8 ­Մա­յի­սը պատ­մու­թիւն կեր­տած յի­շար­ժան թո­ւա­կան դար­ձաւ եւ փա­ռա­ւոր իր տե­ղը գրա­ւեց ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի հե­րո­սա­կան փա­ռա­պանծ տա­րեգ­րու­թեան մէջ 1992ին, երբ Ար­ցախ աշ­խար­հի հի­նա­ւուրց բեր­դա­քա­ղաք ­Շու­շին ա­զա­տագ­րո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րոս զա­ւակ­նե­րուն ռազ­մա­կան բա­ցա­ռիկ սխրան­քով։
­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս ­Մա­յիս 9ին կը մե­ծա­րէ «­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման եւ յաղ­թա­նա­կի» պե­տա­կան տօ­նը։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան տօ­նա­ցոյ­ցով ­Մա­յիս 9ն հռ­չա­կո­ւած է «­Յաղ­թա­նա­կի Օր»։
­Թէ՛ իբ­րեւ ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի յան­դուգն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն եւ թէ, մա­նա­ւա՛նդ, իբ­րեւ ռազ­մա­կան փայ­լուն գոր­ծո­ղու­թիւն, ­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման միօ­րեայ յաղ­թա­կան գրո­հը, 8 ­Մա­յիս 1992ին, ազ­գա­յին¬քա­ղա­քա­կան իր նշա­նա­կու­թեամբ կա­րե­ւո­րա­գոյն դար­ձա­կէտ մը նո­ւա­ճեց հայ ժո­ղո­վուր­դի բազ­մա­դա­րեան պատ­մու­թեան հա­մար։
­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման «­Հար­սա­նիք լեռ­նե­րում» ա­նո­ւա­նո­ւած յաղ­թա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը դրաւ սկիզ­բը Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան յաղ­թար­շա­ւին։
Ա­ւե­լի՛ն. ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մով հայ ժո­ղո­վուր­դը ոչ միայն յաղ­թա­կան հի­մը դրաւ Ար­ցա­խի վե­րա­տի­րաց­ման պայ­քա­րին, այ­լեւ՝ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն ա­պա­հո­վեց վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւ­նը։
­Բարձ­րա­նիստ բեր­դա­քա­ղա­քի ա­նա­ռիկ իր դիր­քով յատ­կան­շո­ւող ­Շու­շին ոչ միայն վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն, այ­լեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թեան բո­լոր թէժ պա­հե­րուն, բայց յատ­կա­պէս 17րդ ­դա­րէն սկսեալ թափ ա­ռած հա­յոց ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի բախ­տո­րոշ բո­լոր վե­րի­վայ­րում­նե­րու ըն­թաց­քին, խորհր­դան­շած է հայ­կա­կան ինք­նու­թեան, ինք­նու­րոյ­նու­թեան եւ ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու ազ­գա­յին կամ­քին բար­ձունք­նե­րէն մէ­կը՝ ա­նա­ռիկ եւ հե­րո­սա­կան։
­Մի­ջին դա­րե­րուն ­Շի­կա­քար բեր­դա­քա­ղա­քի ա­նու­նով հռչա­կո­ւած ­Շու­շին մեր ժա­մա­նակ­նե­րը թե­ւա­կո­խեց իբ­րեւ հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հի ե­զա­կի ար­ծո­ւե­բոյն­նե­րէն մէ­կը։ ­Հա­կա­ռակ դա­րե­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւած այ­լա­ցեղ աս­պա­տա­կու­թեանց եւ բռնագ­րա­ւող ու­ժե­րու կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած՝ հայ­կա­կան այս հի­նա­ւուրց ոս­տա­նը օ­տա­րա­մուտ տար­րե­րով բնա­կեց­նե­լու եւ հա­յա­թափ­ման են­թար­կե­լու փոր­ձե­րուն, ­Շու­շին ե՛ւ պահ­պա­նեց հայ­կա­կան իր ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծը, ե՛ւ դար­ձաւ հայ մշա­կոյ­թի ու դպրու­թեան, այ­լեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ու ռազ­մա­կան տա­ղան­դի զար­գաց­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն բնօր­րա­նը։
1895ին ­Շու­շի անդր­կով­կա­սեան յայտ­նի գիւ­ղա­քա­ղաք էր 30 հա­զար բնակ­չու­թեամբ, ո­րուն 21 հա­զա­րը հայ էր։ ­Շու­շիի ­Թե­մա­կան դպրո­ցը կը հան­դի­սա­նար, ա­տե­նին, ողջ հա­յա­շար­հի կրթա­կան հինգ կա­րե­ւոր կրթօ­ճախ­նե­րէն մէ­կը, ուր թրծո­ւե­ցան թէ՛ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գլխա­ւոր դէմ­քե­րէն շա­տեր, թէ՛ հե­տա­գա­յին՝ խորհր­դա­յին դա­րաշր­ջա­նին, ­Կար­միր ­Բա­նա­կի մե­ծա­նուն զօ­րա­վար­ներ դար­ձած հայ գոր­ծիչ­ներ։
­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կերտ­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­ւոր­ման տա­րի­նե­րուն, 1918-1921 թո­ւա­կան­նե­րուն, ­Շու­շին ա­ռա­ջա­ւոր դիր­քը ե­ղաւ ­Հայ­կա­կան ­Դի­մադ­րու­թեան՝ ա­րե­ւել­քէն եւ հիւ­սիս¬ա­րե­ւել­քէն ­Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան գո­յա­տեւ­ման սպառ­նա­ցող թուրք-թա­թար ա­զե­րիա­կան վտան­գին եւ ներ­խուժ­ման փոր­ձե­րուն դէմ։ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը ղե­կա­վա­րե­լով՝ ­Շու­շի հե­րո­սա­բար դի­մադ­րեց հա­մաթր­քա­կան գրաւ­ման վտան­գին եւ տե­ղի տո­ւաւ միայն ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, երբ Ս­տա­լի­նեան կա­մա­յա­կա­նու­թեամբ պար­տադ­րա­բար կցո­ւե­ցաւ ­Խորհր­դա­յին Ադր­բե­ջա­նին իբ­րեւ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի Ինք­նա­վար ­Մարզ։
­Խորհր­դա­յին լու­ծի տակ ­Շու­շին հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն են­թար­կո­ւե­ցաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­յա­թափ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, բայց ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը եր­բեք չհա­մա­կեր­պե­ցաւ ճնշում­նե­րուն։ Իսկ երբ 1988ին ար­ցա­խա­յու­թիւ­նը բարձ­րա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի հետ ­Միաց­ման դրօ­շը, ա­զե­րիա­կան բա­նա­կի ա­նա­ռիկ յե­նա­կէտ դար­ձած ­Շու­շին պա­տու­հաս դար­ձաւ ողջ Ար­ցա­խի գլխուն, յատ­կա­պէս իր ան­մի­ջա­կան ստո­րո­տը գտնո­ւող Լ.Ղ.Ի.Մ.ի մայ­րա­քա­ղաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տը մնա­յուն ռմբա­կոծ­ման տակ առ­նե­լով։
Այս բո­լոր ա­ռում­նե­րով հայ­կա­կան հե­րո­սու­թեան ու դիւ­ցազ­նա­կան խո­յան­քի փա­ռա­հեղ մարմ­նա­ւո­րու­մը կը հան­դի­սա­նայ 8 ­Մա­յիս 1992ի ­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման ռազ­մա­կան գրո­հը, որ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն զգե­ցաւ նաեւ ու յատ­կա­պէ՛ս իր շղթա­յա­զեր­ծած հա­յաշ­խար­հի ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեամբ։
­Հայ­կա­կան գրո­հը սկսաւ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով՝ Ար­ցա­խեան Ա­զա­տա­մար­տին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւած հայ մար­տիկ­նե­րու բո­լոր միա­ւոր­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կա­յին­ներ ըլ­լա­յին ա­նոնք թէ ­Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րէն եւ սփիւռ­քեան հա­յօ­ճախ­նե­րէն Ար­ցախ փու­թա­ցած նո­րօ­րեայ ֆե­տա­յի­ներ։ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դրօ­շին տակ հա­մախմ­բո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ ըլ­լա­յին ա­նոնք, թէ 1988ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան շարժ­ման ա­լի­քին հետ կեանք ա­ռած ջո­կատ­նե­րու ան­դամ «մա­հա­պարտ­ներ» կամ «երկ­րա­պահ կա­մա­ւո­րա­կան­ներ»։
Ան­շուշտ, յան­դուգն այդ գրո­հի ըն­թաց­քին, ա­ռաս­պե­լա­տիպ հայ հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նէն ծանր գին վճա­րե­ցինք ա­նա­ռիկ ­Շու­շին ա­զա­տագ­րե­լու հա­մար։ ­Բայց ա­զա­տու­թեան եւ յաղ­թա­նա­կի ու­ղին միշտ ալ ա­րեամբ ներ­կո­ւած է եւ, կռո­ւի դաշ­տին վրայ ին­կած նոյն այդ հե­րոս­նե­րու ա­րեան գնով, թան­կա­գին իր ար­ժէքն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը նո­ւա­ճած է ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի իւ­րա­քան­չիւր յաղ­թա­նակ ոչ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դի, այ­լեւ՝ բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան մէջ։
­Հա­յոց յու­շա­տետ­րի 8 ­Մա­յի­սի է­ջով՝ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան այս փա­ռա­պանծ յաղ­թա­նա­կին մէջ, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ եւ վեր նախ կ­՛ար­ժե­ւո­րենք մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­րի այ­րե­րուն միաս­նա­կան յանդգ­նու­թիւնն ու հե­րո­սու­թիւ­նը։
8 ­Մա­յիս 1992ի գրո­հով հայ­կա­կան ու­ժե­րը նո­ւա­ճե­ցին ե­րա­զը, ա­զա­տագ­րե­ցին ­Շու­շին եւ ճամ­բան հար­թե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նի ողջ եր­կայն­քով Ար­ցա­խի վե­րան­կա­խա­ցու­մին։
Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ա­զա­տագ­րու­մին եւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ միա­ցու­մին ամ­րա­կուռ ան­կիւ­նա­քա­րը հան­դի­սա­ցաւ ­Շու­շիի վե­րա­տի­րա­ցու­մը, ո­րուն փա­ռա­հեղ ա­ւան­դը ամ­բող­ջաց­նե­լու մեծ պարտ­քին տակ ենք ազ­գո­վին։
­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման հա­մար ի­րենց գե­րա­գոյ­նը զո­հա­բե­րած հե­րոս հա­յոր­դի­նե­րուն տա­կա­ւին պարտք ենք՝ թէ՛ իբ­րեւ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւն, թէ՛ իբ­րեւ ազ­գա­յին վե­րա­կանգ­նած պե­տա­կա­նու­թիւն՝ ա­զա­տագ­րո­ւած ­Շու­շիի լիի­րաւ պահ­պա­նու­մը, լիար­ժէք վե­րա­շի­նու­թեան եւ բազ­մա­կող­մա­նի զար­գա­ցու­մը։
Այդ ա­ռու­մով ­Մա­յիս 8ի ա­մե­նա­մեայ նշումն ու տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կը ծա­ռա­յեն շեշ­տե­լու, ­Յաղ­թա­նա­կաի Օ­րո­ւան փա­ռա­բա­նան­քի կող­քին ու միա­ժա­մա­նա՛կ՝ ­Շու­շիի վե­րա­շի­նու­թեան, վե­րաբ­նա­կեց­ման ու նո­րո­վի ծաղկ­ման պայ­քա­րին հա­մազ­գա­յին ու­ժե­րով թափ տա­լու, զայն յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­լու հրա­մա­յա­կանն ու պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը։
­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար ին­կած հայ ժո­ղո­վուր­դի մեծ ու հե­րոս զա­ւակ­ներուն պարտք ենք տա­կա­ւին ամ­բողջ Ար­ցա­խի ի­րո­ղա­կան ան­կա­խու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ միու­թեան պահ­պա­նումն ու նաեւ ի­րա­ւա­կան ճա­նա­չու­մով հաս­տա­տագ­րու­մը։
­Պարտք ենք, մա­նա­ւա՛նդ, ­Շու­շիի կող­քին ար­ցա­խեան բո­լոր շէ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան վե­րաբ­նա­կե­ցումն ու տնտե­սա­կան-հա­սա­րա­կա­կան բազ­մա­հուն զար­գա­ցու­մը։
­Մեր սե­րուն­դը դէմ յան­դի­ման կանգ­նած է ազ­գա­յին ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան այս ա­ռաջ­նա­հերթ փոր­ձա­քա­րին։
­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար թա­փո­ւած հե­րոս­նե­րու ա­րիւ­նը ար­դէն դար­ձած է սրբա­զան Կ­տակ՝ ա­րեամբ նո­ւա­ճո­ւա­ծը ա­մէն գնով պահ­պա­նե­լու, այլ մա­նա­ւանդ զար­գաց­ման ու­ղիով ար­մա­տա­ւո­րե­լու եւ ան­դառ­նա­լիօ­րէն հա­յաց­նե­լու, իբ­րեւ ազ­գա­յին ան­կորն­չե­լի հարս­տու­թիւն գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն ա­ւանդ յանձ­նե­լու։
Որ­պէս­զի միշտ հպար­տու­թեամբ յի­շա­տա­կո­ւի փառ­քը 8 ­Մա­յիս 1992ին հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­ցած լու­սա­ւոր դա­րաշր­ջա­նին՝ հա­յոց պատ­մու­թեան մե­րօ­րեայ յաղ­թար­շա­ւին։
­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան 25ա­մեա­կին ա­ռի­թով՝ կ­՚ար­ժէ ըն­թեր­ցո­ղին ու­շադ­րու­թեան յանձ­նել, «ArMedia» վեր­լու­ծա­կան գոր­ծա­կա­լու­թեան 8 ­Մա­յիս 2016ի կայ­քէ­ջով հրա­պա­րա­կո­ւած հե­տա­գայ յու­շա­րա­րու­թիւ­նը.
23 տա­րի ա­ռաջ՝ ­Մա­յի­սի 8ին, ­Ղա­րա­բա­ղում գրո­հով վերց­րե­ցին ­Շու­շին: Ո­մանք այդ օ­պե­րա­ցիան (գոր­ծո­ղու­թիւ­նը) ա­նո­ւա­նում են «­Շու­շիի ա­զա­տագ­րում», միւս­նե­րը՝ «գրա­ւում»:
­Սա­կայն Ս­տե­փա­նա­կեր­տի եւ այլ բնա­կա­վայ­րե­րի բնա­կիչ­նե­րի հա­մար, ով­քեր նկուղ­նե­րում էին ապ­րում ­Շու­շիից ըն­թա­ցող մշտա­կան ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րի պատ­ճա­ռով, կա­րե­ւոր չէ, թէ ի՛նչն այ­սօր ինչ­պէ՛ս են ա­նո­ւա­նում: ­Կա­րե­ւոր է, որ մար­դիկ շատ ա­միս­նե­րի ըն­թաց­քում ա­ռա­ջին ան­գամ կա­րո­ղա­ցան դուրս գալ թագս­տո­ցից եւ օդ շնչել ու ա­ռա­ջին ան­գամ ա­միս­նե­րի ըն­թաց­քում ա­րեւ տե­սան: ­Վառ, ինչ­պէս ին­քը՝ ­Շու­շիի գրա­ւու­մը: ­Մա­յի­սի 8ը ­Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մի պատ­մու­թեան մէջ ե­րե­ւի կը յի­շո­ւի որ­պէս բե­կում­նա­յին օր. հէնց այդ օրն է սկսո­ւել «­Հար­սա­նիք լեռ­նե­րում» օ­պե­րա­ցիան, ո­րը բե­կեց ոչ միայն ­Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քը, այ­լեւ հա­յե­րի հո­գե­բա­նու­թիւ­նը, ով­քեր գի­տակ­ցե­ցին, որ յաղ­թել հնա­րա­ւոր է թշնա­մու ցան­կա­ցած ա­ռա­ւե­լու­թեան դէպ­քում: ­Շու­շին վերց­նե­լու օ­րը սո­վո­րա­բար նշում են ­Մա­յի­սի 9ին, բայց այդ ամ­սա­թիւն ա­ւե­լի շուտ խորհր­դան­շա­կան է:

ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ
Մայիսի 9ից առաջ Մայիսի 8ն էր.

Ի­րա­կա­նում ­Շու­շին վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ վերց­նե­լու ծրագ­րերն ա­ւե­լի շուտ են մշա­կո­ւել, եւ ինչ­պէս իր հար­ցազ­րոյ­ցում պատ­մում է «­Հար­սա­նիք լեռ­նե­րում» օ­պե­րա­ցիա­յի ղե­կա­վար, գե­նե­րալ-լէյ­տե­նանտ Ար­կա­դի ­Տէր-­Թա­դե­ւո­սեա­նը (լե­գեն­դար (ա­ռաս­պե­լա­տիպ) «­Կո­ման­դո­սը»), «գրո­հը նշա­նա­կո­ւած էր ­Մա­յի­սի 5ին, սա­կայն անս­պա­սե­լի տե­ղա­ցած ու­ժեղ ձիւ­նը յե­տաձ­գեց այն մին­չեւ ­Մա­յի­սի 8ը: Այդ­պէս էր, յա­մե­նայն դէպս, յայ­տա­րա­րո­ւել, սա­կայն պատ­ճա­ռը նաեւ զէն­քի պա­կասն էր:
Ապ­րի­լի 24ին, 28ին, 29ին, ­Մա­յի­սի 4ին գրո­հի մի քա­նի ի­մի­տա­ցիա­ներ (նմա­նա­կում­ներ) էին ե­ղել: Քն­նարկ­ւում էին օ­պե­րա­ցիա­յի մի քա­նի հնա­րա­ւոր ամ­սա­թո­ւեր, մենք ա­րե­ցինք ա­մէն բան, որ շփո­թու­թիւն ա­ռա­ջաց­նենք թշնա­մու մօտ, կեղծ մա­նեւր­ներ (մար­տա­խա­ղեր) էինք ա­նում, որ շե­ղենք ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ թոյլ չտանք ո­րո­շել հա­րո­ւա­ծի հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւ­նը: ­Թոյլ հա­րո­ւած­ներ էին հասց­ւում բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով: Իսկ Ապ­րի­լի 27ից յե­տոյ, հա­ւա­տա­լով ժամ­կէտ­նե­րի մա­սին կեղծ տե­ղե­կա­տո­ւութեա­նը, հա­կա­ռա­կորդն ին­քը դի­մեց յար­ձակ­ման՝ մեզ բարդ ի­րա­վի­ճա­կի մէջ դնե­լով Ապ­րի­լի 29ին եւ 30ին: Իսկ երբ սկսո­ւեց իս­կա­կան գրո­հը, թշնա­մին անս­պա­սե­լիու­թիւ­նից եւ հա­րո­ւա­ծի ուժգ­նու­թիւ­նից խու­ճա­պի մատ­նո­ւեց եւ ան­գոր­ծու­նակ էր ար­դէն: Ն­րա դէմ պայ­քա­րում էին մար­դիկ, ո­րոնք պատ­րաստ էին ինք­նա­զո­հու­թեան: ­Շու­շին ա­նա­ռիկ է, երբ այն պաշտ­պա­նում են տէ­րե­րը, ոչ թէ նո­ւա­ճող­նե­րը:
­Ռազ­մա­կան օ­րէնք­նե­րով այն ա­նա­ռիկ է, սա­կայն 20 տա­րի ա­ռաջ գրո­հի էին գնում մար­դիկ, ո­րոնք գի­տակ­ցա­բար զո­հա­բե­րում էին ի­րենց: ­Ցան­կա­նում եմ յա­տուկ ընդգ­ծել, որ գրո­հի ժա­մա­նակ գլխա­ւոր դե­րը խա­ղա­ցին կա­մա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք ար­դէն ռազ­մա­կան փորձ ու­նէին եւ գի­տակ­ցա­բար զո­հա­բե­րում էին ի­րենց: Այդ խո­րա­մանկ մա­նեւ­րի բո­լոր դե­տալ­նե­րը (ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը) պատ­մել հնա­րա­ւոր չէ, դրա հա­մար կը սահ­մա­նա­փա­կո­ւեմ յի­շա­տա­կու­մով, որ մեզ օգ­նե­ցին յան­կար­ծա­կիու­թիւ­նը, հա­րո­ւած­նե­րի 4 ուղ­ղու­թիւն­նե­րը՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը 10-15 կմ., եւ յար­ձակ­ման լայն ֆրոն­տը (ճա­կա­տը — 45 կմ­.ից ա­ւել): ­Հայ­կա­կան կող­մի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը խու­ճա­պի մատ­նե­ցին թշնա­մուն: Ի­մի­տա­ցիոն գրոհ­նե­րի ար­դիւն­քում թշնա­մին ո­րո­շեց, թէ հայ­կա­կան կող­մը փոր­ձում է գրա­ւել ­Ջան­հա­սան-Ք­յո­սա­լա­րը: Ադր­բե­ջան­ցի­նե­րը գի­տէին մեր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րի մա­սին եւ ու­նէին ­Շու­շիի պաշտ­պա­նու­թեան բա­ւա­կան գրա­գէտ պլան (ծրա­գիր): Կրկ­ժա­նը վերց­նե­լուց յե­տոյ, երբ մենք ամ­րաց­րինք մեր դիր­քե­րը Ք­յո­սա­լար-­Ջան­հա­սա­նի ուղ­ղու­թեամբ, ­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման բա­նա­լին ար­դէն մեր ձեռ­քե­րում էր: ­Մա­յի­սի 8ին սկսո­ւեց «­Հար­սա­նիք լեռ­նե­րում» ա­նո­ւա­նու­մը կրող օ­պե­րա­ցիան, որն ա­ւար­տո­ւեց ­Մա­յի­սի 9ի լու­սա­բա­ցին…»:
Այ­սօր շա­տե­րին զա­ւեշ­տա­լի կա­րող է թո­ւալ մի ամ­բողջ քա­ղաք վերց­նե­լու մա­սին նման հան­գիստ զրոյ­ցը: ­Շա­տե­րին, բայց ոչ նրանց, ով­քեր գի­տեն, յի­շում են ա­մէն ինչ, ինչ կա­տար­ւում էր ­Ղա­րա­բա­ղում այդ սար­սա­փե­լի օ­րե­րին: Ե­թէ ո­մանց հա­մար ­Շու­շին այ­սօր քա­ղաք է, ա­պա այն ժա­մա­նակ դա հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րե­րը հրե­տա­նա­յին ռմբա­կոծ­ման ադր­բե­ջա­նա­կան ա­մե­նա­կար­ևոր հար­թակ­նե­րից էր: Ս­տե­փա­նա­կեր­տի հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ չէին կա­րող բարձ­րա­նալ ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը, քա­նի որ քա­ղա­քը պար­բե­րա­բար հրե­տա­կոծ­ւում էր ­Շու­շիից գի­շեր-ցե­րեկ: ­Գի­շեր-ցե­րեկ: Եւ ե­թէ այ­սօր շա­տե­րը նոյ­նիսկ դա կա­րող են ըն­կա­լել որ­պէս ըն­դա­մէ­նը բա­ռեր, ա­պա Աս­տո­ւած չտայ՝ ո­րե­ւէ մէ­կը սե­փա­կան մաշ­կի վրայ զգայ՝ ինչ է նշա­նա­կում ապ­րել նկուղ­նե­րում ա­ռանց լոյ­սի, ջեր­մու­թեան, հա­ցի, հա­գուս­տի, երբ դրան­ցից ո­րե­ւէ մէ­կը սպառ­ւում է: Այդ պատ­ճա­ռով շա­տե­րի հա­մար ­Շու­շին վերց­նե­լու օ­րը դար­ձաւ ա­զա­տագր­ման օր, շատ ե­րե­խա­ներ կեան­քում ա­ռա­ջին ան­գամ այդ օ­րը ա­րե­ւի լոյս տե­սան, շա­տե­րը յի­շե­ցին, թէ ինչ­պէս է նշա­նա­կում քնել սե­փա­կան ան­կող­նում: Եւ կար­ևոր չէ, որ Ս­տե­փա­նա­կեր­տում ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րի հե­տե­ւան­քով պա­տու­հան­նե­րին ա­պա­կի­ներ չէին մնա­ցել, շա­տե­րի մօտ զգա­ցում ա­ռա­ջա­ցաւ, որ կայ կեանք ա­ռանց ռում­բե­րի եւ նոյ­նիսկ ա­ռանց պա­տե­րազ­մի…
­Շա­տե­րը ցնծում էին, բայց ոչ բո­լո­րը: ­Կո­ման­դո­սի յի­շո­ղու­թիւն­նե­րով՝ «Երբ նշում էին, օդ էին կրա­կում ռազ­մա­կան փամ­փուշտ­նե­րով, ինձ ե­րեք օր շա­րու­նակ չէր լքում ան­հանգս­տու­թիւ­նը, որ կա­րող է հա­կա­յար­ձա­կում լի­նել, եւ մենք կը կորց­նենք յաղ­թա­նա­կը, ո­րը ձեռք ենք բե­րել նման թանկ գնով: Ես զգում էի յաղ­թա­նա­կի հա­մը, բայց ան­հանգս­տու­թիւ­նը շատ ու­ժեղ էր, այն խլաց­րել էր յաղ­թա­կան շտուր­մի զգա­ցո­ղու­թիւն­ներս: ­Նաեւ ու­ժեղ էր կո­րուս­տի ցա­ւը, մենք մեր հա­րա­զատ­նե­րից շա­տե­րին կորց­րինք…»:
Ի հար­կէ, պա­տե­րազ­մը դրան­ցով չա­ւար­տո­ւեց: Եւ դեռ շատ ե­րի­տա­սարդ­ներ զո­հո­ւե­ցին դրա­նից յե­տոյ՝ այդ­պէս էլ չհաս­նե­լով ի­րենց հար­սա­նիք­նե­րին: Այդ­պէս էլ չա­մուս­նա­ցաւ ­Վազ­գէն ­Սարգ­սեա­նը, ում պատ­ճա­ռով էր, ի դէպ, ­Շու­շիի օ­պե­րա­ցիան կրում «­Հար­սա­նիք լեռ­նե­րում» ա­նո­ւա­նու­մը: Երբ ­Շու­շիի վերց­ման տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ­Կո­ման­դո­սը եւ ­Սա­մո­ւէլ ­Բա­բա­յեա­նը դրա­նից մի քա­նի օր ա­ռաջ ներ­կա­յաց­րին քա­ղա­քի գրաւ­ման ռազ­մա­կան պլա­նը պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վազ­գէն ­Սարգ­սեա­նին, վեր­ջինս ա­սաց, որ դա անհ­նար է եւ ի պա­տաս­խան խոս­տա­ցաւ, որ ­Շու­շին վերց­նե­լուց յե­տոյ ան­պայ­ման կ­՚ա­մուս­նա­նայ:
­Պա­տե­րազմն ըն­թա­նում էր դեռ եր­կար ու ձիգ եր­կու տա­րի­ներ մին­չեւ 1994թ. ­Մա­յի­սի 12ը: ­Սա­կայն, ­Շու­շին իս­կա­պէս բե­կում­նա­յին պահ դար­ձաւ ­Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մում: Եւ, իս­կա­պէս, ­Շու­շիից յե­տոյ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տը տե­սա­նե­լի դար­ձաւ»:
Ինչ-որ մէկն ա­սել է.- «­Նա, ով տի­րա­պե­տում է ­Շու­շիին, տի­րա­պե­տում է ողջ ­Ղա­րա­բա­ղին»: Այ­սօր ­Շու­շի քա­ղա­քում, ո­րը հա­յե­րի մի քա­նի կո­տո­րած­նե­րի վկայ է, գոր­ծում են հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը: ­Հայ ե­րե­խա­նե­րը յա­ճա­խում են դպրոց: Եւ այն­տեղ՝ սա­րե­րում, իս­կա­պէս հար­սա­նիք­ներ են տօ­նում:
­Բայց պա­տե­րազ­մը չի ա­ւար­տո­ւել: ­Շու­շին դեռ պէտք է կա­ռու­ցա­պա­տել ու զար­գաց­նել: ­Դա­տարկ բնա­կա­րան­ներն ու տնե­րը անհ­րա­ժեշտ է բնա­կեց­նել: ­Քա­ղա­քին նոր շունչ է պէտք, ո­րին այն ար­ժա­նի է: Ոչ միայն տօ­նե­րին պի­տի ­Շու­շի գնան պաշ­տօ­նեա­ներն ու աստ­ղե­րը: Այն տօ­նը, որ մեզ նո­ւի­րեց ­Շու­շիի գրա­ւու­մը, պէտք է մտնի այդ քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րի տնե­րը: Ն­րանք ար­ժա­նի են դրան: Եւ դեռ կ­՚ար­ժա­նա­նայ, քա­նի որ պա­տե­րազ­մը դեռ չի ա­ւար­տո­ւել: