Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փին ու­ղար­կո­ւած է 84 քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու կող­մէ ստո­րագ­րո­ւած նա­մա­կը, ո­րով ա­նոր կոչ կ­՛ուղ­ղեն ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Քոնկ­րէ­սին մէջ հայ­կա­կան հար­ցե­րու յանձ­նա­խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ Ֆ­րանք ­Փա­լո­նի հա­մա­ձայն, պէտք է հա­շո­ւի առ­նել մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու յա­ռա­ջա­մար­տիկ ըլ­լա­լը եւ այս տա­րի նա­խա­գա­հի ու­ղեր­ձին մէջ 1915ին կա­տա­րո­ւա­ծը պատ­շա­ճօ­րէն պէտք է բնու­թագ­րել իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն:
«Ա­ւե­լի քան 100 տա­րի ան­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ ժա­մա­նակն է ճանչ­նա­լու հա­յե­րուն դէմ գոր­ծո­ւած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը` զա­նոնք յստա­կօ­րէն կո­չե­լով ի­րենց ա­նու­նով` ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: Ա­տի­կա կրնայ ըլ­լալ հզօր յայ­տա­րա­րու­թիւն նա­խա­գահ Թ­րամ­փի կող­մէ իր նա­խա­գա­հու­թեան ա­ռա­ջին փու­լին` յի­շե­լով 1,5 մի­լիոն հա­յե­րը, ո­րոնք օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ զո­հերն էին»,- ը­սած է ան:
­Նա­խա­գահ Թ­րամ­փին ուղ­ղուած նա­մա­կին մէջ մաս­նա­ւո­րա­բար ը­սո­ւած է.- «Ան­կեղ­ծօ­րէն եւ ճիշդ ա­ռաջ­նոր­դե­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տակ­ման գոր­ծը` դուք պէտք է հե­տե­ւիք նա­խա­գահ ­Ռի­կը­նին, որ ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 1981ին, եւ Այզն­հաու­րի վար­չա­կազ­մին, որ նոյ­նը ը­րաւ 1951ին` գոր­ծը ներ­կա­յաց­նե­լով Ար­դա­րա­դա­տու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Դա­տա­րան»:
Իր նա­խա­գա­հու­թեան տա­րի­նե­րուն ­Ռո­նըլտ ­Ռի­կըն ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը` յայ­տա­րա­րե­լով, որ Ող­ջա­կի­զու­մի դա­սե­րը եր­բեք պէտք չէ մոռ­ցուին, ինչ­պէս ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեա­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ մինչ այդ, եւ ­Քամ­պո­տիոյ ցե­ղաս­պա­նու­թեա­նը, որ յա­ջոր­դեց ա­տոր: