­Պոլ­սոյ ­Թուզ­լա շրջա­նին մէջ գտնո­ւող հայ որ­բե­րու «­Քեմփ Ար­մէն» ճամ­բա­րի վե­րա­կանգն­ման ճար­տա­րա­պե­տա­կան նա­խա­գի­ծը պատ­րաստ է: Թր­քա­կան «Sondakika-24» լրա­տո­ւա­կան կայ­քի տե­ղե­կաց­մամբ` ճամ­բա­րը հա­մայն­քին պի­տի ծա­ռա­յէ իբ­րեւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն` միա­ժա­մա­նակ մնա­լով որ­բա­նոց:
­Կե­տիկ-փա­շա­յի հա­յ­կա­կան ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ դպրո­ցի հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­գահ Գ­րի­գոր Ա­ղա­պե­լօղ­լուն յայտ­նած է, որ աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի սկսին, երբ ­Թուզ­լա­յի թա­ղա­պե­տա­րա­նը հրա­ժա­րի ճամ­բա­րի բա­րե­կարգ­ման նա­խա­գի­ծին վրայ գրո­ւած «վար­չա­կան տա­րածք» ար­տա­յայ­տու­թե­նէն:
«Այդ պա­րա­գա­յին պի­տի կա­րե­նանք սկսիլ ծրագ­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ա­տի­կա մե­զի հա­մար մեծ ու­րա­խու­թիւն պի­տի ըլ­լայ: ­Կը ցան­կանք, որ ի­րա­ւա­սու մար­մին­նե­րը վայր­կեան ա­ռաջ այս հար­ցով զբա­ղին: ­Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն ու­րախ լուր կը սպա­սենք»,- ermenihaber.amի փո­խանց­մամբ՝ ը­սած է ան:
­Յի­շեց­նենք, որ «­Քեմփ Ար­մէն» հայ­կա­կան ճամ­բա­րը ­Պոլ­սոյ ­Թուզ­լա շրջա­նին մէջ գտնո­ւող լքեալ ու կի­սա­քանդ շի­նու­թիւն մը է: 8552քմ. տա­րածք զբա­ղեց­նող «­Քեմփ Ար­մէն»ը 1961ին գնո­ւած է ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ եւ ծա­ռա­յած է իբ­րեւ ա­մառ­նա­յին ճամ­բար` հայ­կա­կան դպրո­ցի չքա­ւոր ու որբ սա­նե­րուն հա­մար: ­Հոն մեծ­ցած են Հ­րանդ ­Տին­քը եւ ա­նոր կի­նը` ­Ռա­քէ­լը: ­Հե­տա­գա­յին ճամ­բա­րը թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ա­պօ­րի­նա­բար խլո­ւած է հայ հա­մայն­քէն:
2015 թո­ւա­կա­նին ճամ­բա­րի սե­փա­կա­նա­տէ­րը ո­րո­շած էր քան­դել զայն, սա­կայն հայ հա­մայն­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եր­կա­րա­տեւ պայ­քա­րին շնոր­հիւ ճամ­բա­րը տրո­ւե­ցաւ իր ի­րա­ւա­տի­րո­ջը` ­Կե­տիկ-փա­շա­յի հայ­կա­կան ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րա­մին: