Չորեքշաբթի՝ 24 Ապրիլի կէսօրին, Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցին առթիւ, յունական ΕΡΤ պետական հեռատեսիլի կայանը, իր կէսօրուան «Ώρα Ελλάδας» յայտագրէն հիւրընկալեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ ընկ. Քերոբ Էքիզեանը։
Յայտագրի ընդարձակ զրոյցի ընթացքին, ընկ. Ք. Էքիզեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացքը, ինչպէս նաեւ հայոց պահանջատիրական պայքարը ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբերու գործունէութիւնը։
Յայտագիրը ներկայացնող լրագրող Նիքոս Ակելիտիսի հարցումներուն պատասխանելով, Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչը ընդգծեց Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքը եւ միջազգային ընտանիքին կողմէ ցարդ կատարուած ճանաչումներու շարքը, թուելով մեծ թիւով երկիրներու եւ միջազգային ատեաններու ճանաչման որոշումները ու յատկապէս՝ Յունաստանի Խորհրդարանի պատմական որոշումը։
Առիթը եղաւ զրուցելու յունահայ գաղութի մասին, ներկայացնելով անոր կազմակերպ կեանքի բոլոր երեսները՝ իր կառոյցներով, միութիւններով եւ մամուլով։ Յատուկ կերպով նշուեցան հայ եւ յոյն դարաւոր բարեկամութեան ոլորտները եւ գործակցութիւնը։
Զրոյցի աւարտին, մանրամասնօրէն ներկայացուեցան ամբողջ Յունաստանի տարածքին ծրագրուած ելոյթները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104րդ տարելիցի նշումին համար։ Յայտագրի տեւողութեան ընթացքին, միաժամանակ ներկայացուեցաւ տեղեկատուական տեսանիւթ մը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի ու զանազան գաղութներու մէջ ծաւալած հայոց պահանջատիրական ելոյթներու վերաբերեալ։