­Քե­սա­պի գթա­սիրտ քոյ­րը` Է­ֆի ­Չեմ­պըրզ

­Քե­սա­պի գթա­սիրտ քոյ­րը` Է­ֆի ­Չեմ­պըրզ

0
21363

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Ան­ցեալ դա­րուն ­Քե­սա­պի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մա­սին ե­ղած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ օ­տար ազ­գի մի­սիո­նար­նե­րու ար­խիւ­նե­րուն մէջ կան տա­կա­ւին բազ­մա­թիւ փաս­տա­թուղ­թեր, նա­մակ­ներ եւ վա­ւե­րագ­րա­կան յու­շագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը սպա­սեն ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ լոյս ըն­ծայ­ման:
Այդ մի­սիո­նա­րու­հի­նե­րէն մէկն է ա­մե­րի­կա­ցի քոյր Է­ֆի ­Չեմ­պըր­զը, որ 19 տա­րի անմ­նա­ցորդ ծա­ռա­յած է Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ ապ­րած հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն: Ան իր ծա­ռա­յու­թեան վեր­ջին 8 տա­րի­նե­րը ան­ցու­ցած է ­Քե­սա­պի մէջ` մե­ծա­պէս օգ­տա­կար դառ­նա­լով այն օ­րե­րուն կղզիա­ցած դիրք ու­նե­ցող ա­ւա­նին:
­Քոյր Է­ֆի ­Չեմ­պըրզ 1904 թո­ւա­կա­նին կ­՛այ­ցե­լէ ­Քե­սապ, ուր կը մնայ մին­չեւ 1912` իր վե­րա­դար­ձը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ:
Ա­մե­րի­կա­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, զգա­լով որ­բախ­նամ գոր­ծին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը` 1896ին Ե­դե­սիա ու­ղար­կած են ­Միս Է­ֆի ­Չեմ­պըրզ ա­մե­րի­կա­ցի օ­րիոր­դը: Ան ա­ռա­ջին ան­գամ ղրկո­ւած էր ­Կար­նոյ կող­մե­րը` իբ­րեւ մի­սիո­նա­րու­հի, ուր տա­րի­ներ աշ­խա­տե­լով` ա­ռիթ ուն­ցած էր մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րե­լու հայ ազ­գը: Ան սոր­ված էր հա­յե­րէն եւ սա­հուն կը խօ­սէր: Ան ստանձ­նած է նաեւ Ե­դե­սիոյ աղջ­կանց որ­բա­նո­ցին եւ միա­ցեալ երկ­սեռ վար­ժա­րան­նե­րու տես­չու­թու­նը: ­Միս ­Չեմ­պըր­զի հա­մար նշա­նա­կու­թիւն չեն ու­նե­ցած կրօ­նա­կան կամ յա­րա­նո­ւա­նա­կան բա­ժա­նում­նե­րը: Իր աչ­քին ու­նե­ցած է մի­միայն հայ աղ­քա­տիկ ու­սա­նող­նե­րու օ­գու­տը: 1904ին կը ստանձ­նէ Այն­թա­պի աղջ­կանց քո­լե­ճի տնօ­րէ­նու­թան պաշ­տօ­նը, իսկ 1905ին Այն­թա­պէն կը մեկ­նի ­Քե­սապ` ստանձ­նե­լու ­Քե­սա­պի մի­սիո­նա­րու­թեան պաշ­տօ­նը: ­Քե­սա­պի մէջ ­Միս ­Չեմ­պըր­զի ա­ռա­ջին գոր­ծը ե­ղած է ար­դէն սկսած կրթա­կան գոր­ծին զարկ տալ:
«­Միս ­Չեմ­պըրզ աղջ­կանց կրթու­թեան գոր­ծը հաս­ցուց պա­հան­ջո­ւած բարձ­րու­թեան: ­Ժո­ղո­վա­րա­նին կից գտնո­ւող պար­տէ­զը գնե­լով` իր անձ­նա­կան ծախ­սով շի­նել տո­ւաւ աղջ­կանց յա­տուկ եւ նպա­տա­կա­յար­մար վար­ժա­րան մը. նոյն­պէս զարկ տո­ւաւ տղոց կրթա­կան գոր­ծին: ­Քա­նի մը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին բա­ւա­կան թի­ւով մանչ եւ աղ­ջիկ, քո­լէ­ճա­կան կրթու­թիւն ստա­ցած, վե­րա­դար­ձան ­Քե­սապ` ստանձ­նե­լու կրթա­կան գոր­ծը: Այս­պէս, կարճ ժա­մա­նա­կի մը ըն­թաց­քին, ­Քե­սա­պի հա­յու­թեան կրթա­կան մա­կար­դա­կը բո­լոր­վին յե­ղաշր­ջո­ւած էր: ­Բա­ւա­կան թի­ւով կա­րող ու­սու­ցիչ­ներ եւ բժիշկ­ներ ­Քե­սա­պի մէջ գոր­ծի վրայ էին` շնոր­հիւ ­Միս ­Չեմ­պըր­զի թա­փած ան­խոնջ ջան­քե­րուն» (1): Ան իր անձ­նա­կան ծախ­սով ­Քե­սա­պի մէջ շի­նել տո­ւած է նաեւ փա­ռա­ւոր ըն­թեր­ցա­րան մը` իր ճոխ գրա­դա­րա­նով, եր­գե­հո­նով եւ զա­նա­զան կազ­մած­նե­րով:
1908ին Օս­մա­նեան ­Սաhմա­նադ­րու­թեան հռչակ­ման լու­րը կը հաս­նէր նաեւ ­Քե­սապ եւ կը խան­դա­վա­ռէր տեղ­ւոյն բնակ­չու­թիւ­նը, բայց տա­րի մը չան­ցած` սկիզբ կ­՛առ­նեն կի­լի­կեան ջար­դե­րը: Ան­տիո­քի հա­յե­րը ջար­դի կ­՛են­թար­կո­ւին: ­Ջար­դե­րու սրտաճմլիկ լու­րե­րը շու­տով ­Քե­սապ կը հաս­նին: ­Քե­սապ­ցիք ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան մա­սին կը մտա­ծեն: Ե­րեք­շաբ­թի՝ 23 Ապ­րի­լին կը նկա­տո­ւի Օր­տո­ւէն ել­լող խու­ժա­նի մը յա­ռաջ­խա­ղաց­քը դէ­պի ­Քե­սապ (2): ­Ժո­ղո­վուր­դը կը բարձ­րա­նայ ­Գա­րա­տու­րա­նի լեռ­նե­րը, զի­նեալ քե­սապ­ցի­նե­րը կը դի­մադ­րեն, բայց շու­տով կը քա­շո­ւին լեռ­ներ ու բարձ­րէն կը դի­տեն թա­լա­նո­ւող ու հրկի­զո­ւող ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, դպրոց­ներն ու տու­նե­րը: Ապ­րիլ 24ին «­Վի­կեր» եւ «­Ժիւլ ­Ֆե­րի» նա­ւե­րով ­Լա­թա­քիա կը տե­ղա­փո­խո­ւին մօ­տա­ւո­րա­պէս 6500 քե­սապ­ցի­ներ, ո­րոնք կը տե­ղա­ւո­րո­ւին հա­յե­րու հո­գե­տան, լա­տին­նե­րու վան­քին եւ ա­մե­րի­կեան մի­սիո­նար­նե­րու կեդ­րոն­նե­րուն մէջ:
Ապ­րի­լի վեր­ջա­ւո­րու­թեան քե­սապ­ցիք ֆրան­սա­կան «­Մի­շը­լէ» եւ «­Ժիւլ ­Ֆե­րի» զրա­հա­նա­ւե­րով կը վե­րա­դառ­նան ­Պա­սիթ ծո­վե­զերք, ուր­կէ ալ կա­մաց-կա­մաց կը բարձ­րա­նան ­Քե­սապ: ­Հայ եւ օ­տար բա­րե­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ օգ­նու­թեան կը փու­թան քե­սապ­ցի­նե­րուն: Այս ըն­թաց­քին ­Քե­սա­պէն բա­ցա­կայ կ­՛ըլ­լայ քոյր Է­ֆի ­Չեմ­պըր­զը, բայց վե­րա­դար­ձին` ­Յու­լիս 10ին, ա­մե­րի­կեան պար­բե­րա­թեր­թի (3) մը կը գրէ նա­մակ մը, ո­րուն մէջ ան կը նկա­րագ­րէ քե­սապ­ցի­նե­րու ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւ­նը եւ դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րը: Ան տե­ղա­հա­նու­թեան եւ փա­խուս­տի պատ­կեր­նե­րը կը նկա­րագ­րէ իր նա­մա­կին մէջ, յատ­կա­պէս կի­նե­րուն կրած տա­ռա­պան­քը` փա­խուս­տի ճամ­բուն վրայ: Ան կ­՛ը­սէ.