Լուսաբացին,
Լացի՜ն, լացի՜ն
Վարդերը՝ սեւ թերթեր բացին…
Լուսաբացին,
Ջինջ, լուսածին
Հաւքեր թռան լուռ, գնացին…
Լուսաբացին,
Ուռին, հացին
Առուի ափին մեղմիկ լացին…
Լուսաբացին,
Ես տուն դարձին,
Խամրած գտայ իմ սիրածին…
Լուսաբացին,
Շաղ ու թացին,
Սրտիս համար շիրիմ բացին…
Քնարական այս գողտրիկ, այլեւ սրտցաւ յուզաշխարհը մեր գրականութեան բերած է Ազատ Վշտունի գրչանունով ծանօթ հայ բանաստեղծը, որուն մահուան վաթսունամեակը կ’ոգեկոչենք Մարտ 26ի այս օրը։
1958ի այս օրը վախճանած Ազատ Վշտունին եղաւ դառն ու տխուր վկաներէն ու ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը ինչպէս հայ մարդուն, այնպէս եւ հայ գրականութեան մէջ «խորհրդայնացում»ին գործած աւերին։
Կարելի չէ մինչեւ մեր օրերը հայ մարդոց եւ ընդհանրապէս հայկական հոգեկերտուածքին մէջ յամեցող «խորհրդային ժառանգութեան» արմատական ախտորոշումը ունենալ, առանց քննելու եւ հասկնալու, թէ որքա՜ն խոր հարուածի տակ ինկաւ ազգային արժէքներու մեր բազմադարեան՝ աւանդակա՛ն համակարգը… խորհրդային ամբողջատիրութեան բրտօրէն պարտադրած «աշխարհայեացք»ին հետեւանքով։
Եւ քնարերգակ հայ բանաստեղծը՝ Ազատ Վշտունին տիպական օրինակներէն մէկը կը հանդիսանայ խորհրդային չարիքին զոհաբերուած հայկական «սրբութիւններուն», նաեւ ու մանաւանդ՝ այլասերումին։
Մէկը՝ տոհական մեր արժէքներով սնած ու արժանիքներով կազմաւորուած հայ քերթողներէն, որոնք փութացին լծուելու այսպէս կոչուած «խորհրդահայ» գրականութիւն եւ «խորհրդային հայութիւն» արմատաւորելու ցնորքին ու սնապաշտութեան։
Եւ ինչպէ՞ս։
Օրինակի համար՝ հայ գեղջուկին դարերով երգած «Եզօ ջան, ախպէր ջան»ի փոխարէն՝ Վշտունի քերթեց իրաքեան անապատներու մէջ տառապող արաբ ժողովուրդի «Ուղտ»ին հետ եղբայրանալու երգը…
Աւազանի անունով Կարապետ Մամիկոնեան՝ Ա. Վշտունի ծնած է 1894ի Յուլիս 17ին Վան, ուսուցիչի յարկի տակ։ Տարրական իր ուսումը ստացած է Վանի «Երամեան» վարժարանին մէջ, այնուհետեւ՝ աւարտած է Պոլսոյ «Կեդրոնական» վարժարանը։
Կանուխ տարիքէն ան աշխատակցեցաւ իր ծննդավայրի «Վան-Տոսպ» ու «Աշխատանք» թերթերուն՝ սէրն ու պարզ մարդոց տառապանքը երգող գողտրիկ բանաստեղծութիւններով։
1911ին մեկնեցաւ Փարիզ, ուր կահոյքի գործարանի մը մէջ աշխատելով՝ երեկոները իբրեւ ազատ ունկնդիր հետեւած էր Սորպոնի համալսարանի գրականութեան, փիլիսոփայութեան եւ հասարակական գիտութեանց դասընթացքներուն։
Պոլիսը՝ ազգային համոզումներու, իսկ Փարիզը՝ ընկերային կողմնորոշման առումով խոր ազդեցութիւն գործեցին Ազատ Վշտունիի կազմաւորման վրայ։
Օսմանեան լուծին դէմ ծառացումի եւ Հայաստանի ազատագրութեան համար պայքարի իր ներշնչումը Ա. Վշտունի ստացաւ Պոլիսէն, իսկ Փարիզեան տարիները անոր մէջ արմատաւորեցին ընկերային անհաւասարութեան եւ անարդարութեանց դէմ խոր ընդվզումը։
Փարիզը նաեւ գրական-ստեղծագործական հունաւորում տուաւ Վշտունիին։ Այդ տարիներուն իր ծաղկումը ապրող Ապագայապաշտ Դպրոցը վճռորոշ անդրադարձ ունեցաւ Ա. Վշտունիի քերթողութեան վրայ՝ ձայնային եւ յանգային ուրոյն ներդաշնակութեամբ եւ երաժշտաւորումով յատկանշելով անոր քնարերգական յուզականութիւնը։ Ահա՛ նմոյշ մը՝ «Օրհներգ Հմայքիդ» խորագրով քերթուածը.
Հասուն նռներով է այգիդ, բայց փակ դռներով է այգիդ,
Անքուն պահապանը լինեմ այգուդ ու դիւթող հմայքիդ։
Լինեմ թռվռուն մի թիթեռ, թառեմ քո փարթամ ուսերին,
Հալուեմ աչքերիդ գիշերին, ծալուեմ ծամերիդ հիւսերին։
Վարդի, կնդրուկի բոյր ունես, շրթունքս բանամ
տամ բոյրիդ,
Թէ գանձ ես ուզում՝ անձս տամ այրող մի հատիկ
համբոյրիդ։
Սրտիս թագուհին ես դիւթող, տիրել ես սրտիս
պերճ գահին,
Խղճա՜յ, կա՛մ կեանք տուր, որ ապրեմ, եւ կամ շուտ
յանձնիր ինձ մահին։
Թէ կեանք ես տալիս՝ դուռդ բաց, մտնեմ բուրաւէտ,
վառ այգիդ,
Թէ մահ տաս՝ վերջին շնչիս հետ օրհներգ կը ձօնեմ
հմայքիդ։
1914ին տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ուր աշխոյժ աշխատակցեցաւ հայ մամուլին։ Այդ շրջանին լոյս տեսած իր բանաստեղծութիւնները, ապագայ շնորհալի քերթողի մը խոստումը փոխանցող իրենց մարդկայնական խոր յուզաշխարհով եւ քնարականութեամբ, գրաւեցին Յովհաննէս Թումանեանի ուշադրութիւնը, որուն քաջալերանքով Ա. Վշտունի իր ճամբան բացաւ հայ գրականութեան մէջ։
Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումն ու հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործած ցեղասպանական մեծ ոճիրը մղեցին Ա. Վշտունին, որ միանայ Հայ Կամաւորական Շարժումին։ Ականատեսը եղաւ թրքական եղեռնագործութեան ծանրագոյն հետեւանքներուն եւ բանաստեղծի իր ներաշխարհին մէջ հայ ժողովուրդի ողբերգութիւնը մնայուն տեղ գրաւեց։ Իր այդ ապրումները Ա. Վշտունի հայ գրականութեան յանձնեց 1915ին լոյս տեսած «Կամաւորի յուշատետրից» խորագրեալ պատմուածքներու հատորով մը։
Ինչպէս Չարենցի պարագային, այնպէս ալ Վշտունիի համար 1917ի ռուսական յեղափոխութիւնը յոյսի եւ հաւատքի վերանորոգման առիթը ընծայեց։ Ազատ Վշտունին 1918ին միացաւ հայ պոլշեւիկներուն։ Այդ շրջանին աշխատեցաւ հին «Ներսիսեան Որբանոց»ին մէջ, ուր կազմեց գրական խմբակներ եւ լոյս ընծայեց «Փարոս» անունով գրական-հասարակական շաբաթաթերթ մը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1919։ 1919էն 1920, իբրեւ կոմունիստ գործիչ, Վշտունի եղաւ Ղրիմ։ 1921-1922ին, Խորհրդային Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ ուղարկուեցաւ Իրան եւ Իրաք, մօտէն հետեւելու համար հայրենադարձութեան գործին։ 1922ին, Չարենցի եւ Գ. Աբովի հետ հրապարակեց «Երեքի Դեկլարացիա»ն, որ խորհրդահայ գրականութեան հիմնադրութեան յայտարարագիրը եղաւ։ Այնուհետեւ, մինչեւ մահ՝ 1958ի Մարտ 26ը, Ազատ Վշտունի մնաց «խորհրդային պատնէշ»ի վրայ՝ թէ՛ պետական պաշտօններ ստանձնելու եւ թէ հայ գրականութիւնը «խորհրդայնացնելու» առումներով։
