«Անունը Կարապետ էր. զինք կը կանչէին Քարապեթիս. բոլորն ալ զինք կը ճանչնային որպէս՝ «հայը»
«Ο Αρμένης» — «Հայը»՝ թատերականացուած եւ ինքնակենսագրական երկ մըն է, որ կը պատկանի Խարա Քէօսէեանին։
Հեղինակը՝ Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ռոտոս կղզիի «Տիգրան-Երկաթ» մասնաճիւղի ատենապետուհին է, որու «Նայիրի» խորագրով վէպը ներկայացուեցաւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետական «Ղալաքսիաս» մշակութային կեդրոնին մէջ, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ Չորեքշաբթի՝ 8 Մարտին։
Թատերականացուած պատմուածքին ընդմէջէն, կը բացուին գիրքի մը էջերը եւ կը ներկայացուի իրական դէմքի մը անցեալի պատմութիւնը՝ ցեղասպանութիւն, տարագրութիւն ու գաղթականութիւն ճաշակած տասնամեակներու ոդիսականի իրար յաջորդող անորոշ, տխուր ու արկածալից հանգրուաններով։ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմը, Յունաստանի ազգամիջեան-քաղաքացիական կռիւներն ու դէպքերը, դէպի Հայաստան ներգաղթը՝ կը միախառնուին ժամանակակից գաղթականութեան տարբեր ալիքներու եւ պատմաժամանակագրային եղելութիւններու, որոնք կը ցնցեն վերջին տասնամեակներու եւ մեր օրերու ապրած Յունաստանը, որ կը փորձէ իր քաղաքական-ընկերային արեւելումի նոր դիմագիծը կողմնորոշել ու բիւրեղացնել։ Աւելին՝ ցոյց կուտայ նաեւ կեանքի քողարկուած այլ իրականութիւններ ալ, որոնց շնորհիւ «հաւաքականը» կ’ազդուի «անհատականէն», որու հետեւանքով ալ մարդիկ ու հաւաքականութիւններ կ’ազդուին, կը քայքայուին, կ’ուծանան, կ’ոչնչանան։
Ներկայացումը համեմուած էր վիտէօ-ներկայացումով, հայկական աւանդական եղանակներով, մեղեդիներով ու երգերով, ինչպէս նաեւ Հայաստանը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հայու սրտի սահմաններէն ասդին ու անդին մեզ ճամբորդող զգացապաշտութեամբ, ուժականութեամբ, յեղափոխականութեամբ։
Երգեր, տուեալներ, հայ իրականութիւնը յուշող մեզի շատ ծանօթ եւ մեր քաղաքակրթութիւնը գունաւորող ու յատկանշող ազգային ժառանգութեան վկայութիւններ, որոնք կը բարդուին իրարու վրայ եւ կ’ամբողջացնեն հայոց պատմութեան, հայ կեանքի, հայ մշակոյթի հսկայ շղթայի իրար քով շարուած օղակները։
«Ամէն ինչ սկսաւ «մեծ պատերազմին», թէեւ երբեք չկրցայ հասկնալ, թէ ո՞ր պատերազմը մեծ է եւ ո՞ր մէկը փոքր» հարց կուտայ հերոսներէն մէկը։ «Քանակի՞ն մէջ կը գտնուի էութիւնը։ Եթէ միայն իմ տունս հարթ-հաւասա՞ր եղաւ, եւ դեռ հինգ-տասը հոգիներունը, այդ պատերազմը «փո՞քր» էր, որովհետեւ կոտորուածները քի՞չ էին»…
Շարունակելով նոյն հոգեխռով տրամաբանութեամբ, հերոսին բերնին մէջ այլ խորհրդածութիւններ ալ կը դնէ, ինչպէս՝ «Ապերախտ անիծող մը չեմ, բայց պատերազմը մէկ անգամ մահ է, ցեղասպանութիւնը երկու անգամ պատերազմ է, եւ ո՛վ որ զայն ապրեցաւ մէկ անգամ, դարձեալ չի՛ վերածնիր»։ Կեանքը ճախարակի մը պէս կը քակուի.- թշուառութիւն, սովահարութիւն, տարագրութիւն, աքսոր։ Ժողովուրդ մը զարմացած, վիրաւոր, սպառնալիքի տակ ապրող, որ ալեկոծ վիճակի մէջ կը պահէ մարդոց միտքը, հոգին եւ անկէ մեկնակէտ առնելով պարտադրած տարածքային սահմանները։
