— Աշխատանքը կ’ազնուացնէ մարդուս հոգին։
— Քրտինքը կը մաքրէ ներսէն։ Քրտինքը կու գայ այնպիսի տեղերէ,
ուր լոգանքի ջուրը երբեք պիտի չկարենայ հասնիլ…
Վաղը Մայիս Մէկ է դարձեալ եւ աշխարհի չորս ծագերուն, բացառութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի, աշխատանքը դադար կ’առնէ եւ համայն մարդկութիւնը կը տօնէ Աշխատանքի ու Աշխատաւորութեան միջազգային Օրը։
Թէեւ հնադարեան ժամանակներէն մարդկութիւնը տօնած է Մայիս ամսու գալուստը իբրեւ ծաղկումի եւ կենսուրախութեան հեթանոսական տօն, բայց ժամանակակից աշխարհը աշխատանքի եւ աշխատաւորութեան ազատագրումի գաղափարներով կը նշէ Մայիս 1ը։
Մայիս Մէկի մերօրեայ խորհուրդը ուղղակի կապուած է մարդու աշխատանքի ազատագրութեան մեծ շարժումին եւ աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական պայքարին հետ։
128 տարի առաջ սկսաւ Մայիս 1ի ժամանակակից իմաստով նշումը եւ այնքան ալ տօնական տրամադրութիւններով չսկսաւ։ 1890ի Մայիս 1ին, յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, աշխատաւորական կազմակերպութիւնները եւ յեղափոխական կուսակցութիւնները (ընկերվարական, անիշխանական թէ ազատախոհական) փողոց իջան եւ ցոյց կատարեցին՝ ութժամեայ աշխատանքային օրուան սահմանման եւ աշխատանքային պայմաններու բարելաւման, այլեւ ընդհանրապէս աշխատաւորութեան կեանքի բարելաւման պահանջներով։
Յատկապէս աշխատաւորներու մասնակցութեամբ կատարուած առաջին Մայիս 1ի ցոյցերը այդպէս՝ պատահական կամ ինքնաբուխ չեղան։ Տարի մը առաջ, 1889ի Յուլիսին, Ֆրանսական մեծ Յեղափոխութեան հարիւրամեակին առիթով գումարուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի (պատմութեան ծանօթ իբրեւ Երկրորդ Միջազգայնական) հիմնադիր ժողովը, որ հետագայ իր գործունէութեան վերաբերեալ որոշումներու շարքին՝ Մայիս Մէկը հռչակեց իբրեւ աշխատաւորական շարժումներու միջազգային զօրակցութեան Օր։
Միջազգայնականի այդ որոշումն էր, որ ի գործ դրուեցաւ 1890ին, իսկ Մայիս 1ին աշխատաւորական պայքարին զօրակցութեան իմաստ տալու գաղափարը բխած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն ծաւալուն բնոյթ ստացած աշխատաւորական շարժումին թիկունք կանգնելու Ընկերվար Միջազգայնականի քաղաքական դիրքորոշումէն։
Արդարեւ, աշխատաւորական շարժումը ակնբախ յառաջխաղացք արձանագրած էր Մ. Նահանգներու մէջ՝ օգտուելով ազատ մտածողութեան եւ քաղաքացիական ազատ գործունէութեան՝ Եւրոպայի համեմատ աւելի ձեռնտու պայմաններէն։ Եւ 1886ին, Մայիսի առաջին օրերուն, Մ. Նահանգներու աշխատաւորական եւ գաղթականական կեդրոնացման քաղաքներէն Շիքակոյի մէջ, աշխատաւորները փողոց իջած էին եւ օրերու վրայ շարունակուած ցոյցերու միջոցաւ կը պահանջէին, որ օրէնքով նուիրագործուի ութժամեայ աշխատանքային օրուան իրենց պահանջը։ Մայիս 4ին, Շիքակոյի Հէյմարքէթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցը շատ բազմամարդ եւ բուռն եղած էր՝ ոստիկանութեան հետ առճակատման երթալու իմաստով։ Անորոշ կողմէ ռումբ նետուած էր ցոյցին հսկող ոստիկանութեան վրայ՝ զոհեր խլելով ոստիկաններէն, որոնք անմիջապէս կրակ բացին ցուցարարներուն վրայ եւ պատճառ դարձան 8 մեռեալի եւ տասնեակներով վիրաւորներու։ Անշուշտ օրին դատ-դատավարութիւն տեղի ունեցաւ, բայց դատարանը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց, ռումբի արձակման բուն պատասխանատուները յայտնաբերելու փոխարէն, ցոյցի կազմակերպիչներուն քաղաքական համոզումներուն քննարկման եւ բացայայտման վրայ, ինչ որ քաղաքականացուց աշխատաւորական շարժման ամբողջ հարցը։
Նոյն պատճառով ալ, Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը՝ Քլիվլընտ փութաց զօրակցելու ամերիկացի աշխատաւորական միութիւններէն Աշխատանքի Ասպետներ արհեստակցական կազմակերպութեան, որ ի հակազդեցութիւն ընկերվարական համոզումներով Հէյմարքէթի ցուցարարներուն՝ առաջարկեց Սեպտեմբերին տօնել Աշխատանքի Օրը եւ այդպէս ալ, Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ, մինչեւ այսօր Աշխատանքի Օրը կը տօնուի Սեպտեմբերին։
Եւ այդպէս սկսաւ Մայիս Մէկի միջազգային շարժման կենսագրութիւնը։
Սկզբնապէս սահմանափակուեցաւ ութժամեայ աշխատանքային օրուան, աշխատավարձերու արդար գնահատման եւ գործատեղիներու մէջ աւելի յարմար պայմաններու ապահովման պահանջներով։
Բայց որովհետեւ 19րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսած աշխարհով մէկ վարակիչ դարձած էին ազգային եւ ընկերային ազատագրումի յեղափոխական շարժումները, Մայիս Մէկի ոգեկոչումներն ու տօնախմբութիւնները շատ արագ ամէնուր վերածուեցան բողոքի եւ ցոյցի պոռթկումներու՝ իշխանութեանց եւ ժողովրդային խաւերու միջեւ բախումի առիթներու։
Նոյնքան արագութեամբ զուտ աշխատաւորական պահանջներու վրայ գումարուեցան ազգային եւ կրօնական, մշակութային եւ հասարակական ազատագրումի առաջադրանքներ, մինչեւ որ տասնամեակէ տասնամեակ յարաճուն թափ ապահովելով՝ Մայիս Մէկի ելոյթները ընդգրկեցին լայնագոյն հասկացողութեամբ իրաւունքի պաշտպանութեան եւ արդարութեան ամէն կարգի պահանջ։
Մայիս Մէկը այսօր եւս կը պահպանէ, անշո՛ւշտ, շեշտակիօրէն Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան Միջազգային Օրուան իր նշանակութիւնը։ Բայց այսօր արդէն Աշխատանքն ու Աշխատաւորութիւնը շատ բան կորսնցուցած են նեղ դասակարգային իրենց սկզբնական իմաստէն եւ արժէքէն։ Ընդհակառակն՝ ցեղային ու սեռային հաւասարութեան, ազգային պաշտպանուածութեան եւ արդարութեան, ժողովրդավարական յարաբերութիւններու եւ հակակշիռներու ընդլայնման, կենսոլորտի անխաթար պահպանման եւ կրօնական ու քաղաքակրթական ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացման պահանջները ամբողջ հորիզոնը բացած են Մայիս Մէկի իմաստին եւ արժէքին առջեւ։
Յամենայնդէպս, Մայիս Մէկի գաղափարական խորհուրդին տարողունակութեան ընդլայնումը եւ ընկերային այլ շարժումներու վրայ տարածումը, բնականաբար, շատ բան նուազեցուցին անոր էապէս աշխատաւորական պայքարի նշանակութենէն եւ հնչեղութենէն։ Բայց նոյնիսկ մեր օրերուն, աշխարհի որեւէ անկիւնը, մինչեւ անգամ ժողովրդավարականօրէն հաստատաքայլ յառաջդիմած երկիրներու մէջ, երբ աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը իրաւազրկելու քայլեր կ’արձանագրուին, Մայիս 1ը անմիջապէս կը վերագտնէ երբեմնի իր բուռն պայքարի տարողութիւնը՝ աշխատաւորութեան եւ իշխանութեան միջեւ արիւնալի բախումներու յանգելով։
Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, 19րդ դարավերջէն սկսեալ, Մայիս Մէկը ոչ միայն հայ գրողներու՝ Վարուժաններու եւ Վարանդեաններու ու անոնց գաղափարական ենթահողը կազմող հայ ազգային-ազատագրական շարժման ներշնչման աղբիւրը դարձաւ, այլեւ՝ հետեւողականօրէն մղում տուաւ համամարդկային մեծ իտէալներով առաջնորդուելու սկզբունքայնութեան։
Մայիս 1ը քաղաքականօրէն չարաշահուեցաւ նաեւ հայ քաղաքական մտքի պոլշեւիկեան թեւին կողմէ եւ, հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն, միշտ սեւով ու մուրով պիտի յիշատակուի 1920ի Մայիս 1ը, երբ Կարմիր Բանակի հրահրումով՝ հայ պոլշեւիկները Կարսի մէջ Աշխատաւորական Օրուան հանդիսութիւնները փորձեցին ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ բողոքի շարժումի եւ քաղաքացիական խռովութիւններու ծաւալումին…
Պատմութիւնը վկայ է, որ մեր ժողովուրդը իր ազգային առողջ բնազդով կուլ չգնաց պոլշեւիկեան խորշակի այլասերման ու դաւանամոլութեան վտանգին։ Ամբողջ եօթանասուն տարի խորհրդային ամբողջատիրութեան ներարկած գաղափարական թունաւորումէն ետք անգամ, հայ քաղաքական միտքը կրցաւ իր ազգային ժառանգութեան հարազատ ակունքներով վերականգնիլ։
Եւ Մայիս Մէկի խորհուրդը մաքրազտեց «աշխատաւորական պետութեան», «աշխատաւորական բռնակալութեան» եւ նմանատիպ գաղափարախօսական չարաշահումներէն։ Վերագտաւ Մայիս 1ի մարդկայնական՝ Իրաւունքի եւ Արդարութեան համար մղուող պայքարի իմաստը։
Դարձեալ Մայիս Մէկ է եւ բովանդակ մարդկութեան հետ նաեւ հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ իր կտրած ուղին քննելու, այսօրուան իր երթը արգելակող ընկերային կապանքներուն անդրադառնալու եւ վաղուան իր յառաջխաղացքը հարթելու գաղափարական հրամայականը։
Կը վերանորոգէ արեւուն տակ իր ազգային եւ ընկերային ազատ ու արդար կեանքը նուաճելու ուխտը։
Եւ կը վերաթարմացնէ աշխատաւորին զօրակցելու վեհ զգայնութիւնը՝ Դանիէլ Վարուժանի «Բանուորուհին» խորագրով քերթուածի ոգեշունչ խորհուրդով.
Պատուհանիս տակէն, ամէն առաւօտ,
Ուրուականի պէս կ՚անցնիս.
Եւ կուսագեղ գըլուխիդ վրայ կ՚արտասուէ
Տերեւաթափ վարդենիս:
Լուռ թաղին մէջ կը լըսեմ քայլդ, ու զարթնող
Շունն` որ վըրադ կը հաչէ՜.
Կամ կը լըսեմ քընիս մէջէն ձայնն հազիդ`
Որ ծոցդ աղուոր` կը տանջէ:
Եւ կը խորհիմ թէ քընատ ես եւ նոթի.
Իրանդ հովէն կը դողայ.
Եւ կը նըստի գանգուրներուդ վըրայ, քո՛յր,
Եղեամն իբրեւ շափիւղայ:
Կամ մուճակներդ են պատըռտած, փողոցին
Ջուրն անոնց մէջ կը ճողպայ.
Կամ ետեւէդ շըուայտօրէն կը սուլէ
Սըրիկայ մը անոպայ:
Եւ կը խորհիմ թէ, տան մէջ, մայրդ է հիւանդ.
Ցամքած է ձէթն ալ ճրագին.
Ու դուն կ՚երթաս գործատան մէջ աշխատիլ
Լոյսին համար ու կեանքին:
Ես կը խորհի՜մ — եւ խենթի պէս կը բաղձամ
Վար իջնել, քո՛յր դալկադէմ,
Քո՛վըդ իջնել, համբուրել ձեռքըդ նիհար,
Եւ հըծծել. — «Քեզ կը սիրեմ»: —
Կը սիրեմ վիշտդ` որ իմ վիշտս է գերագոյն,
Կը սիրեմ կուրծքըդ քանդուած`
Որուն մէջ դեռ կը յամառի Սէրդ երգել
Արտոյտի պէս սըրարբած:
Կը սիրեմ քու անօթութիւնդ ու ծարաւդ,
Եւ ոսկորներդ ուժասպառ.
Ես կը սիրեմ կոյս աղիքներըդ ցամքած,
Մազերուդ սուգն` ուսէդ վար:
Եւ ես կ՚ուզեմ ամփոփել քեզ սըրտի՜ս վրայ
Տատրակի պէս տարագիր,
Տալ ուժըս քեզ, մըրցանակներըս փառքի,
Եւ ազգանունս անբասիր.
Կուրծքըս վահան ընել կուրծքիդ նըշաւակ,
Եւ քողն ըլլալ պատիւիդ,
Կրանիթէ բազուկիս տակ պաշտպանել
Սեռըդ ու գեղըդ անժըպիտ:
Կ՚ուզեմ քեզ տալ ինչ որ պայքարն ինձ տըուաւ,
Ինչ որ խլեցի մարտերով.
Քեզ պըսակել արիւնիս գոյնն ունեցող
Յաղթանակիս վարդերով:
Միայն թէ դուն չըլլաս տըժգոյն ու քաղցած,
Արեւուն տակ չըհազաս.
Մօրըդ վերեւ չըմարի ճրագն, ու, ո՛վ քոյր,
Դուն գործատուն ա՛լ չերթաս: