­Տաս­նա­մեակ­նե­րու ա­ւան­դու­թիւ­նը այս տա­րի եւս շա­րու­նա­կե­լով՝ Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէու­թեան քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան «Դ­րօ» ­Խում­բի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ, կազ­մա­կեր­պե­ցին հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ե­րե­կոյ, Ա­թէն­քի համ­բա­ւա­ւոր փա­ռա­տօն­նե­րէն՝ «Ιωνικές Γιορτές»նե­րուն, զորս կը կազ­մա­կեր­պէ ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կու­թա­յին բա­ժան­մուն­քը։
Ե­րե­կոն տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 4 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, ­Նէա Զ­միռ­նիի «Ալ­սոս» պու­րա­կէն ներս։
­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քի­սի ու քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կու­թա­յին բա­ժան­մուն­քի նա­խա­գահ ­Վան­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեա­նի ար­տա­սահ­ման գտնո­ւե­լու պատ­ճա­ռով՝ ե­րե­կոն պա­տո­ւե­ցին ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ Ք­լէ­րի ­Տե­լիեան­նի, ­Նո­րա ­Ղա­լա­նո­փու­լու, ­Նա­սոս Ա­թա­նա­սիու, ­Թո­տո­րիս ­Քաս­թո­րիս, ­Նո­թիս Եան­ծի­տիս, ­Նի­քի­թաս ­Փե­րի­թո­րա­քիս։
­Հա­յու­թեան կող­մէ ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ. Կ. Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչն ու ան­դամ­նե­րը, հայ կա­թո­ղի­կէ վի­ճա­կա­ւոր ­Յով­սէփ Ծ.Վ. ­Պէ­զա­զեան, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պե­տը, Հ. Կ. ­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին եւ ­Մաս­նա­ճիւղ­նե­րու ­Վար­չու­թիւն­նե­րը ու մեծ թի­ւով հայ եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թիւն։
Ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան «Դրօ» ­Խում­բի ան­դամ ընկ. ­Մա­նու­շակ ­Կիւ­րիւն­լեան, որ ի մի­ջի այ­լոց անդ­րա­դար­ձաւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թեան, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու Զ­միւռ­նիոյ (Իզ­միր) ա­ղէ­տին, ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ու Ար­ցա­խի հար­ցի ար­դար լուծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ու, յա­ջոր­դա­բար, բեմ հրա­ւի­րեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի», «­Նա­նօր» ու «­Մա­րա­լօ» պա­րա­խում­բե­րը, պա­րու­սուց­չու­թեամբ՝ Էտ­կար Է­կեա­նի։
Ինչ­պէս միշտ, մէ­կու­կէս ժամ տե­ւող ե­րե­կոն, որ հրամ­ցո­ւե­ցաւ ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թեան, ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց, թէ սփիւռ­քի մէջ մեծ­ցած ու ապ­րող եր­րորդ ու չոր­րորդ սե­րուն­դը կը շա­րու­նա­կէ հաս­տատ մնալ ու պահ­պա­նել հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը, ինչ որ եր­կար ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով գնա­հա­տո­ւե­ցաւ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։ ­Գե­ղե­ցիկ ա­նակն­կալ մը հան­դի­սա­ցան, պա­րե­րուն մէջ ընդ մէջ, ­Մա­րիա ­Մա­նու­կեա­նի՝ Hellenic Dance Companyի ան­դամ ու ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րու­սոյց Էտ­կար Է­կեա­նի մե­նա­պա­րը, ինչ­պէս նաեւ ե­րի­տա­սարդ, տա­ղան­դա­ւոր ու խոս­տում­նա­լից ե­րա­ժիշտ­ներ ­Յով­սէփ ­Թո­փա­լեա­նի՝ կի­թար ու երգ եւ ­Ռո­զի­նա ­Մար­տի­րո­սեա­նի՝ սան­տու­րի ու երգ, մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան նմոյշ­ներ ու ի­րենք եւս լայ­նօ­րէն գնա­հա­տո­ւե­ցան շա­րու­նա­կա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ։

­Ներ­կայ մը