«Հպարտութիւնը քիչերու համար է. շատերուն համար վերապահուած է ամօթը, ամէծքը, որովհետեւ անոնց միակ մեղքը հայ, պոնտոսցի, քիւրտ, հրեայ ծնած ըլլալն է»։
Սքանչելի դերակատարներ՝ ճկուն, կշռութաւոր խօսքով ու խաղարկութեամբ՝ Թասոս Պլածիոս (Կարապետը), որ վէպը թատրոնի վերածեց ու բեմադրեց Թանիա Քիցուի հետ։ Վուլա Փելեքանուն՝ որ մօրը, Օլղայի եւ Ատրիանայի տարբեր դերերը մարմնաւորեց։ Մարիա Քասթանի՝ զաւկին դերով։
Առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ 22 Մայիս 2015ին Փորթօ Խելիի մէջ, այնուհետեւ Թեսաղոնիկէ եւ երրորդը Մարտ 2017ին Նէա Զմիռնիի մէջ, Իզմիրի Աղէտի 95ամեակի (1922-2017) ելոյթներու ծիրէն ներս։ Աղէտ մը, որ հաւաքական յիշողութեան դուռ կը բանայ Փոքր Ասիոյ մէջ ապրած ու ստեղծագործած քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու՝ քաղաքակրթութեան, արուեստին, մշակոյթին, պատմութեան ու ազգային ժառանգութեան, որ հինը նորին եւ նորը հինին միաձուլելով կը հարստացնէ բազմազանութիւնը, բազմակարծութիւնը, զայն կենդանի պահելով մեր հոգեմտաւոր նախընտրութիւններուն ու դուռեր բանալով ստեղծագործական նոր հորիզոններու եւ բնագաւառներու մէջ՝ իրար յաջորդող առաջին, երկրորդ եւ դեռ երրորդ սերունդներուն, որոնք գիտակից նախանձախնդրութեամբ կը պահպանեն պատմական այդ կտորը, որ «չմոռցուած հայրենիք» ալ կը կոչեն, քանի անոր հողն ու ջուրը մարդոց մորթին մէջէն անցած ըլլալով, զիրենք կը փոխադրէ դէպի յաւերժութեան դարաւոր անդաստանները։ Իրաւունքի ու արդարութեան անկորնչելի գիտակցութեամբ։
Թատերական կտոր մը եւս, որ կուգայ հարստացնելու ճակատագրական ցեղասպանութեան մը պատմութիւնը եւ անոր հետեւանքները, անուն ունեցող, անուն չունեցող, կամ իրենց անունը մոռցած, կամ մոռնալ ուզող մարդոց կեանքէն, որ ժամանակին մէջ ճամբորդելով ճակատագրի անէծքը ճանչցան պատմութեան կողմէ իրենց տնօրինուած ողբերգութեան հանդէպ պարտազանց չըլլալով։
«Եթէ ներողութիւնը զղչումի ցուցանիշ է, թող հօրս համար ըլլայ»։
Ցեղասպանութիւնը կը յատկանշէ աշխարհի բոլոր հայերու վերջին հարիւր տարուան ծաւալուն պատմութեան ուրուագիծին դաժանութիւնը։ Իրենց հալածեց անցեալը։ Մաղթենք, որ ապագան աւելի լաւ ըլլայ։
Ներկայացում մը, որ անտարբեր պիտի չթողու ոեւէ հայու, որ երախտագիտութեամբ կը մօտենայ իր նահատակ պապերուն եւ յոյսով կ’ուզէ ապրիլ ապագային համար։
«Երթանք Հայաստան, զօրակցինք հայրենիքին, որպէսզի օր մը անկախ երկիր դառնայ»,- կը մտածէր Կարապետը ներգաղթի օրերուն։
Ոմանք գացին. ուրիշներ ետ մնացին։ Պատմական բնորոշիչ կէտ մը։
Հայաստանը այսօր ազատ է իր ներսի, դուրսի, մեռած թէ նահատակուած բոլոր հայերով։
Անունը Կարապետ էր, զինք կը կանչէին Քարապեթիս. բոլորն ալ զինք կը ճանչնային որպէս՝ «հայը»…։
Մարդ մը, որ իր պատկանած ազգին կենսագրութիւնը իր մէջ շալկելու պարտաւորութիւնը զգաց։