­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ եւ ­Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ «­Յու­նա­հայ ա­ռեւ­տու­րի եւ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ­Պա­լատ»ի գոր­ծակ­ցու­թեամբ, ­Հա­յաս­տան ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի մաս­նակ­ցի ­Մի­ջազ­գա­յին «ΦΙΛΟΞΕΝΙΑ 2018» զբօ­սաշր­ջա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2018ի ­Նո­յեմ­բեր 9էն մին­չեւ 11, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սի սրահ»ին մէջ (ΔΕΘ):
­Ցու­ցա­հան­դէ­սին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րեն «­Յու­նա­հայ ա­ռեւ­տու­րի եւ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ­Պա­լատ»ի ան­դամ­նե­րը, ուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ պի­տի տան ­Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան յա­ռաջ­դի­մու­թեան շուրջ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­ռու­ցո­ւող նոր, ար­դիա­կան ճա­շա­րան­նե­րը եւ հիւ­րա­նոց­նե­րը: