Փետրուար 6-13ի այս օրերուն, 99 տարի առաջ, Երեւանի մէջ բացումը կատարուեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին, որ ազգային-քաղաքական հիմնարար ներդրում եւ պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի հետագայ հոլովոյթին մէջ։
Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման եւ հայոց անկախ պետականութեան արմատաւորման սկզբնական փուլն էր։
Ողբի, որբի եւ սովի պայմաններուն մէջ իր հայրենիքին անկախութիւնը նուաճած եւ հայոց ազգային պետականութիւնը վերականգնած հայ ժողովուրդի վերածնունդի ՊԱՀն էր։
Հայաստանն ու հայութիւնը «անձեւ քաոս»ի վիճակէն դուրս բերելու եւ ազգային-հասարակական ու պետական-իրաւական մարմինով ու կերպարով օժտելու՝ քաղաքական միս ու ոսկոր կապելու եռանդուն, այլեւ դժուարին ոգորումի հանգրուանն էր։
Ազգային ինքնահաստատման ու պատասխանատուութեան այդ զգայուն պահուն իր աշխատանքները Փետրուար 6ին սկսաւ եւ, մինչեւ 13 Փետրուարի իր փակումը, հայ ժողովուրդի իրականութիւնը յուզող մեծ ու բարդ հարցերուն բուռն քննարկումը կատարեց եւ իր լուծումները առաջադրեց Արեւմտահայոց Համագումարը։
Արեւմտահայոց այս երկրորդ համագումարն էր, որ բիւրեղացուց եւ հռչակեց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի ազգային-քաղաքական հանգանակը՝ անոր իրագործման ուղղութեամբ անսակարկ, բոլո՛ր ուժերով նուիրուելու յանձնառութեան տակ դնելով թէ՛ ինքզինք, թէ՛ Մեծ Եղեռնէն վերապրած բովանդակ հայութիւնը եւ թէ, որոշապէ՛ս, նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները։
Համագումարը իր տեսակին մէջ երկրորդն էր։ Առաջինը տեղի ունեցած էր երկու տարի առաջ, 1917ի Մայիս 2էն 11, դարձեալ Երեւանի մէջ։ Առաջինն ալ գումարուած էր պատմական նոյնքան ծանրակշիռ պայմաններու մէջ եւ, աւելի՛ն, անհամեմատօրէն ջլատիչ՝ ընդհանուր յուսաբեկութեան մթնոլորտի մը մէջ։
1917ի այդ օրերուն, հակառակ որ ռուս-թրքական ռազմաճակատին վրայ անփառունակ պարտութիւն կրած էր հայասպան թուրք պետութեան բանակը, այդուհանդերձ՝ ցարական զօրքերու հրամանատարութիւնը ոչ միայն չուզեց քայլ մը եւս յառաջ երթալ, այլեւ որոշեց նահանջել դէպի 1878ի ռուս-թրքական սահմանագիծը՝ իր հետ գաղթի դատապարտելով, Կարինէն ու Սասունէն մինչեւ Վան, հարիւր-հազարաւոր հայութիւն։
Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած արեւմտահայութիւնը, այդպէ՛ս, ռուսական զօրքերու նահանջին հետ, արցունքը աչքերուն՝ գաղթականի ցուպով եւ ոտաբոպիկ, ակամայ պարպեց հազարամեակներու իր Երկիրը ու որբի եւ սովի բազմութիւններով թափեցաւ Արարատեան Դաշտ ու Երեւան։
Արեւմտահայոց առաջին համագումարին մասնակցեցան արեւմտահայութեան բոլոր հատուածները ներկայացնող աւելի քան 66 պատգամաւորներ՝ առաւելաբար Դաշնակցութեան ղեկավարած հայ ազգային-ազատագրական շուրջ երեսնամեայ պայքարին մէջ թրծուած անուանի ֆետայիներու եւ գործիչներու գլխաւորութեամբ։
Նոյնինքն Անդրանիկ պատուոյ նախագահ ընտրուեցաւ Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարին, որ իր աշխատանքները աւարտեց՝ ցեղասպան ոսոխին դէմ կուրծք ցցելու եւ մինչեւ վերջին շուրջ վերապրող Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար պայքարելու վճռական որոշումով։ Մանաւանդ որ ցեղասպանը, ռուսական զօրքերու նահանջէն քաջալերուած եւ իր վերջին ուժերն ու զօրքերը հաւաքած՝ կ’արշաւէր Արեւելահայաստանի ուղղութեամբ, ամբողջացնելու համար Հայաստանի կործանման եւ հայ ժողովուրդի բնաջնջման համաթրքական իր երազին իրագործումը։
Արեւմտահայոց Առաջին Համագումարէն ետք, մինչեւ 1919ի Փետրուար 6ը, Հայաստանն ու հայութիւնը պատմական տարողութեամբ անկիւնադարձային հանգրուան նուաճեցին՝ Հայաստանի անկախութեան հռչակումով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեամբ։
Արդէն անկախ Հայաստանի մանուկ Հանրապետութեան մայրաքաղաքին մէջ, արեւմտահայութիւնը վերստին ի մի եկաւ եւ ձեռնարկեց Ազգի ու Հայրենիքի հետագայ ուղին հունաւորելու, բայց մանաւանդ վերապրող հայութեան ընելիքը որոշելու կոչուած Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին։
Երկրորդին ներկայ չեղան Ռոստոմի, Արամի եւ Անդրանիկի տարողութեամբ ղեկավար դէմքերը։ Ռոստոմ եւ Արամ նոր մահացած էին։ Իսկ Անդրանիկ քէնցած էր հանրապետութեան կառավարութեան եւ հայրենիքի ազգային-քաղաքական կեանքը ղեկավարող երէկի իր դաշնակցական ընկերներէն, որոնցմէ շատերուն հետ միասնաբար, կողք-կողքի, կռուած էին երկար տարիներ՝ թրքական անիրաւութեանց, խժդժութեանց եւ ջարդարարութեան դէմ։
Այդ ժամանակաշրջանին փաստօրէն ստեղծուած էր պատմական այնպիսի՛ իրավիճակ, ուր կործանուած ու հայաթափուած բուն Երկրին փոխարէն, Արեւելահայաստանի մէկ փոքր շերտին՝ Արարատեան Դաշտին վրայ, հայ ժողովուրդը միասնաբար նուաճած էր իր ազգային անկախութիւնը եւ լծուած էր իր պետականութեան կառուցումին։
Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ լիարժէք հայոց անկախ պետութիւնը ընդունելու դժուարութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդը։ Ոչ միայն Արարատեան Դաշտ ապաստանած գաղթական արեւմտահայութիւնը, ոչ միայն Պոլիս մնացած, Արաբական Աշխարհ տարագրուած, կամ Պալքաններ ու Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ սփռուած արեւմտահայ բազմութիւնները, այլեւ ամբողջ տասնամեակներ դէպի Երկիր սեւեռած արեւելահայութիւնը ի վիճակի չէին արագօրէն պատշաճելու նոր կացութեան։
Այդ առումով մասնակի կամ զուտ անձնական բնոյթ չունէին նոյնինքն Անդրանիկի անհաշտ հակադրութիւնն ու մերժողական կեցուածքը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ։ Նորանկախ հայոց պետականութիւնը «Արարատեան Հանրապետութիւն» նկատելու եւ զայն իբրեւ «թուրքի նուէր»ը մերժելու Անդրանիկի ազգային-քաղաքական դիրքորոշումը ախտավարակ բնոյթ ստացած էր հայ ժողովուրդի այդ օրերու մտայնութեանց մէջ։ Փարիզի, Լոնտոնի ու եւրոպական այլ մայրաքաղաքներու բեմահարթակներուն վրայ, Հայկական Հարցի բարւոք լուծման համար բոլոր ուժերով քաղաքական ու դիւանագիտական պայքար մղող Ազգային Պատուիրակութիւնը՝ Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ, իր կարգին կ’առաջնորդուէր ու բազմութիւններ կ’առաջնորդէր միեւնոյն՝ Անդրանիկի դրսեւորած պառակտիչ մօտեցումներով։ Այն աստիճան, որ մինչեւ իսկ Դաշնակցութեան արտասահմանեան ղեկավար գործիչներ հակամէտ էին Ազգային Պատուիրակութեան ընտրած ուղիով գործելու եւ երկրորդական կարեւորութիւն տալու Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական Պատուիրակութեան նախաձեռնած քայլերուն։
