­Մարտ 7ին, 127 տա­րի ա­ռաջ, ա­ւե­լի քան մէկ տա­րի փակ մնա­լէ ետք, ­Թիֆ­լի­սի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը վե­րա­բա­ցին ի­րենց դռնե­րը հայ ա­շա­կեր­տու­թեան առ­ջեւ։
Ոչ միայն ­Թիֆ­լի­սի մէջ, այ­լեւ ­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան ամ­բողջ տա­րած­քին, ընդ­հան­րա­պէս Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պատ­կա­նող հայ­կա­կան բո­լոր դպրոց­նե­րը այդ օ­րե­րուն փա­կո­ւած էին՝ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց գոր­ծադ­րած ռու­սաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով։
­Կայս­րու­թեան հա­րա­ւա­յին սահ­ման­նե­րուն վրայ «ա­ռանց հա­յու ­Հա­յաս­տան» մը ու­նե­նա­լու ձգտու­մը պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­ծո­ւած էր ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­մար։ Ընդ­հան­րա­պէս ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին ապ­րող բո­լոր ոչ-ռուս ազ­գու­թիւն­նե­րը ռու­սաց­նե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէկ մասն էր այդ։ ­Բայց յատ­կա­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դը, որ 19րդ ­դա­րաս­կիզ­բին պարս­կա­կան եւ թրքա­կան լու­ծէն ա­զա­տագ­րո­ւե­լու մեծ յոյ­սե­րով իր ա­պա­գան կա­պած էր քրիս­տո­նեայ ­Ռու­սաս­տա­նի, ար­դէն իր մոր­թին վրայ կը զգար այ­լա­սեր­ման ծանր հե­տե­ւանք­նե­րը ռու­սա­կան գա­ղու­թա­րա­րու­թեան։
Ինչ­պէս «Ք­րիս­տո­նեայ ­Հա­յաս­տան» հան­րա­գի­տա­րա­նը հա­մա­ցան­ցի վրայ դի­տել կու տայ, «­Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն ալ ան­կա­խու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար թիւ մէկ խնդի­րը ե­ղած է հա­յա­պահ­պա­նու­մը, ո­րուն գլխա­ւոր յե­նա­րան­նե­րը ե­ղած են հա­յոց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցին, մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ազ­գա­յին դպրոց­նե­րը: Ու բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն ալ բո­լոր նո­ւա­ճող­նե­րուն հիմ­նա­կան հա­րո­ւած­նե­րը վեր­ջին­նե­րուն են ուղ­ղո­ւած: «Հ­նա­զան­դեց­նել ե­կե­ղե­ցին, խե­ղել մշա­կու­թա­յին կեան­քը, փա­կել ազ­գա­յին դպրոց­նե­րը» ոչ-բարձ­րա­ձայն հնչող կար­գա­խօ­սը մշտա­պէս ե­ղած է (առ­կայ է այ­սօր ալ) նաեւ ռուս­նե­րու գոր­ծե­լաո­ճին հիմ­նա­կան ու­ղե­ցոյ­ցը»:
­Ցա­րա­կան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին, 1880ա­կան­նե­րուն, խստաց­ման նոր թափ ստա­ցաւ ռու­սաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­լի­քը, երբ 1884ի ­Փետ­րո­ւար 16ին Ա­լեք­սանդր 3րդ ­ցա­րը հաս­տա­տեց «­Հայ լու­սա­ւոր­չա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան ու­սում­նա­րան­նե­րի մա­սին կա­նոն­նե­րը», ո­րուն հա­մա­ձայն՝ պաշ­տօ­նա­պէս կը բա­ցա­ռո­ւէր նա­խակր­թա­րա­նի տար­րա­կան աս­տի­ճա­նէն բարձր հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու գո­յու­թիւ­նը։ Այ­սինքն՝ նա­խակր­թա­րա­նէն վեր կրթու­թիւ­նը պէտք է տրո­ւէր ռու­սե­րէն լե­զո­ւով:
Ու­շագ­րաւ է ընդգ­ծել, որ ցա­րա­կան այդ նոր կա­նո­նա­կար­գը որ­դեգ­րո­ւե­ցաւ ճիշդ այն ժա­մա­նակ, երբ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան գա­հը թա­փուր մնա­ցած էր ­Գէորգ Դ. ­Կա­թո­ղի­կո­սի վախ­ճա­նու­մով։ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան նոր ընտ­րու­թիւն դեռ չէր կա­տա­րո­ւած: Եւ ճիշդ այդ ա­տեն, «անգ­լուխ» մնա­ցած Ս. Էջ­միած­նի բնա­կա­նոն գոր­ծու­նէու­թիւն չու­նե­նա­լու պայ­ման­նե­րուն մէջ, ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը փոր­ձե­ցին խստաց­նել հա­յոց դպրոց­նե­րը պե­տա­կան հսկո­ղու­թեան տակ առ­նող կար­գը:
­Բայց ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­մար անս­պա­սե­լիօ­րէն, Էջ­միած­նի ­Սի­նո­դը մեր­ժեց կի­րար­կել պե­տա­կան նոր կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը՝ այն հիմ­նա­ւո­րու­մով, թէ հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու կա­ռա­վար­ման գոր­ծը դա­րեր ի վեր գտնո­ւած է հա­յոց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րու ի­րա­ւա­սու­թեան ներ­քոյ եւ թէ ­Սի­նո­դը չ’ու­զեր սրբապղ­ծու­թեան եր­թալ։ Առ այդ՝ Ս. Էջ­միած­նի ­Սի­նո­դը ո­րո­շեց դի­մել ­Ցա­րին՝ նոր կա­նո­նադ­րու­թեան կի­րար­կու­մը յե­տաձ­գե­լու խնդրան­քով, իսկ թե­մե­րուն յանձ­նա­րա­րել, որ չկի­րար­կեն նոր կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, թէ Էջ­միած­նի ­Սի­նո­դէն չեն ստա­ցած գոր­ծադ­րե­լու յանձ­նա­րա­րա­կան։
­Նոյն ­Սի­նո­դի ո­րո­շու­մով՝ ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Սու­քիաս վար­դա­պետ ­Պար­զեան գոր­ծու­ղո­ւե­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ` բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու հա­մար, իսկ հա­յաբ­նակ բո­լոր շրջան­նե­րու եւ յատ­կա­պէս ­Թիֆ­լի­սի մէջ հայ­կա­կան թեր­թե­րը դժգո­հու­թեան աղ­մուկ բարձ­րա­ցու­ցին եւ հայ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ընդվզե­ցաւ ու բո­ղո­քի ու­ժեղ շար­ժում ա­ռա­ջա­ցուց։
Ս­տեղ­ծո­ւե­ցաւ ա­նո­րոշ վի­ճակ մը, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ տա­րի: Իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, հար­ցին նկատ­մամբ եր­կար ժա­մա­նակ ան­տար­բեր ձե­ւա­նա­լէ ետք, 1885ի ­Փետ­րո­ւար 5ին, ան­փո­փոխ ձգե­լով ­Ցա­րի ո­րո­շու­մը, վճռե­ցին Էջ­միած­նի ­Սի­նո­դին 12 օ­րո­ւան պայ­մա­նա­ժամ տալ նոր կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը կի­րար­կե­լու։ ­Մեր­ժում ստա­նա­լու պա­րա­գա­յին՝ իշ­խա­նու­թիւ­նը սպառ­նաց փա­կել դպրոց­նե­րը:
­Սի­նո­դը կրկին հրա­ժա­րե­ցաւ կա­տա­րե­լէ հրա­հան­գը եւ հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ այն, որ 1885ին Այսր­կով­կա­սի, ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ ­Բե­սա­րա­բիա­յի մէջ փա­կո­ւե­ցան մօտ 300 հայ­կա­կան դպրոց, ին­չը պատ­ճառ դար­ձաւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան յու­զու­մի ան­նա­խըն­թաց ու­ժեղ ա­լի­քի բարձ­րաց­ման։ ­Թիֆ­լի­սի հայ յե­ղա­փո­խա­կան ­Նա­րոդ­նի­կա­կան խմբա­ւո­րու­մը, օ­րի­նակ, հրա­տա­րա­կեց ու ցրո­ւեց բո­ղո­քի թռու­ցիկ մը, ուր ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց քայ­լը դա­տա­պար­տեց իբ­րեւ «սար­սա­փե­լի ա­ւա­զա­կու­թիւն» եւ եզ­րա­կա­ցուց.- «Իւ­րա­քան­չիւր հայ ըն­տա­նիք թող դառ­նայ ա­ռան­ձին հայ դպրոց»։ Իր կող­մէ «­Մա­սիս» թեր­թը յու­սադ­րեց մեր ժո­ղո­վուր­դին, որ տե­ղի չտայ, ո­րով­հե­տեւ այ­սօ­րի­նակ «բռնա­կալ իշ­խա­նու­թիւ­նը չի կրնալ մշտնջե­նա­կան լի­նել»:
1885ի ­Մա­յիս 23ին, ներ­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար կոմս Դ­միտ­րի ­Տոլս­տո­յը ցա­րին զե­կու­ցեց, որ նո­րա­հաս­տատ կա­նոն­ներն ըն­դու­նած է ըն­դա­մէ­նը 1 դպրոց, իսկ 169 կրթա­րան գո­ցո­ւած են: ­Կա­ռա­վար­չա­պետ ­Դոն­դու­կով-­Կոր­սա­կո­վը, չգո­հա­նա­լով իր գոր­ծած ա­ւե­րով, ար­քու­նի շրջա­նակ­նե­րուն փոր­ձեց հա­մո­զել, որ Էջ­միած­նի ­Սի­նո­դի ան­դամ­նե­րուն աք­սո­րի դա­տա­պար­տեն` «­Բարձ­րա­գոյ­նի կար­գադ­րու­թիւ­նը չկա­տա­րե­լու հա­մար»։ ­Բայց Ն.Գ. նա­խա­րա­րը ա­ռա­ջար­կը գտաւ «ար­դա­րա­ցի, սա­կայն` անն­պա­տա­կա­յար­մար»՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, որ ըն­թաց­քի մէջ էին կա­թո­ղի­կո­սա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը:
Այդ­պէս, ­Ցա­րի հաս­տա­տու­մով՝ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նոր գա­հա­կալ ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Մա­կար ­Կա­թո­ղի­կոս, որ թէեւ կը հա­մա­րո­ւէր ցա­րին հնա­զանդ ու ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ «ցա­րըն­տիր» մակ­դիրն էր ստա­ցած, այ­սու­հան­դերձ՝ իր շրջա­հա­յա­ցու­թեամբ ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան «խա­ղե­րով» կրցաւ հաս­նիլ այն ար­դիւն­քին, որ 1885ի ­Դեկ­տեմ­բեր 17ին Ս.­Պե­տեր­բուր­գի մէջ կա­յա­ցած խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Դ­միտ­րի ­Տոլս­տո­յը, լու­սա­ւո­րու­թեան նա­խա­րար (ազ­գութ­եամբ հայ, ար­մատ­նե­րով ջու­ղա­յե­ցի) կոմս Ի­վան ­Դե­լեա­նո­վը եւ ­Կով­կա­սի կա­ռա­վար­չա­պետ Ա­լեք­սանդր ­Դոն­դու­կով-­Կոր­սա­կո­վը դար­ձեալ քննարկ­ման նիւթ դար­ձու­ցին հա­յոց դպրոց­նե­րու հար­ցը եւ գա­ցին զի­ջում­նե­րու։
Մա­կար ­Կա­թո­ղի­կոս ա­ռա­ջար­կած էր կա­նո­նա­կար­գին մէջ շեշ­տել, որ մէկ­դա­սեայ դպրո­ցը պէտք է ու­նե­նայ 3, երկ­դա­սեա­նը` 5 տա­րո­ւայ դա­սըն­թացք եւ խնդրած էր թոյ­լատ­րել ծխա­կան դպրոց­նե­րուն կից ու­նե­նալ մէ­կա­մեայ լրա­ցու­ցիչ դա­սա­րան` ամ­բողջ ան­ցած դա­սըն­թաց­քը կրկնե­լու հա­մար: Ա­ռա­ջար­կին միտք բա­նին ու յե­տին նպա­տա­կը նա­խակր­թա­կան տար­րա­կա­նէն բարձր դպրոց ու­նե­նալն էր:
­Մա­կար ­Կա­թո­ղի­կո­սի ա­ռա­ջար­կած գրե­թէ բո­լոր կէ­տերն ըն­դու­նո­ւե­ցան։ 1886ի ­Յու­նո­ւար 16ին ­Ցա­րը հաս­տա­տեց այդ եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը, ո­րուն հի­ման վրայ Ս.Էջ­միած­նի ­Սի­նո­դը մշա­կեց նոր կա­նո­նա­կարգ եւ վերս­տին բա­ցո­ւե­ցան հայ­կա­կան դպրոց­նե­րը:
Այդ­պի­սով վերջ չգտաւ սա­կայն ազ­գա­յին կրթօ­ճախ­ներ պա­հել-չպա­հե­լու «պա­տե­րազ­մը», որ շա­րու­նա­կուե­ցաւ թե­թե­ւա­կի գրոհ­նե­րով: 1886ի ա­ւար­տին ­Կով­կա­սեան դպրոց­նե­րու հո­գա­բար­ձու Եա­նովս­կին պա­հան­ջեց ար­գի­լել հա­յոց պատ­մու­թեան եւ աշ­խար­հագ­րու­թեան դա­սա­ւան­դու­մը եւ յոր­դո­րեց լու­սա­ւո­րու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան` կար­գադ­րել հայ կրօ­նի ռու­սե­րէն լե­զո­ւով դա­սա­ւան­դու­մը, հա­յե­րէն լե­զո­ւով ար­տօ­նե­լով ու­սու­ցու­մը միայն ա­ղօթք­նե­րուն:
­Մա­կար ­Կա­թո­ղի­կոս այս հար­ցին մէջ ալ դի­մադ­րու­թիւն ցոյց տո­ւաւ: 1888ի ­Յու­նի­սին Այսր­կով­կաս գոր­ծու­ղո­ւե­ցաւ ներ­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րա­րու­թեան խոր­հուր­դի ան­դամ ­Գիր­սը, որ հան­դի­պե­լով ­Կա­թո­ղի­կո­սին հետ` հիմ­նա­կա­նին մէջ ըն­դու­նեց հա­յոց պա­հանջ­նե­րը, սա­կայն մեր­ժեց հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան եւ ­Հա­յաս­տա­նի աշ­խար­հագ­րու­թեան դա­սա­ւան­դու­մը: 1888ի ­Սեպ­տեմ­բեր 28ին ­Կա­թո­ղի­կո­սը հան­դի­պե­ցաւ Այսրկով­կաս այ­ցե­լած Ա­լեք­սանդր 3րդ ­Ցա­րին եւ ստա­ցաւ խոս­տում­ներ, ո­րոնք թէեւ չյար­գո­ւե­ցան, բայց միւս կող­մէ կան­խե­ցին նոր գրոհ­նե­րը հայ­կա­կան դպրող­նե­րու հա­յե­ցի կրթու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան դէմ ու ժա­մա­նա­կա­ւոր «զի­նա­դա­դար» հաս­տա­տե­ցին։
Այդ «զի­նա­դա­դար»ը հիմ­նո­վին խզո­ւե­ցաւ 1903ի ­Յու­նիս 12ին, երբ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը լայ­նա­ծա­ւալ յար­ձա­կու­մի ձեռ­նար­կեց «­Հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան հո­ղե­րը եւ գոյ­քը յար­քու­նիս բռնագ­րա­ւե­լու մա­սին» օ­րէն­քը որ­դեգ­րե­լով, որ ոչ միայն ու­նե­զուրկ կը դարձ­նէր հա­յոց ե­կե­ղե­ցին, այ­լեւ փակ­ման վտան­գին առ­ջեւ կը կանգ­նեց­նէր Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­կա­մուտ­նե­րով պա­հո­ւող հա­յոց դպրոց­նե­րը:
Ան­շուշտ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց այդ ոտնձ­գու­թիւ­նը եւս ան­փա­ռու­նակ ձա­խո­ղու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ՝ մեր ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռաց­ման եւ բո­ղո­քի բուռն ա­լի­քին տակ։