- «Ա՜հ, ե­թէ միայն ի­մա­նաք, թէ ի՛նչ սար­սա­փե­լի բան պա­տա­հած է, եւ թէ ինչ­պէ՛ս մեր սի­րե­լի կի­նե­րը տա­ռա­պած են եւ մեր քաջ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք դի­մադ­րած են վեց-եօ­թը ժամ, որ­պէս­զի կի­ներն ու աղ­ջիկ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նա­յին փախ­չե­լով եւ թաք­նո­ւե­լով հաս­նե­լու ծո­վափ… կի­նե­րը ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ շալ­կած էին կամ կռնա­կը, իսկ ա­ւե­լի մե­ծե­րը փաթ­թո­ւած էին ի­րենց մօր փէ­շե­րուն… այդ սար­սա­փե­լի օ­րը Ե­րեք­շաբ­թի էր, Ապ­րիլ 23: Ես ­Քե­սա­պէն բա­ցա­կայ էի, բայց իմ ա­շա­կեր­տու­հի­ներս ու­րիշ­նե­րու հետ փա­խուս­տի դի­մած են եւ տե­ղա­փո­խո­ւած Փ­րես­պի­թե­րիան դպրո­ցը, ուր ես գտայ զի­րենք Ա­տա­նա­յի կո­տո­րած­նե­րու տե­սա­րան­նե­րուն ի­րա­զեկ դառ­նա­լէ վե­րա­դար­ձիս: Ա­շա­կեր­տու­հի­ներս ա­պա­հով էին, ա­նոնց­մէ ոչ մէ­կը բա­ցա­կայ էր, եւ ես ու­րախ եւ ե­րախ­տա­պարտ եմ, բայց բո­լո­րին պէս ա­մէն բան կորսն­ցու­ցած էին` բա­ցի ի­րենց վրայ կրած հա­գուս­տէն»:
­Քոյր ­Չեմ­պըրզ իր նա­մա­կին մէջ կը խօ­սի ­Քե­սա­պի ընդ­հա­նուր վի­ճա­կին, մար­դոց կա­րիք­նե­րուն, զար­հու­րե­լի պայ­ման­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ օգ­նե­լու իր բարձր տրա­մադ­րու­թեան մա­սին: Ան նոյ­նիսկ կը հրա­ժա­րի իր տա­րե­կան ար­ձա­կուր­դէն, որ­պէս­զի ի­րենց անմ­խի­թար վի­ճա­կին մէջ չձգէ կի­նե­րը.- «Այդ օ­րե­րուն բո­լորս նոյնն էինք, չկար հա­րուստ կամ աղ­քատ, բո­լորս միա­սին էինք: ­Կը մտա­ծէի, որ ե­թէ իմ տունս եւ աղ­ջիկ­նե­րուն դպրո­ցը այ­րած չըլ­լա­յին, բազ­մա­թիւ մար­դոց ա­պաս­տան կու տա­յինք, բայց միւս կող­մէ` ու­րախ եմ, որ ես ալ ի­րենց հետ կը տա­ռա­պիմ: Այս մէ­կը տար­բեր է իմ կա­տա­րած օգ­նու­թեան բո­լոր գոր­ծե­րէս, չեմ նե­ղա­նար, որ այդ­պէս է: Այս ա­ղէ­տը մեզ ա­ւե­լի ի­րա­րու միա­ցուց եւ ին­ծի հնա­րա­ւո­րու­թիւն տո­ւաւ ի­րենց օգ­նե­լու: Ա­նօ­թե­ւան մնա­ցած է ա­ւե­լի քան 500 ըն­տա­նիք, մեր օգ­նու­թեան ցան­կին վրայ ու­նինք 5500 ա­նուն, ո­րոնք կա­րիք ու­նին