«ԱԿՕՍ»

18 ­Հոկ­տեմ­բե­րին բեր­ման են­թար­կո­ւած հան­րա­ծա­նօթ գոր­ծա­րար եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ Օս­ման ­Քա­ւա­լա, եր­կու շա­բաթ ոս­տի­կա­նա­կան հար­ցաքն­նու­թեան են­թար­կո­ւե­լէ ետք, 1 ­Նո­յեմ­բե­րին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ եւ բան­տար­կո­ւե­ցաւ ­Սի­լիվ­րիի ար­գե­լա­նո­ցը։
Օս­ման ­Քա­ւա­լա ձեր­բա­կա­լու­թե­նէն ետք ա­ռա­ջին ան­գամ 6 ­Նո­յեմ­բե­րին, ի­րեն այ­ցի ե­կած ­Ժո­ղովրդա­յին-­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր­ներ ­Վե­լի Աղ­պա­պա եւ ­Շե­նալ ­Սա­րը­հա­նի մի­ջո­ցաւ, ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ իր ձեր­բա­կալ­ման ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ ­Քա­ւա­լա նշեց, որ մեծ ա­նար­դա­րու­թեան մը են­թար­կո­ւած է.- «Իմ ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը իշ­խա­նու­թեան ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն դէմ ուղ­ղո­ւած հա­լա­ծան­քին մէկ մաս­նիկն է։ Իմ կամ կնոջս՝ Այ­շէ ­Պուղ­րա­յի ­Ֆե­թուլ­լա­հա­կա­նու­թեամբ մե­ղադ­րո­ւի­լը տրա­մա­բա­նու­թե­նէ դուրս ե­րե­ւոյթ մըն է։ ­Մենք տա­կա­ւին 1990ա­կան տա­րե­թիւ­նե­րուն անդ­րա­դար­ձած էինք այդ վտան­գին եւ կը պայ­քա­րէինք յի­շեալ կա­ռոյ­ցին դէմ։ Իմ ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը հե­տե­ւանք է նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի ան­ձիս դէմ ը­րած մե­ղադ­րանք­նե­րուն»։
­Ժո­ղովր­դա­յին-­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ­Մա­լա­թիոյ ե­րես­փո­խան ­Վե­լի Աղ­պա­պա, այ­ցե­լու­թե­նէն ետք, իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց «Ա­կօս»ին։ Ան նշեց, թէ ­Քա­ւա­լա­յի ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւ տրա­մադ­րու­թիւ­նը բա­ւա­կա­նին լաւ են։ «­Թուր­քիոյ մէջ ար­դա­րա­դա­տու­թեան հա­սած մա­կար­դա­կը ցոյց տա­լու ա­ռու­մով՝ կա­րե­ւոր ե­րե­ւոյթ մըն է, որ իր դէմ ուղ­ղո­ւած մե­ղադ­րանք­նե­րը ի­րա­ւա­ցի չեն։ Ա­պա­գա­յին ի­րա­ւա­բա­նու­թեան գրա­կա­նու­թեան մէջ իբ­րեւ բա­ցա­սա­կան օ­րի­նակ պի­տի գոր­ծա­ծո­ւի այս գոր­ծին ըն­թաց­քը։ ­Զինք կը մե­ղադ­րեն չորս տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թեան զօ­րակ­ցե­լու մէջ՝ իշ­խա­նու­թեան դէմ ապս­տամ­բու­թիւն կազ­մա­կեր­պե­լով եւ դեռ ան­հա­մար, ան­հիմն պնդում­նե­րով։ Այս ձեր­բա­կա­լու­թեամբ կ­՚ու­զեն թէ՛ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը եւ թէ գոր­ծա­տէ­րե­րը լռեց­նել»,- ը­սաւ ­Վե­լի Աղ­պա­պա։
­Մինչ այդ Օս­ման ­Քա­ւա­լա­յի ձեր­բա­կա­լու­թեան դէմ ընդվ­զում­ներն ալ հետզ­հե­տէ կը ծա­ւա­լին։ ­Քա­ւա­լա­յի կինը՝ Այ­շէ ­Պուղ­րա յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­նե­լով ան­գամ մը եւս պնդեց, թէ Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րը պատ­ճառ դար­ձան այս ձեր­բա­կա­լու­թեան։ ­Միւս կող­մէ՝ հա­յազ­գի ա­նո­ւա­նի դե­րա­սան Ար­սի­նէ ­Խան­ճեան եւս հա­կազ­դե­ցու­թիւն ցոյց տո­ւաւ կա­տա­րո­ւած­նե­րուն։ Ան նկա­րագ­րեց եօ­թը տա­րի ա­ռաջ ­Քա­ւա­լա­յի հետ իր ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը եւ դրո­ւա­տեց անց­նող այդ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­նոր շի­նիչ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը հայ-թուր­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի հա­մե­րաշխ գետ­նի մը վրայ ըն­թա­նա­լուն մա­սին։