Աբիկեան Անի
Տօնական օրերու առիթով ստեղծագործական եւ տպաւորիչ ներկայացում մը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի՝ 21 Դեկտեմբեր 2017ին, Հ.Կ.Խաչի « Զաւարեան» վարժարանի մանկապարտէզին մէջ, ուր ներկայ էին տնօրէնութիւնը եւ ծնողներ:
Տօնական այս հանդիսութիւնը սկսաւ բարեմաղթանքներով եւ ողջոյնի խօսքով: Յայտագիրի առաջին բաժինը սկսաւ Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտներուն կողմէ երգով մը, որ մանկական զուարթ եւ անմեղ ձայնով դիւթեց ներկաները: Յայտագիրի առաջին բաժնի աւարտին, փոքրիկ աշակերտները ծնողներուն մօտեցան եւ միասնաբար տեսերիզի մը հետեւեցան, որ պատրաստուած էր մանկապարտիզպանուհիներուն կողմէ: Անոր ընթացքին փոքրիկները իրենց ինքնաբուխ բարեմաղթանքները յայտնեցին՝ տարածելով ուրախութիւն, սէր եւ յոյս. Ս.Ծնունդի լաւագոյն պատգամը:
Եւ այս բոլորը՝ մեր անոյշ մայրենի լեզուով, այնքան կարեւոր բանաւոր խօսքին համար։ Ծնողներն ալ ընդառաջեցին անոնց։ Այսպէ՛ս, հայերէնը դարձաւ միակ հաղորդակցական լեզուն…
Յաջորդեց ստեղծագործական աշխատանոց մը, ուր փոքրիկները ծնողներուն հետ ստեղծագործեցին եւ շինեցին Ամանորի քարտեր, լեցուն մանկական երեւակայութեամբ:
Ծնողներու գործօն մասնակցութիւնը մեծ հաճոյք եւ ուրախութիւն պատճառեց իրենց զաւակներուն: Յայտագիրի աւարտին, փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը հրամցուեցաւ վարժարանի Ծնողական Միութեան կողմէ:
Տարուան մէջ իմաստալից է այս ժամանակաշրջանը՝ բոլորի՛ս, մանաւա՛նդ երեխաներուն համար: Ս. Ծնունդի ժամանակաշրջանը զմայլութիւն մը կը պահէ, բացայայտ եւ գաղտնածածուկ խորհուրդներ, որոնց չափահասները կարեւորութիւն չեն տար այնքան, որքան փոքրիկները՝ տեղեկութիւններ ներծծելով, առանց անոնց վերահասու դառնալու: Ս. Ծնունդի պատգամը սէր եւ ուրախութիւն տարածելն է եւ առիթ մըն է որդեգրելու համերաշխութեան եւ համեկամութեան արժանիքները, որոնք պէտք է մեզի առաջնորդեն ամբողջ տարուան ընթացքին:
Ս. Ծնունդը իտեալական եղանակն է «որոնելու» մեր զգացումները եւ մեր փոքրիկներուն փոխանցելու: Առիթ մը՝ մեզի համար. բարձրորակ նուէր մը՝ անոնց համար: