ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Հայկական Սփիւռքը կը գտնուի շարժուն աւազի տատանող մակերեսի մը վրայ։ Ըսածս՝ հնագիտական բարդ հարցի մը յայտնութիւնը չէ անշուշտ։ Շատ մը բաներ ինքնի՛ն շատ հին են արդէն նախընթաց (չ)ունեցող բազմամեայ մատուցումներով։
Ի դէպ, Հայոց Ցեղասպանութենէն տասնամեակներ յետոյ՝ Սփիւռքի եւ սփիւռքահայութեան ապագան կապուած է իր ամէնօրեայ ժամանակին, իր նախընտրած վայրին եւ իր գոյութեան շարունակականութիւնը էականօրէն ու արմատականօրէն ձեւաւորուող՝ իր իսկ ընտրած նոր հայրենիքի (ներու) (չ)քարտիսագրուած ուղղահայեաց թէ հորիզոնական սահմաններու բովով։
Կաղապարուած մտայնութիւններ քայքայելու միտող այսպիսի յստակ թէ անյստակ շրջագիծի մը մէջ, հայու ժամանակի ու ժամանակագրութեան բնորոշումը կրցա՞ծ ենք վերլուծել։ Հայուն ժամանակը ի՞նչ ձեւով, ի՞նչ չափով կը ստուգաբանէ իւրաքանչիւրին կեանքը, իր հեռանկարային հետեւանքները, անհատապէս՝ տարբեր ձեւով, հաւաքաբար՝ տարբերակուած իւրայատկութեանց արժեւորումներով։ Ժամանակը ինքնիշխա՞ն է, թէ՞ պատահական բան մը եղած է, քանի մեր ապրած ժամանակը երեւան կը բերէ մարդու իրական դիմագիծն ու նկարագիրը, իսկ իւրաքանչիւր մարդու նկարագիրն ալ այլեւս կը ձեւաւորուի իր ժամանակներու արհեստագիտական հոլովոյթի զարգացումներու ազդեցութեան ենթակայ, անոր ընդմէջէն բխող խանդավառութեամբ, կամ ալ՝ իր իսկ ներաշխարհին մէջ ընդելուզուող խանդավառութեան զեղուն յորդումներով։
Ժամանակակից հայերը, ընդհանրապէս, գիտակցականօրէն հայրենասէր են։ Բայց անոնք իրենց հայրենասիրութիւնը ինչպէ՞ս կը զգացնեն ներկայ ժամանակներուն մէջ։ Վստահաբար, ո՛չ երէկուան պէս անպայմանօրէն, ո՛չ ալ երէկուան չափ բացայայտօրէն, մաքուր հայրենասիրութեան մը արտայայտութեամբ։
Մասսայաբար հաւանական ձուլումի առաջնորդող առիթները վերջ չեն գտներ միայն օտարացումով եւ ազգային ինքնութեան նկարագրի աղաւաղումով։ Օտարանալու ամէնէն գէշ ու ազդու երեւոյթը ազգայնօրէն հաւաքական անտարբերութիւնն է, յորձանուտի մը պէս ազդող ու ճնշող։
Գիտենք թէ՝ այս իրողութեան մասին Սփիւռքի հայը հետզհետէ աւելի քիչ կը խօսի, զայն համարելով անիրականանալի տեսութիւններու շաղակրատութիւն։
Բայց Սփիւռքի հայը ե՞րբ պիտի խօսի, լաւապէս հասկնալէ ետք, թէ ան աշխարհի միակ բեւեռային կեդրոնը չէ։ Իրօ՛ք, աշխարհի կեդրոնը միայն հայը չէ։ Աշխարհը միայն հայու, հայութեան ապահովութեան գօտին չէ, արենակցական կապերով թէ անկէ անկախ թրթռացումներով։
Կասկած չկայ բնաւ, թէ Սփիւռքը կառուցային փոփոխութեան պէտք ունի։ Հրամայականօրէ՛ն։ Ցեղասպանութիւնը արդէն տուեալ վիճակը պարտադրեց՝, մեզի սորվեցնելով, թէ որո՞նք են հայուն ու հայութեան ժամանակն ու վայրը։ Աւելին՝ ո՞րն է հայուն նախընտրած իմաստը, նախընտրած արժէքը, սահմանը, նոր արժէքներու ընկալուած օգտագործումը։ Սորվեցուց նաեւ, թէ ո՞րն է հայու գոյութեան ու գոյատեւման իմաստը, իրականութեամբ թէ առանց անոր, խիղճով թէ պարտքով, առանձնապէս շահախնդիր թէ անշահախնդիր միտումներով։
Փաստուած է, որ մեծ թէ փոքր հաւաքականութիւնները անցեալ ունին եւ իրենց անցեալը կ՚արժեւորեն ներկային ու ապագային մէջ։ Տեսնենք սակայն, թէ հիմա այդ հաւաքականութիւնները ինչպէ՞ս կ՚արժեւորեն իրենց գործնական ժամանակը՝ Հայաստանի, Արտերկրի, ընդհանրապէս հայութեան համար, հայութեան հաշւոյն, մաղթանքներով թէ անէծքներով։
Մեր եւ ձեր ժամանակը կ՚արտացոլայ հայուն միտքը, զգացական աշխարհը, հոգեմտաւոր ապրումները, մեծաղմուկ միասնականութեան լոզունքային բորբոքումներով ու մոլեգին հակազդեցութիւններով։
Մտածող հայը զարգացող մտածումով կ՚ապրի։ Հայու հասարակաց մտածումը, իր փիլիսոփայութիւնը, իր մշակոյթն ու դաստիարակութիւնը հիմքը կը կազմեն իր քաղաքակրթութեան։ Ժամանակն ու վայրը մեր հասարակաց կեանքի իմաստասիրական նորագոյն զարգացումը կը կազմեն՝ մեր գիտցած ժամանակին եւ մեր (չ)ընկալած ժամանակին մէջ տագնապալի ու անախորժ դժուարահաճութիւն մը ստեղծելով։
Հիմա, ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս կը կազմաւորուի հայու միտքը իր ապրած ժամանակին մէջ, յատկապէս իր կազմաւորուած նկարագրային բնորոշումներով։ Ցեղասպանութեան գերճնշող ազդեցութեան հետքերուն վրայ, կը թուի թէ՝ նոր զարգացող հոգեբանական մտածումը նոր հայրենասիրական ներշնչում մը պիտի ստեղծէ, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը կ՚ապահովէ ե՛ւ ազատութիւն, ե՛ւ անկախութիւն, եւ շատ մը այլ բաներ, քանի ինչպէս բնականօրէն կ՚ընկալուի, կ՚ակնկալուի՝ ժամանակը կ՚ արտացոլայ մեր մտքերուն ու մտածումներու ներաշխարհին մէջ։
Արդեօ՞ք չենք հասկցած, թէ ժամանակը զուգակշիռօրէն կը նոյնանայ ու կը միաձուլուի զանգուածներու հոլովոյթի զարգացման ընդմէջէն, օգտագործելով մանաւանդ անիրաւուած մասսաներուն խիղճը։
Վերջ ի վերջոյ՝ ժամանակը Աստուծոյ, կամ գերբնական ուժի մը ցուցանիշը չէ, այլ ամէն բանէ առաջ՝ հայու գերբնական հարցն է։
Եկէ՛ք, քիչ մը աւելիով կանգ առնենք հայու ժամանակին վրայ, իր յարափոփոխ կեանքի զարտուղի հանգրուաններով ու աստիճանաբար անփութութեան առաջնորդուող ինքարդարացմամբ։
Ինչպէս բոլոր մարդոց պարագային՝ ժամանակը անխուսափելիօրէն կ’ապրի իր անփոխարինելի հոլովոյթին զանազանող իւրայատկութիւնները։ Զգո՜յշ սակայն, ժամանակը միահեծան չէ, ինքնիշխան չէ, երբեմն կը յաղթէ պատահականութեան, երբեմն ալ կը պարտուի անկէ։ Թերեւս, քիչ մը աճապարենք կարգի դնելու մեր շրջապատը, միջավայրը, որոշ ու տարբերակուած հայերու սնոտիապաշտ մեծամտութիւնը, յաւակնոտ ու գոռոզ այլամերժութիւնը։ Այս տիպի կառոյցներ անծանօթ են ինծի եւ կը ցանկամ, որ անծանօթ մնան մինչեւ կեանքիս վերջը։ Մտքի ու հոգիի մսխումի ժամանակը չէ…
***
Վայր ու ժամանակ. որքա՞ն զբաղուած ենք տարօրինակ այս երկու գործօններով։ Որքանո՞վ պեղած ենք անոնց մէջ սուզուած ենթահողը՝ լպրծուն, անտեսանելի, անվերջօրէն երթեւեկող, գացող-եկող մարդոց հետ։
Ազգային թէ հասարակական գործօններուն հետ, թէ գործօններէն անկախ՝ հայերը ո՞ւր, ինչպէ՞ս կը կազմակերպեն՝ երբեմն ծաղրանկարի նմանող սփիւռքահայ իրենց կեանքը։ Ո՞ր վայրին մէջ, ո՞ր ժամանակով.- ռուսակա՞ն, ուքրանակա՞ն, միջին-արեւելեա՞ն, պարսկակա՞ն, եւրոպակա՞ն։ Ասոնց յենարանները անուն ունի՞ն, քաղաքական հաղորդակցութեան մէջ անուն կը փոխե՞ն։
Ժամանակը կենդանի շարժում ու տարածուած գործունէութիւն է, ճշդուած կամ չճշդուած վայրին մէջ։ Վայրը՝ ժամանակին մէջ։ Կ՚ուզե՞նք փլել, անհետացնել վայրը։ Կ՚ուզե՞նք քանդել ժամանակը։
Ըսէ՛ք, խնդրեմ, հիմա մենք ի՞նչ կ՚ընենք ժամանակին համար եւ ժամանակը ի՞նչ կ՚ընէ մեզի համար։ Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր շարունակականութիւնը։
Ազգային մեր երկու անկախութիւններէն ետք (1918 եւ 1991) հայութիւնը կ՚ապրի՞, թէ՞ չ՚ապրիր մահու-կենաց ճակատագրական հոլովոյթի մը մէջ, մեր պատմագրութիւնը յարմարեցնելով իր ինքնակենսագրութեան։
Ընդունինք, թէ հայու պատմական բոլոր փորձառութիւնները սահմանագծուած են Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակին եւ անոր հետեւանքներու ուրուագիծին մէջ։ Կը հասկնանք արդէն, թէ մեր պարագային, ժամանակը մեր հետ քիչ մը ինքնիշխան ձեւով կը վարուի, կարծես Աստուածային ուժ մը ըլլար ինքնաթելադրութեան սկզբունքներով։
Բայց ժամանակը՝ հոս եւս Աստուծոյ հարց չէ, այլ մարդու մտքի, հոգիի ողջմտութեան ու հեռանկարի հարց է, երբ իրեն համար տրամաբանելի ելք մը կը փնտռէ։
Բայց ի՞նչ են հայու ժամանակն ու վայրը։ Հարց կուտանք խիղճին վրայ պարտք դնելով։
Մարդ արարածը, որպէս գոյապաշտական ու բանաւոր էակ կը դիմանայ միայն ժամանակին մէջ։ Իսկ մենք՝ ժամանակին մէջ կը տարուբերինք իբրեւ հայ, իբրեւ սփիւռքահայ։ Պարզապէս, բան մըն ենք բոլորին պէս եւ տարբեր դասակարգ մը չենք բոլորի ժամանակին մէջ, որովհետեւ աշխարհի բոլոր դասակարգերը որքան անհակակշռելի, նոյնքան մըն ալ հաւասարազօրօրէն հակակշռելի են չարաչար շահագործողներուն ու շահագործուողներուն համար։ Քաւ լիցի՜։
Հարց տուա՞ծ ենք երբեք, թէ հայը ինչպէ՞ս «կը շինուի» ժամանակի շաղախին մէջ, առանց խտրականութեան մէջ որեւէ առաւելութիւն ունենալու՝ Ցեղասպանութեան ժամանակէն առաջ, ժամանակէն վերջ, նոյն տարբեր ժամանակի ու վայրի մը մէջ՝ կարգը յարգելով թէ կարգը խանգարելով։ Այդ կարգը նոր թիրախներու կարելիութիւն ունի՞։
Հայաստանէն արտագաղթողներուն համար կարծեմ, որ Հայաստանը անցեալ է։ Նոյնպէս անցեալ է՝ Միջին Արեւելքի հայագաղութներէն գաղթող հայերուն համար, իրենց նախկին երկրորդ հայրենիքը։ Դեռ չեմ խօսիր անոնց համար, որ Հայաստան ապաստանեցան եւ հայուն յոյսը՝ երազի, հայու երազն ալ՝ յոյսի վերածեցին, բաւարար թէ անբաւարար ակնկալութիւններով, ապրելով իրենց վիպապաշտ հնչեղութեան նախընթաց չունեցող պարզամտութիւնը։
Գաղթելէ ետք սակայն, անցեալը նոր ներկայի վերածելէ յետոյ ալ, կա՞յ, կը մնա՞յ ներքին խիղճով հաւասարակշռուած հայրենասիրական տիպար։ Կրնա՞նք նկարագրել անոր նմոյշը, անոր զուգահեռ բիւրեղացող պատկերացումը, ինքնութեան տարազը եւ դեռ շատ մը այլ յարակից բաներ ու բաներ, ինքնակոչ, խանդաղատալից, հոգեկան մտերմութեամբ թէ քիթ-բերան ծամածռելով։
Հիմա որ սփիւռքահայութեան քարտէսը նոր կաղապարի մը մէջ կը կազմաւորուի, կրնա՞նք հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս կը հասուննայ մեծ, թէ աւելի մեծ հայկական զանգուածներու ներկայի ու ապագայի ժամանակը։ Ի՞նչ համեմատութեամբ ժամանակը կ’ազդէ անոր սուր, բայց տատանող պահանջներուն վրայ։ Բաց պատուհան կա՞յ։
Զգոյշ ըլլանք. հարցը նուրբ եւ միաժամանակ տագնապալի է, եթէ ոչ՝ որեւէ՛ բան պիտի չհասկնանք ժամանակէն, ո՛չ ալ ժամանակը բան պիտի հասկնայ մեզմէ։ Այս հռետորականութիւնը արագօրէն պէտք է փոխուի ու պարզօրէն համընկնի իր իսկ ստեղծած իրապաշտ տարազին հետ։
Պիտի կարենայի երկու տողով ամբողջացնել մտահոգութիւնս, բայց դժուար է այդ մէկը ընել, երբ յատկապէս կը խօսինք էական ու արմատական ժամանակի մը մասին, որ խորապէս քանդակեց հայութիւնը Ցեղասպանութենէ մը ետք, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի հազարումէկ յարձակողական երեսներով։
Եկէք հաստատենք, թէ ժամանակը շարունակութիւն ունի։ Նաեւ ու մանաւանդ աւանդական ժառանգականութիւն, որ ենթակայ է մեր ժամանակակից կեանքի մրցակցութեան ու վերիվայրումներուն։ Մարդը համակարգիչ չէ, համակարգիչն ալ մարդ չէ։
Անցնող տասնամեակներու հոլովոյթին մէջ, հայերուն համար ժամանակը տարօրինակօրէն ներկայ է, ու միաժամանակ՝ տարօրինակօրէն բացակայ, սպառող, հիւծող, կարծրացած, կոշկոռ կապած։ Պիտի յաջողի՞նք մեկնաբանել զայն զգաստացնող մեղանչումով, ազդեցիկ փոփոխութիւններով։
Մտածենք քիչ մը. եթէ աւելի կը պատշաճի ըսել՝ Ցեղասպանութեան ժամանակը առաջին պատճառ մըն է, տեսակ մը՝ առաջին «դասակարգում» մը։ Վերջինը բան մը կ՚աւելցնէ՞, բան մը կը նուազեցնէ՞ հայու գոյութեան ու յարատեւման պատճառին վրայ։ «Դասակարգումները» նոյնինքն պատճառին իմաստն են, եթէ հարկ կը զգանք պատճառ մը վկայակոչելու եւ ժամանակը դատելու մարդու եւ մարդկային կառոյցներու մէջ հոգեկան խզումէ անդին, դէպի ողջակիզում տանող ծաւալներով։
Այս բաները այնքան լաւ վերլուծողներ կան, որ այլեւս նոր վերլուծողներու կարիքը չենք զգար։ Որոշ ղեկավարութիւններ կան, որ շինծու հիացողներ կը ստեղծեն իրենց շուրջ։
Յայտնաբերա՞ծ ենք երբեք, եթէ հայ կեանքի հասարակաց օրինականութեան թէ ապօրինականութեան մէջ ժամանակի տարբերութիւններ կան։
Ինչպէ՞ս է ժամանակը թրքահայերու, վիրահայերու, կիպրահայերու, յունահայերու, պուլկարահայերու թէ ռումանահայերու համար։
Ինչպէ՞ս է պելճիքահայերու, չեխահայերու, լեհահայերու եւ գերմանահայերու հեռաւորութիւնը իրենց միջեւ, իրենց ու հայրենիքի միջեւ, Արցախին հետ, Նախիջեւանին հետ, Կարս-Արտահանին հետ։
Դիտեցէ՛ք. 1915էն հասանք 1918ին եւ 1991էն 2017ին։ Ցեղասպանութենէն 102 տարի յետոյ, Առաջին Անկախութենէն 99 տարի ետք եւ մեր նորագոյն անկախութենէն 26 տարի վերջ։ Այս կլոր տարեթիւերէն ասդին ու անդին, ի՞նչ բնոյթի հոլովոյթ կ՚ապրինք։ Որո՛շ, անորո՛շ։ Որոշն ու անորոշը կրնա՞նք վերասահմանել, վերարժեւորել։ Հարց տանք. ժամանակի հեռաւորութիւնները մօտեցա՞ն, թէ՞ հեռացան մեզմէ։ Այս շրջագիծին մէջ գործող ղեկավարութիւնները ազդեցութիւն ունի՞ն ժողովուրդին վրայ։
Իմանանք. հայրենիքները կը ստեղծուին անկախութեան պակասէն, որովհետեւ անկախութիւնը վերահաստատող ենթահողը ազատութիւնն է. ուզե՛նք թէ չուզե՛նք։ Մեր ղեկավարութիւնները այդ անկախութեան մասին ի՞նչ ձեւով կը խօսին մեր ժողովուրդի տարբեր տարիքներուն հետ։
Մեր հարցը, մեր հարցերը, կը քննարկենք պարտադիր իրապաշտութեան մը բաղդատական համեմատութիւններու վիճակագրական անխուսափելի ու անփոխարինելի հետքերու վրայ քալելէ ետք։
Մեր սերունդը Ցեղասպանութիւն չճանչցաւ, բայց այն սերունդը, որ Ճանչցաւ՝ չէր գիտեր, թէ ի՛նչ է անկախութիւնը։ Իսկ երբ մեր սերունդը անկախութիւնը ճանչցաւ, չկրցաւ մոռնալ Ցեղասպանութիւնը։ Այս երկուքի (ան)ներդաշնակ բաղադրութեամբ լողալ սկսաւ սփիւռքեան խորունկ ջուրերուն մէջ։
Ժամանակի ու վայրի որոշ թէ անորոշ դերակատարութիւնը ամէն ինչի առաջին պատճառն է, երբեմն նաեւ անընդհատ վկայակոչուող պատճառաբանութիւնը. վերջաւորութեան սկիզբը, եթէ կ՚ուզէք՝ սկիզբին վերջաւորութիւնը։
Ատենօք՝ անցեալին մէջ ապագայ կար. հիմա՝ անցեալը կը վախցնէ հայը։ Բայց ապագան ալ կը վախցնէ։ Ապագան առիթ մը եւս պիտի տա՞յ մեզի։
Հայերը հին ատենէն կ՚երազէին հայերու, հայութեան, հայրենիքին մասին։ Կ՚երազէին ուրիշ բաներու համար ալ, ուրիշ ձեւով, ուրիշ ժամանակի ու վայրի մէջ։ Հիմա երազը ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ. ի՞նչ կերպարանք ունի…։
Մեր ազգային ողորկ մտածումներու գագաթնակէտին հասանք անհատական թէ հաւաքական գաղափարներու մղձաւանջային (ան)հետեւողականութեամբ, քանի երկուքն ալ հարազատօրէն կը մարմնաւորեն ու կ’ամբողջացնեն իրենց իսկ շարժառիթի բնութեան ներքին թէ արտաքին պատճառը։ Բայց պատճառներ ալ կան, որ մինչեւ օրս չենք կրցած հասկնալ։
Ժամանակը միշտ ալ (շարժ)առիթը չէ, ընդունուած կամ ոչ (ան)պատճառաբանութիւններու։ Մեր ժողովուրդը մենաշնորհեալ պատճառաբանութիւններու պէտք չունի այլեւս։ Ալ կը բաւէ։
Ո՞վ զգացած չէ, թէ ժամանակը ունի քանակի ու որակի յարափոփոխ «դասակարգումներ»։ 1915ը, 1918ն, 1991ը ունէին իրենց ժամանակի «դասակարգումները»։ Նոյնպէս եւ տարբեր համեմատութիւնները։ Ժամանակը կը ներգրաւուի իր իսկ վայրի հարկադրանքին մէջ, որպէսզի անով մեծնայ եւ անով հասունցնէ հայու կեանքն ու ապագան։
Այսպիսի տատանող ժամանակներու մէջ հայը ինչպէ՞ս պիտի նախաձեռնէ ազգային երկարաշունչ ճանապարհորդութեան մը նպատակասլաց ուղեւորութեան։ Եթէ մէկը հայ չըլլայ, հայ չզգայ, ինչպէ՞ս պիտի հասկնայ, որ իր ժամանակը կը յառաջանայ։ Գիտե՞նք ժամանակը ճիշդ գործածել։ Հաստատուած փաստեր ունի՞նք օրացոյցային ժամանակին համար, քանի ժամանակը՝ ժամանակի փոփոխութեան կ՚ենթարկուի ամէն առիթով ու ամէն երեւոյթի համար, իր փորագրուած վկայութիւնը արձանագրելով։
Հայրենիքը հայրենասէրին ու նուազ հայրենասէրին համար բաւարար տեղ ամբարած ունի։ Հայրենասիրութիւնը հակակշռելի է։ Հայրենասիրութեան «առասպելէն» ձերբազատուելու երաշխիքներ կան։ Չմտահոգուինք բնաւ, հայրենիքները կը ստեղծուին անկախութեան պակասէն, որպէսզի անկախութիւն ապահովեն։ Եւ վստահ եղէք, անկախութիւնը չի յոգնեցներ հայրենիքները, այլ կը սնուցանէ զանոնք։
Հայուն համար բնական ժամանակը ինչպէ՞ս կը ձեւաւորուի։ Իրական թէ գերբնական ժամանակ կա՞յ Սփիւռքներու, Սփիւռքահայերու համար։ Ցեղասպանութիւնը անգութօրէն կը ճնշէ մեր ժամանակին վրայ։
Յաջորդող սերունդները ուսումնասիրա՞ծ են հայու ժամանակի այլօրինակ հանգրոաւնները Ցեղասպանութենէն յետոյ։ Վերլուծա՞ծ են անոր տեսաբանական թէ իրապաշտական բնոյթը իրար յաջորդող ժամանակներուն մէջ։ Սփիւռքահայ ղեկավարներ, մեր ժամանակներուն մէջ տարբեր ու տարբերակուած ոճով բնորոշած են բնական թէ անբնական հանգրուանային բնոյթի ժամանակին՝ ժամանակը, որպէս խնդիր, որպէս ծրագիր, հեռանկար, տեսլական, վայր, պատճառ, նոյնիսկ տեղի-անտեղի պատեհապաշտութիւն։
Հասկնանք այլեւս. հիմա 19րդ կամ 20րդ դարը չէ։ 17 տարի անցած է արդէն 21րդ դարէն։ Մինչեւ մեր աչքերը բանանք-գոցենք՝ մեր ապրած նոր իրականութեան դիմաց մարդ արարածը նոր ու տարբեր ժամանակ պիտի ստեղծէ հայուն ու հայութեան համար։
1915ի Ցեղասպանութիւնը մեզի չ’արտօներ այլեւս, որ մեր անցեալ ժամանակը փոխենք, թէկուզ բաժնենք, անջատենք յարակից այլ իրականութեան մը հետ, քանի որեւէ փոփոխութիւն առնչուած է բոլոր ժամանակներու պատմական անհերքելի եղելութեանց արիւնալի էութեան հետ։
Ցեղասպանութիւնը արիւն հոսեցուց։ Արիւնը չի մոռցուիր։ Արեան գետերու անսակարկելի պարտք կայ, արեան պարտամուրհակ կայ։
Արիւնը հայրենասէր դարձուց հայերը. յեղափոխականացուց երիտասարդութիւնը, քաղաքականացուց մեր զանգուածները։
1915ի ժամանակն ու վայրը այսօր ալ ի զօրու են հայու հոգեվիճակին ու կեանքին մէջ։ Ժամանակի ու վայրի բնորոշումը կատարա՞ծ ենք։
1915ը թոյլ չի տար մեզի, որ մեր ժամանակը կամայականօրէն փոխենք, թէ փոխարինենք։ Հայը իր կեանքը պարուրած է իր պատմական թուականներուն հետ, պիտակներ դրած է անոնց՝ Վարդանանց, Գիրերու գիւտ, Կիլիկիա, Ատանայի ջարդ, Մուսա Տաղ, Սասուն, 1975-1985 հայոց նորագոյն ցուցական պայքար, Արցախի հերոսապատում։ Կը ճշդենք մեր պատմութիւնը գունաւոր պիտակներու վրայ արձանագրուած ցուցատախտակներով, եւ նոյնիսկ պատմութեան սահմանագծումներուն մէջ կը ճշդենք մեր անցեալը, ներկան ու ապագան։ Այս թուականները քանդակուած են մեր սրտին մէջ առասպելային մանկութեան թուականներէն մինչեւ այսօր, քանի անոնց վայրը միայն ժամանակը չէ, այլ մանաւանդ խիղճն ու ազգային գիտակցութիւնն է։ Ժամանակը կը դաստիարակէ անցեալն ու ներկան ու ատով իսկ կ՚արտացոլայ մեր մտքին մէջ։
Յստակ թո՛ղ ըլլայ. մեր պատմական վայրերը միայն աշխարհագրական չեն կրնար ըլլար։ Աշխարհագրութեան համար ժամանակը միշտ ալ պատճառ մը կրնայ ըլլալ, թէ չըլլալ։
Մեր պատմութեան ժամերը միայն ժամանակագրական չեն, եթէ այդ ժամանակը քանակի ու որակի տարբերութիւնը կարենայ զանազանել եւ զայն իր մէջ ներառնել անոր տալով դեր, դերակատարութիւն, ժամանակագրութիւն եւ բնոյթի պատճառ ու էութիւն։
Հայոց պատմութեան եղելութիւնները տարիքային չեն, որ տարիք ունենան։ Պարունակութիւնը բովանդակային է, ճակատագրական է, գոյութենական է, եւ այս բոլորով միայն կը բնորոշեն ու կը բնորոշուին։ Փոփոխութիւնները առնչուած են ժամանակին հետ, իսկ եթէ հայելի չըլլար, պիտի չհասկնայինք նոյնիսկ, որ ժամանակը կը յառաջանայ։ Հայու հայելին դէմք շպարելու չի ծառայեր։ Հայը իր հայելիին մէջ իր ազգին ճակատագիրը կը տեսնէ եւ շատ մը այլ բաներ։
Մեր պատմութիւնը միշտ ալ տեղ մը չի յանգիր, կամ՝ առնուազն մեր ուզած տեղը չի յանգիր, քանի ան իրապաշտ տարիք մը չունի, մենք ալ վարժուած ենք զայն ընկալելու իրեն յատուկ իմաստը պարզող թուականային իրապաշտութեան մը թերահաւատութեամբ։
Ժամանակը կամայական նախաձեռնութիւններ առած է մեր պատմութեան մէջ, եւ մենք մեր ազգային ինքնութիւնը ձեւաւորած ենք այդ կամայականութեան սահմանուած կամ չսահմանուած ոլորտներուն մէջ։ Այդ իմաստով ալ, մեր ժամանակը մեզի հանդէպ ե՛ւ քաջալերող եղած է, ե՛ւ պաշտպանող, որովհետեւ ժամանակը հայու կեանքի խիղճն է։
***
Վերջացնելէ առաջ, ուշադրութեան կեդրոնը կ’ուզեմ այլ տեղ փոխադրել եւ հարց տալ.- 20րդ եւ 21րդ դարերու ցեղասպանութիւնները ի՞նչ նմանութիւններ ունին մեր ազգի պատմական հոլովոյթին մէջ։
Նպատակս կորուստի ու նահանջի նմանութիւններ յայտնաբերել չէ, պատմական ախտաճանաչումներու քովնտի ոճով։
Պատմութենէն բան մը կը սորվի՞նք, թէ անտեղեակօրէն կը կրկնենք ժամանակին մէջ հետք ձգած սխալները։ Սփիւռքահայը արդէն պատմութեան բարդոյթ կը կրէ իր մէջ։
Սփիւռքեան իրականութեան մէջ հանդիսատեսներ չկան, չմնացին։ Դերակատարներու պէտք ունինք։ Պատասխանատուութիւնները այսօր-վաղը դարձեալ մեր դուռը պիտի զարնեն։ Հայ ըլլալ եւ անտարբեր հայ ըլլալը երկու անջատ ու միաժամանակ նոյն տեղը առաջնորդող բաներ են։ Ի՛նչ որ ըսենք եւ ի՛նչ որ ընենք՝ կախում ունի լսողներէն եւ չլսողներէն։
Շատոնց է, որ հայու լուծումները իր ուզած ձեւով չեն իրականանար։
Հայու եւ հայրենասիրութեան կապը պիտի տոկա՞յ, պիտի յարատեւէ՞։ Կրնա՞յ բազմապատկուիլ, քանի հայրենասիրութիւնը միայն Հայաստանի կառավարութեան եւ կուսակցութիւններու խնդիրը կամ մենաշնորհը չէ։
Թերեւս մինչեւ հիմա համոզուած էինք, թէ հայրենիքը եւ հայրենասիրութիւնը բնական բաներ են։ Այնքան ատեն, որ կը կարծենք, թէ բնական բաներ են, այնքան կը վտանգուին մեր վիճակը եւ մեր ապագայ յոյսի հանգրուանները։
Յառաջանամ, որ նոյն բաները չկրկնեմ։
Փիքասօ կ՚ըսէր.- «չեմ փնտռեր, կը գտնե՛մ»։
Այս փնտռտուքը ռազմավարական տեսլականի կրնայ վերածուիլ։ Նաեւ, մխիթարական յանձնառութեան։
Ժամանակն ու վայրը ո՞ր տիտղոսներուն կ’ուզեն արժանանալ։ Կը սորվին արդէն քաղաքականապէս մտածել ու զգալ երրորդ մրցակիցին հետ, որ դեռ աներեւոյթ կը մնայ։
Հայու ժամանակը՝ հայու շղթայի տկար օղակն է…։