­Յա­կոբ ­Մի­քա­յէ­լեան

­Հա­յաս­տան­ցի լրագ­րող մը «­Տոլ­մա­յա­ցաւ» վեր­նա­գի­րով շատ դի­պուկ յօ­դո­ւած մը գրած էր, զոր շատ սի­րե­ցի ու ես ալ իմ կար­գիս ը­սի անդ­րա­դառ­նամ այս հար­ցին:
­Մեր բո­լո­րին սի­րած ու կե­րած տոլ­ման UNESCO-ն գ­րան­ցած է որ­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան կե­րակ­րա­տե­սակ: Ա­սոր վրայ հա­յաս­տան­ցի­նե­րը փո­թո­րիկ փրցու­ցին, թէ ինչ­պէ՛ս կ­՛ըլ­լայ, որ մեր նշա­նա­ւոր տոլ­ման Ատր­պէյ­ճա­նին կը վե­րագ­րեն (չէ՞ որ ա­զե­րի­նե­րը երբ դեռ խոտ կ­՛ու­տէին, մենք տոլ­մա կ­՛ու­տէինք…­Չէ՞ որ ­Նո­յը երբ Ա­րա­րա­տէն ի­ջաւ, որ­թա­տունկ տնկեց ու խա­ղո­ղէն գի­նի պատ­րաս­տեց, ան­պայ­ման որ­թա­տուն­կին տե­րեւ­նե­րով ալ տոլ­մա պատ­րաս­տեց, նաե՛ւ չիր ու չա­միչ…): ­Դա­րե­րով ի­րա­րու դրաց­նու­թեամբ ապ­րած ժո­ղո­վուրդ­ներ ի­րար­մէ ազ­դուե­լով, զա­նա­զան բա­ներ ի­րար­մէ ըն­դօ­րի­նա­կած են: Ոչ միայն կե­րակ­րա­տե­սակ­ներ, այլ կեն­ցա­ղա­յին, լե­զո­ւա­կան եւ մշա­կու­թա­յին շատ մը բա­ներ ու դա­րեր յե­տոյ ո­րը, ո­րուն պատ­կա­նած ըլ­լա­լը եր­բեմն դժո­ւար կ­՛ըլ­լայ գիտ­նալ:
Իս­կա­կան տոլ­ման, որ ­Հա­լէ­պի մէջ կը պատ­րաս­տեն, եր­բեմն դդու­մի, եր­բեմն ալ սմբու­կի, լո­լի­կի եւ պղպե­ղի լից­քե­րով կ­՛ըլ­լայ, շար­քը լման ըլ­լա­լու է՝ «­Թա­խըմ»: ­Հի­մա ատր­պէյ­ճա­նա­կան տոլ­մա­յի ծա­նու­ցու­մը Euronews-էն ցոյց կու տայ, որ ա­նոնք ալ ճիշդ մե­զի նման կը պատ­րաս­տեն, լման շար­քով, մինչ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տոլ­մա ը­սո­ւա­ծը մեր գիտ­ցած սար­մա­յին կը նմա­նի, եր­բեմն որ­թա­տուն­կի տե­րե­ւով, եր­բեմն ալ՝ կա­ղամ­բի, այն­պէս որ այս­տեղ բարձ­րա­ցած աղ­մու­կը շատ ալ տե­ղին չէ: Աս­կէ ան­ջատ, ո­րե­ւէ բա­նի մը իս­կու­թիւ­նը իր ա­նու­նէն կը դա­տո­ւի, «­Տոլ­մա» բա­ռը թրքե­րէն է, ինչ­պէս մեր շատ մը կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րը՝ սար­մա, չիյ, իչ­լի-սի­նի, էշ­կի­լի քիւֆ­թա, եա­լան­ճի, ղար­նը եա­րըխ, ղա­զան քե­պա­պը, թաս քե­պա­պը, ղա­ւուր­մա, սեմ­սէկ…
Ա­յո՛, թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան տակ դա­րե­րով ապ­րած ենք եւ թրքա­կան ա­նուն­նե­րը որ­դեգ­րած ենք, լա՛ւ, ինչ­պէ՞ս օ­տա­րը պի­տի հա­մո­զենք, որ վե­րո­յի­շեալ­նե­րէն բո­լո­րը մեզ­մէ ըն­դօ­րի­նա­կած են թուր­քե­րը: ­Հա­լէ­պի մէջ մեր միու­թե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն փոր­ձե­ցինք հա­յաց­նել կարգ մը ճա­շա­տե­սակ­նե­րու ա­նուն­ներ՝ տոմ­սե­րու վրայ, սա­կայն հի­նը մնաց ան­փո­փոխ: Ա­ւան­դու­թեամբ ժա­ռան­գո­ւած­նե­րը դժո­ւար կը փո­խո­ւին: Թր­քե­րէ­նին դէմ ոչ թէ չենք պայ­քա­րած, ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ սի­րած ենք եւ չենք հրա­ժա­րած, ոչ մեր մա­կա­նուն­նե­րէն, ո­րոնց մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը թրքա­կան է (­Թո­փա­լեան, Եը­լան­կէօ­զեան, ­Տե­միր­ճեան, ­Գա­զան­ճեան, ­Սո­ղա­նե­մէ­զեան, ­Թախ­թա­պու­րու­նեան, Ալ­թու­նեան…), ոչ տե­ղա­նուն­նե­րէն, ինչ­պէս ­Քե­սա­պի մէջ (­Պաղ­ճա­ղազ, ­Գա­րա­տու­րան, Է­քիզ օ­լուք, ­Չի­նար­ճըխ, ­Չա­խալ­ճըխ, ­Քէօր­քիւ­նէ, ­Սիլ­տի­րէն…), նոյ­նիսկ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ դեռ կան «Ալ­լահ­վեր­տի»ն, «Ա­ղուե­րան»ը, «­Թոխ­մախ ­Կէօլ»ը եւ այլն, ոչ ալ ճա­շա­տե­սակ­նե­րու ա­նուն­նե­րէն: ­Յան­ցա­ւոր չե՞նք: Ա­մօթ չէ՞ մե­զի: ­Հա­պա ի՞նչ ը­սել թրքե­րէն բա­ռե­րով յա­գե­ցած ա­րե­ւե­լա­հայ խօ­սակ­ցա­կան լե­զո­ւին մա­սին (թոզ, թրաշ, շալ­վար, մաղ­տա­նոս, մա­րուլ…):
Թր­քե­րէ­նը մեր ա­րեան մէջ ան­ցած է եւ չենք թօ­թա­փած ու ախ­տա­հա­նած (տա­կա­ւին չեմ ու­զեր խօ­սիլ թրքա­կան հե­ռա­տե­սի­լի եւ թրքա­կան տե­սա­շա­րի ու եր­գե­րու սի­րա­հար­նե­րուն մա­սին):
­Վե­րա­դառ­նա­լով նո­րին վսե­մու­թիւն տոլ­մա­յին եւ այս­տե­ղի բուռն անդ­րա­դար­ձին, ը­սեմ որ այն­քան կա­րե­ւոր բա­ներ ձգած ենք ու ա­պուշ բա­նի մը մա­սին ի­րար կ­՛անց­նինք: Ան­ցեալ ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մին թէ՛ մեծ թի­ւով զի­նո­ւոր կորսն­ցու­ցինք, թէ ալ հո­ղա­տա­րածք, ո­րուն հա­մար պա­տաս­խա­նա­տու մար­դիկ «ա­նար­ժէք» է ը­սին, երբ հայ­րե­նա­կան սուրբ հո­ղին մէկ թիզն ան­գամ ան­փո­խա­րի­նե­լի գանձ է: ­Հի­մա մեր այդ կորսն­ցու­ցա­ծը մոռ­ցած, տոլ­մա­յին ե­տե­ւէն ին­կեր ենք:
Ե­թէ իս­կա­պէս նա­խան­ձախն­դիր ենք, որ աշ­խար­հը մեզ ճանչ­նայ եւ յար­գէ, տոլ­մա­յէն շատ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր բա­ներ կան: ­Թող մեզ յար­գեն մեր անկրկ­նե­լի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, խաչ­քա­րե­րու, շա­րա­կան­նե­րու, գոր­գա­գոր­ծու­թեան, գի­նե­գոր­ծու­թեան, փայ­տամ­շակ­ման, խե­ցե­գոր­ծու­թեան եւ նման բարձ­րար­ժէք բա­նե­րու հա­մար, թող տոլ­ման ալ ի­րենց գլու­խը անց­նի: