետ։
Մեր գաղութի պարզած այսօրուան պատկերին հարազատ ցոլացումով՝ «Ազատ Օր» իր կարգին կը ներկայանայ խիտ՝ բայց առոյգ, նիւթական միջոցներու եւ մարդոյժի անձկութեան մատնուած՝ բայց իր առաքելութեան եւ ծառայութեան անմնացորդ նուիրուելու եւ հայապահպանման ու հայակերտման իր երթը անխափան շարունակելու վճռականութեամբ։
Սեփական ուժերով իր ուղին հարթելու եւ նոր ժամանակներու ոգիով իր առաքելութիւնը վերանորոգ թափով շարունակելու մեր թերթին ինքնավստահութիւնը իրեն ապաւէն եւ ուժի անսպառ աղբիւր ունի նոյնինքն մեր գաղութը, որուն ընդհանրական տենչերուն եւ երազներուն անսակարկ սպասարկողն է «Ազատ Օր»ը, նաեւ ու մանաւանդ՝ անխարդախ եւ անվեհեր հրապարակագրական առաջնորդը։
Մեր թերթը 75 տարեկան է արդէն եւ կը շարունակէ ոչ միայն հպարտութեամբ կրել ու գալիք սերունդներուն հասցնել յունահայ գաղութի հոգեմտաւոր ժառանգութեան քաղցր լուծն ու անչափ հարստութիւնը, այլեւ հանուր հայութեան հետ համազգային մեր ուղին հունաւորել դէպի Նոր Հայաստան՝ ազատ, անկախ եւ ուշ կամ կանուխ միացեալ հայութեամբ ու հայրենիքով։
«Ազատ Օր»՝ 75 տարեկան
«Ազատ Օր»՝ 75 տարեկան. Առաքելութեան եւ Ծառայութեան նոր տարի մը նուաճելու հաստատակամութեամբ