Սիմոն Վրացեանի խիտ, այլեւ դիպուկ ախտաճանաչումով՝ դէմ յանդիման այդ բոլոր վերապահութիւններուն, «ընդհակառակը, Արարատեան Հանրապետութեան» կառավարութիւնը ամէն կերպ աշխատում էր վերացնել այդ խորթութիւնը եւ, առհասարակ, հատուածական խնդիրը Հայաստանում — մի գործ, որ, ի հարկէ, հեշտ չէր այն ժամանակուայ պայմաններում։
Տասնեակ տարիներ հայ քաղաքական միտքը դաստիարակուել էր այն ուղղութեամբ, որ Հայաստանը այնտե՛ղ էր, Բարթողեան լեռնաշղթայի միւս կողմը. Հայկական Հարց, Հայաստանի ինքնավարութիւն, հայ պետութիւն կարող էր լինել միայն Թիւրքահայաստանում եւ, յանկարծ, բոլորովին չսպասուած տեղից՝ մէջտեղը բռնում է ինչ որ մի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» — մարսելի՞ բան էր այդ։ Յետոյ, այդ «Հանրապետութեան» մէջ դեռ շատ բանից՝ օրէնքներից ու լեզուից սկսած մինչեւ ներքին կարգերը, մինչեւ հանրային կենցաղն ու բարքերը՝ ռուսի հոտ էր բուրում։
Արեւմտահայութեան մտքին ու զգացմունքներին այդ բանը խորթ էր, անհարազատ։ Ուստի եւ զարմանալի չէ, որ անկախութեան առաջին օրերից հէնց նրանք սկսել էին մտածել «ինքնորոշման», իրենց քաղաքական դիրքն ու ընթացքը որոշելու մասին։ Այդ նպատակին ծառայեց Արեւմտահայ Երկրորդ Համագումարը»։
Պատմական դառն ու դաժան իրողութիւնը այն է, որ Հայաստանի անկախութեան եւ հայոց պետականութեան վերականգնման առաջին փուլէն իսկ երեւան եկան «Մենք»ի եւ «Նրանք»ի, «արեւմտահայ»ու եւ «արեւելահայ»ու բաժանումները, որոնք որոշ պահերու եւ պարագաներու սուր հակադրութեանց ու երկփեղկման պատճառ դարձան։
Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը թէեւ իր աշխատանքները սկսաւ նման մթնոլորտի մէջ եւ ընթացաւ համապատասխան բուռն վէճերու արծարծումով, այսուհանդերձ՝ իր աշխատանքները աւարտեց ազգային միասնականութեան ոգին ամրապնդելու ընդհանուր յանձնառութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի կառավարութիւնն ու ատենի Հ.Յ.Դ. ղեկավարութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայեցին, որպէսզի Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը ունենայ լայն ներկայացուցչական բնոյթ, ազատ արտայայտութեան բեմ դառնայ հայ քաղաքական բոլոր հոսանքներուն համար եւ, մանաւանդ, Հայաստանի ու հայութեան գերագոյն շահերուն պաշտպան կանգնելու նախանձախնդրութեամբ առաջնորդուի իր մէկ-շաբաթեայ աշխատանքներու ընթացքին։
Համագումարը նախապատրաստուեցաւ միջ-կուսակցական լայն խորհրդակցութիւններով, որոնք արդիւնաւորուեցան 1918 թուականի Դեկտեմբեր 19ին, երբ ի վերջոյ կեանքի կոչուեցաւ Համագումարի կազմակերպիչ միջ-կուսակցական մարմինը։ Կազմակերպիչ Մարմնի անդամներն էին՝ Գրիգոր Պուլղարացի, Սմբատ, Վ. Տէրոյեան, Ռ. Դրամբեան, Ա. Սասունի, Վ. Յոխիկեան, Յ. Մխիթարեան, Ա. Կիտուր եւ Ն. Պուռնութեան։
Համագումարի կազմակերպման ծախսերուն համար վարչապետ Քաջազնունիի կառավարութիւնը տրամադրեց 35 հազար ռուբլի։
Համագումարի բացման սկզբնական թուական ճշդուած էր 1919ի Յունուար 25ը, բայց ժամկէտը յարգելու դժուարութիւն ունեցող շրջաններու դիմումին ընդառաջելով՝ Կազմակերպիչ Մարմինը որոշեց 6 Փետրուար 1919ին կատարել Համագումարի պաշտօնական բացումը։
Փետրուար 4ին եւ 5ին, Կազմակերպիչ Մարմինը վերջնական ձեւի մէջ դրաւ Համագումարի օրակարգը, որ պիտի բաղկանար երեք մեծ գլուխներէ.-
Ա.- Արեւմտեան Հայաստանի գաղթական հայութեան քաղաքական նպատակներու ձեւակերպումն ու արտայայտութիւնը։
Բ.- Արեւմտեան Հայաստանի գաղթական հայութեան ներգաղթի խնդիրը եւ կազմակերպութիւնը։
Գ.- Արեւմտեան Հայաստանի գաղթական հայութեան ներկայացուցչական ու հաշուեյարդարի մարմնի ընտրութիւնը։
Կազմակերպիչ Մարմինը նաեւ համաձայնութիւն գոյացուց ինչպէս Համագումարի նախագահութեան կազմին, նոյնպէս եւ յանձնախումբերուն եւ զեկուցաբերներուն մասին։ Հաստատուեցան Համագումարի երեք նախագահները.- Գր. Պուլղարացի, Վ. Տէրոյեան եւ Վ. Քրմոյեան։ Նաեւ՝ երկու քարտուղարները.- Ա. Կիտուր եւ Յ. Վարդապետեան։ Կազմակերպիչ Մարմնի կողմէ քաղաքական զեկոյցը յանձնարարուեցաւ Բժ. Պոնափարթեանին։
Համագումարին պատգամաւորութիւնը կազմուեցաւ ժողովրդային քուէարկութեամբ։ 55 ընտրուած պատգամաւորներ մասնակցեցան Համագումարին։ Սիսիանի, Ղամարլուի եւ Դարալագեազի գաղթականները չկրցան կատարել իրենց պատգամաւորներու ընտրութիւնը, իսկ Ղարաքիլիսայի գաղթականութեան ընտրած պատգամաւորները չներկայացան Համագումարին։
Այդպէ՛ս, 6 Փետրուար 1919ին, Հայաստանի Խորհուրդի նիստերու սրահին մէջ կատարուեցաւ պաշտօնական բացումը Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին, որուն բացման հանդիսութեան նախագահութիւնը վարեց Գր. Պուլղարացի։
Վարչապետ Յ. Քաջազնունի ողջոյնի պաշտօնական խօսքով ելոյթ ունեցաւ եւ յորդորեց Համագումարի մասնակիցները, որ յաղթահարեն հայութեան հատուածական բաժանումները եւ Համագումարէն դուրս գան միակամ ու վճռական։
Քննարկումները եղան բուռն, հակադրութիւնները՝ սուր, բայց ի վերջոյ համագումարը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, որ նոյնինքն Արեւմտահայաստանի վերատիրացման եւ աստանդական դարձած արեւմտահայութեան Երկիր վերադարձին համար՝ կար մէկ ու միակ ուղի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վերատարազումն էր ու հռչակումը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ հայրենիքի սահմաններուն ընդարձակումը դարձնելով Հայաստանի կառավարութեան առաջնային եւ աւագ պարտաւորութիւնը։
Այդպէ՛ս ալ եղաւ։
Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարէն ներշնչուած՝ կատարուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան փոփոխութիւն։ Ալ. Խատիսեանի վարչապետութեամբ կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն, որուն անունով՝ վարչապետ Խատիսեան 28 Մայիս 1919ին պաշտօնապէս Հայաստանի Խորհրդարանին ներկայացուց Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իրագործման ուղղութեամբ գործելու իր կառավարութեան անդառնալի յանձնառութիւնը։
Աւելի ուշ, աշնանամուտին՝ Սեպտեմբեր 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան Իններորդ Ընդհանուր ժողովը նաեւ ծրագրային ուժ տուաւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի հանգանակին։
99 տարի առաջ, Փետրուար 6-13ին գումարուած Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը փաստօրէն հունաւորեց հայ ժողովուրդի պատմական ձգտումներուն եւ ազգային գերագոյն շահերուն իրականացման հետագայ ուղին՝ ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան ազգային հանգանակը ամրագրելով։
6-13 Փետրուար 1919.
6-13 Փետրուար 1919. Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի հանգանակը Ն.