Վշտունի դարձաւ Արեւելքի յեղափոխականը՝ խորքին մէջ համայնավարական զարթօնքին երգիչը։ Բանաստեղութիւններու ամբողջ հատորներ՝ «Զարթնող Արեւելքի երգեր», «Սալամ-Նամէ» եւ ուրիշներ նուիրեց չինական ու հնդկական, իրաքեան եւ ատրպէյճանական «յեղափոխական» շարժումներուն։ Իսկ Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն եղաւ առաջիններէն, որ այսպէս կոչուած «Հայրենական Մեծ Պատերազմ»ի երգերը հնչեցուց՝ «Ստալին Հայրիկ»ի ներբողներով…
Ազատ Վշտունի հայ գրականութիւն մուտք գործեց «Սրտիս լարերէն», «Բերկրանք», «Փոքրիկ լրագրավաճառը» եւ «Գարնանականչ» խորագրուած քնարական, յուզիչ եւ խոհուն բանաստեղծութիւններով, բայց Հայաստանին եւ հայութեան պարտադրուած խորհրդայնացումին պատշաճելու իր կողմնորոշումով՝ հայ գրողի իր ուղիին վրայ յարդ ու որոմ ցանեց…
Յատկապէս 1921էն 1927 լոյս տեսած իր գործերը շեշտակիօրէն կը կրեն պետական պատուէր կատարողի դրոշմը։ Հայ Գրականութեան թափօններու կոյտին կը պատկանին անոնք։ Բայց խորհրդային այդ տասնամեակներուն Ազատ Վշտունի հայ գրականութեան տուաւ նաեւ իր սկզբնական շրջանին քնարականութեամբ թաթաւուն՝ սիրտ գրաւող եւ միտք յուզող բանաստեղծութիւններ, որոնք երգի ալ վերածուեցան եւ միշտ կը հնչեն հայ տղոց շրթներէն։
Ազատ Վշտունիի ոգեկոչման առիթով կատարուած այս մտորումները եզրափակելով՝ տեղին է մատնանշել, որ խորհրդայնացման աւերը ոչ միայն այլասերման տարաւ մեր բանաստեղծները, այլեւ անոնց պարտադրեց փոխադարձ պարսաւանքի ահաւոր «աւանդութիւն» մը, ինչպէս որ ստորեւ կ’երեւայ Մեծն Չարենցի կողմէ երէկուան իր գրչեղբօր հասցէագրուած փոխադարձ պարսաւագրին մէջ.
-«1922 թուին Մոսկուայում հրատարակուած իմ հատորներում, ի հարկէ, կան հայրենասիրական ռոմանտիզմի նմուշներ, բայց դրանք անմեղ բաներ են համեմատած Վշտունու զոոլոգիական, դաշնակցական ագրեսիվ նացիոնալիզմի հետ («Կամաւորի ուշատետրից» եւ այլն)»։
Նման տխուր ժամանակներու յուշատետրը կը բանայ Ազատ Վշտունիի մահուան 60րդ տարելիցին ոգեկոչումը։