Հինգշաբթի՝ 2 Յունուարին, Աթէնք գտնուեցան Իսրայէլի վարչապետ Պ. Նեթանիահու եւ Կիպրոսի նախագահ Ն. Անասթասիատիս, որոնք Յունաստանի վարչապետ Ք. Միցոթաքիսի հետ ներկայ եղան «East Med» բնական կազի խողովակաշարի կառուցման միջպետական համաձայնագիրի կնքման արարողութեան։ Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ երեք երկիրներու ուժանիւթի նախարարներուն կողմէ։
Արարողութենէն ետք, վարչապետ Միցոթաքիս յայտնեց.- «East Med խողովակաշարի կառուցումը աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական մեծ նշանակութիւն ունի։ Անիկա բնական կազի փոխադրութեան ամենամեծ խողովակներէն մէկն է, որ պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։ Այս հսկայ աշխատանքը պիտի զօրացնէ Յունաստանի եւ Կիպրոսի ռազմավարական դերակատարութիւնը շրջանէն ներս»։ Աւելի կանուխ, «Զափիօ»ի մէջ տեղի ունեցաւ Կիպրոսի նախագահի եւ Իսրայէլի վարչապետին միջեւ հանդիպում, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու գործակցութեան հարցեր եւ բնականաբար՝ ուժանիւթային գործակցութիւնը։
Համաձայնագիրի կնքման արարողութենէն առաջ, Իսրայէլի վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին հետ։ Երկու ղեկավարները անգամ մը եւս հաստատեցին իրենց երկիրներու միջեւ առկայ գործակցութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ քննեցին անոր խորացման հնարաւորութիւնները բազմակողմանի ճակատներու վրայ, ինչպիսին են ռազմական ճարտարարուեստի ոլորտը, ներդրումներու ծրագիրները եւ զբօսաշրջութիւնը։
Թուրքիա. պիտի ձախողիք
Հակազդելով «East Med» բնական կազի խողովակաշարի համաձայնագիրին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աքսոյ յայտնեց, թէ որեւէ ծրագիր, որ կ՚անտեսէ Թուրքիոյ իրաւունքները բնական աղբիւրներու շահագործման համար, դատապարտուած է ձախողութեան։
«Արեւելեան Միջերկրականի բնական աղբիւրներու օգտագործման միակ ապահով եւ տնտեսապէս կայուն ճամբան կ՚անցնի Թուրքիայէն», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին
Յունական ΑΝΤ1 լրատուամիջոցին ուղղած իր գրաւոր յայտարարութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը դատապարտեց Թուրքիոյ միջամտութիւնները Միջերկրականի եւ Լիպիոյ մէջ։
«Յոյս ունինք, որ Կիպրոսի բնական աղբիւրներու օգտագործումը շահաւէտ պիտի ըլլայ կիպրացիներուն համար։ Մենք նեցուկ կը կանգնինք բազմատեսակ միջոցներու շահագործման, Կիպրոսի ափամերձ աղբիւրներու արտադրութեան տարածման ուղղութեամբ։
Մտահոգ ենք Թուրքիոյ շարունակական գրգռութիւններուն համար տարածաշրջանէն ներս, ներառեալ ապօրինի յորատումները Կիպրոսի ծովային տարածքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ միջեւ ծովային սահմանագծումներու հարցը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։