հա­ցի, հա­գո­ւե­լի­քի, գիւ­ղատնտե­սա­կան գոր­ծիք­նե­րու, կեն­ցա­ղա­յին պա­րա­գա­նե­րու: Ա­մէն ինչ կորսն­ցու­ցած ենք, նոյ­նիսկ ա­սեղ, թել եւ մկրատ չու­նինք: ­Բաշ­խե­ցինք 1000 բարձ եւ ծած­կոց, բայց դեռ 4000ի պէտք ու­նինք… ­Փոքր խնդիր չէ 10 գիւ­ղե­րու տու­նե­րու, հա­գուս­տի եւ կե­րա­կու­րի հար­ցե­րը կար­գա­ւո­րել, բայց բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն, այս բո­լո­րը պէտք է ըլ­լան նախ­քան ձմեռ, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը չմա­հա­նայ սո­վէն: Այս մար­դի­կը պէտք է փրկո­ւին, խրա­խու­սո­ւին եւ կրկին սկսին: Ես պէտք է այս մէ­կը ը­նեմ. այն­պէս որ, այս տա­րի կը զեղ­չեմ ար­ձա­կուրդս, ո­րով­հե­տեւ ի­րենք մի­նակ չեն ձգո­ւիր… ­Ներ­կա­յիս մեր քա­րոզ­չա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րենք աղ­ջիկ­նե­րու դպրո­ցի բա­կին մէջ, ըն­կու­զե­նիի ծա­ռին տակ»:
«­Քա­նի մը բա­ռով ներ­կա­յաց­նեմ անց­նող շա­բաթ­նե­րուն իմ պատ­մու­թիւնս. 10 օր գա­ցի Ա­տա­նա, ուր մնա­ցի տա­րե­կան հան­դի­պու­մին… Ապ­րիլ 24ին ճամ­բայ ե­լայ դէ­պի ­Տար­սոն, ուր մնա­ցի մէկ-եր­կու օր` սպա­սե­լով, որ ճամ­բա­նե­րը բա­ցո­ւին, որ­մէ ետք վե­րա­դար­ձայ ­Քե­սապ: Ես հան­գիստ եմ եւ ու­րախ, որ կը կա­տա­րեմ` ինչ որ կրնամ այս աղ­քատ մար­դոց: Երբ դա­տա­կան-զի­նո­ւո­րա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ւար­տին, գո­նէ մե­ղա­ւոր­նե­րը կը պատ­ժո­ւին, մենք յոյս ու­նինք, որ ժո­ղո­վուր­դը իր ու­ժը կը գտնէ»:
«­Քե­սա­պի եւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րուն մէջ ու­նինք 60 այ­րի եւ մօտ 100 որբ ե­րե­խա­ներ, ո­րոնց­մէ ո­մանք ե­րե­ւա­կա­յե­լի են ա­մէ­նէն աղ­քատ հան­գա­մանք­նե­րու մէջ: ­Յոյ­սով եմ, որ քոյր ­Շա­թը­քը, քոյր ­Սալ­մոն­տը եւ քոյր Ֆ­րեր­սը­նը կը յա­ջո­ղին վերց­նել այն ե­րե­խա­նե­րը, զորս պէտք է առ­նեն, եւ մենք ստի­պո­ւած չենք ըլ­լար նոր որ­բա­նոց մը բա­նա­լու»:
«­Քե­սա­պի մէջ մեր ու­նե­ցած­նե­րէն ոչ մէկ բան կրցած եմ փրկել, շատ քիչ բան տա­րած էի Ա­տա­նա, բայց քոյր ­Շա­տըք եւ ­Լա­թա­քիա գտնո­ւող միւս ըն­կեր­նե­րը օգ­նե­ցին, որ ես ներ­կա­յիս ու­նե­նամ, ինչ որ ին­ծի ա­մէ­նէն շատ հար­կա­ւոր է` ձմեռ­նա­յին հա­գուստ­ներ եւ գուլ­պա­ներ: ­Զիս շրջա­պա­տող այն­քան կա­րի­քա­ւոր մար­դոց մէջ եմ, որ նոյ­նիսկ ժա­մա­նակ չու­նիմ մտա­ծե­լու իմ կա­րիք­նե­րուս մա­սին: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, երբ ինք­զինքս ու­րիշ­նե­րու հետ հա­մե­մա­տեմ, ին­ծի կը թո­ւի, թէ ո­րե­ւէ բա­նի պէտք չու­նիմ: Ան­ցեալ օր գտայ հին հա­գուստ­նե­րէն փէշ մը եւ տո­ւի այն աղ­քատ կնոջ, որ եր­կու օր ա­ռաջ խնդրած էր ինձ­մէ փէշ մը, եւ ես չու­նէի տա­լու բան, ա­հա հի­մա զայն առ­նե­լով` ու­րա­խա­ցաւ»: Այս տո­ղե­րով քոյր Է­ֆի ­Չեմ­պըրզ ա­ւար­տած է իր նա­մա­կը:
«­Միս ­Չեմ­պըրզ ան­կեղ­ծօ­րէն հա­մակ­րող մըն էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ գործ­նա­կա­նօ­րէն քա­ջա­լե­րող մը` ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը. այս հա­մակ­րան­քին պատ­ճա­ռով, շատ մը դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ­ներ, ա­մէնքն ալ` բնիկ քե­սապ­ցի­ներ, կրցած են ­Միս ­Չեմ­պըր­զի նիւ­թա­կան օգ­նու­թեամբ բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն ստա­նալ` զա­նա­զան քո­լէճ­նե­րու մէջ եւ հե­տե­ւիլ մաս­նա­գի­տու­թեան մը, ինչ­պէս` տոքթ. Ա­ւե­տիս Ին­ճե­ճի­քեա­նը եւ տոքթ. ­Սա­մո­ւէլ Մկր­տի­չեա­նը» (4):
1909ի ­Քե­սա­պի ա­ղէ­տէն ե­րեք տա­րի ետք, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն որ­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն, քոյր է­ֆի ­Չեմ­պըր­զին կը նո­ւի­րո­ւի կա­պոյտ ձե­ռա­գործ մը, ո­րուն վրայ հա­յե­րէն ա­սեղ­նա­գոր­ծո­ւած է «Ե­րախ­տա­պարտ ­Քե­սա­պի ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն», իսկ անգ­լե­րէ­նով` «TO E.M. CHAMBERS, IN A MEMORY OF GRATITUDE. WE WILL NEVER FORGET»:
Ե­րախ­տա­պարտ կը մնանք օ­տա­րազ­գի բո­լոր մի­սիո­նար­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց կեան­քէն հա­տո­ւած մը սի­րով զո­հած են` փրկու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րու օգ­նու­թեան եւ բա­րօր կեան­քին:
Ի­րօք պէտք է հաս­տա­տել, որ ա­տե­նին գրո­ւած վկա­յու­թիւն­նե­րուն վրայ որ­քան ալ ժա­մա­նա­կի փո­շին նստի, ա­տոնք մո­ռա­ցու­թեան չեն մատ­նո­ւիր, ան­պայ­ման լոյս աշ­խարհ կու գան եւ կ­՛ար­ձա­նագ­րո­ւին պատ­մու­թեան է­ջե­րուն:
————————-
1.- «­Դիւ­ցազ­նա­կան Ուր­ֆան եւ իր հա­յոր­դի­նե­րը», Ա­րամ ­Սա­հա­կեան, Ան­թի­լիաս, 2014, էջ 396:
2.- ­Յա­կոբ ­Չո­լա­քեան, «­Քե­սապ» Ա. հա­տոր, ­Հա­լէպ 1995, էջ 91:
3.- Life and light for women by Woman’s board of missions, volume 39, no.10, 1909 p.473:
4.- «­Դիւ­ցազ­նա­կան Ուր­ֆան եւ իր հա­յոր­դի­նե­րը», Ա­րամ ­Սա­հա­կեան, Ան­թի­լիաս, 2014, էջ 397
5.- Vahe H. Apelian, The 1909 Sack of Kessab. What We Know. July 3, 2017։