Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2022-էն մինչեւ Շաբաթ, 8 Հոկտեմբեր, Աթէնքի Լութրաքի մարզին մէջ տեղի ունեցան երկու տարին մէկ կազմակերպուող «ΛΟΥΤΡΑΚΙ 2022» համա-յունական Social Olympics մարզական խաղեր, մասնակցութեամբ Յունաստանէն եւ Կիպրոսէն մտաւոր հաշմանդամութիւն ունեցող մօտ 1000 մարզիկներ, 7 մարզաձեւերով։ Ընդհանուր թիւը 2000-էն աւելի էր։ Այս մէկը ծաւալով հսկայական ու հիանալի կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր, ուր տեղի կ’ունենային նաեւ հիանալի ուսուցողական երեկոներ։ Շատեր առաջին անգամ հասկցան թէ ի՞նչ է մարզական շունչը եւ ի՞նչ կը նշանակէ մարզիկ ըլլալ եւ 7 օր հիասքանչ ու լեցուն հեքիաթային օրեր անցնել։
Վերոյիշեալ խաղերուն, լողի մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սէրրէսի S. DOWN երեխաներու «Ջերմ գրկախառնութիւն» խումբը, որուն մաս կը կազմէ հայազգի Մարիամ Իսպիրեանը։ Երեխաները հիանալի հանդէս եկան՝ գրաւելով խմբային պատուաւոր չորրորդ դիրքը։ Իսկ Մարիամ Իսպիրեան գրաւեց 50 մեթր ազատ ձեւին մէջ երրորդ դիրք եւ 25 մեթր ազատ ձեւին մէջ 5 պատուաւոր տեղեր։ Նշենք, որ մնացած մարզիկներն ալ անհատական մրցումներուն մէջ տեղեր գրաւելով մետալներ ստացան։
Այս ուրախ առիթէն օգտուելով, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Սէրրէս այցելութեան ծիրէն ներս, բարձրօրէն գնահատեց Մարիամ Իսպիրեանը, անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ մարզական աշխարհէն ներս։ «ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
ԹՂԹԱԿԻՑ