­Տա­րիէ մը ի վեր ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նին մէջ, ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ լոյս կը տես­նէ երկ­լե­զու տե­ղե­կա­տու մը, որ կը կո­չո­ւի «­Տի­րոջ ­Ձայ­նը»։ ­Տե­ղե­կա­տուն կը հրա­տա­րա­կո­ւի շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ եւ կը բաժ­նո­ւի հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն։
­Չորս է­ջե­րով եւ գու­նա­ւոր տես­քով, տե­ղե­կա­տուն կը պա­րու­նա­կէ կարճ գրու­թիւն­ներ տօ­նե­րու կամ ե­կե­ղե­ցա­կան գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ, ինչ­պէս նաեւ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քին մէջ կա­տա­րո­ւած ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նե­րու կամ այլ ա­ռիթ­նե­րով պա­տա­րագ­նե­րու, հա­ւաք­նե­րու եւ հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րու թղթակ­ցու­թիւն­ներ՝ հա­մե­մո­ւած ճոխ նկար­նե­րով։ ­Նաեւ, կը ներ­կա­յա­ցո­ւի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քին հա­մար կի­րակ­նօ­րեայ պա­տա­րագ­նե­րու ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը, իսկ վեր­ջին է­ջին վրայ տեղ գտած են Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ ար­տա­սա­նուած հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան եւ ազ­գա­յին խօս­քե­րու հա­տո­ւած­ներ։
­Տա­րո­ւան մը հրա­տա­րա­կու­թե­նէն ետք, տե­ղե­կա­տո­ւի ամ­բող­ջա­կան հա­ւա­քա­ծոն վե­րատ­պո­ւե­ցաւ ու պար­բե­րա­թեր­թի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ, ո­րուն մէջ զե­տե­ղո­ւած են Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին եւ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դի խօս­քե­րը, ­Գո­մո­թի­նիի յոյն մետ­րո­պո­լի­տի գնա­հա­տա­կան նա­մա­կը, իսկ ա­նոր վեր­ջա­ւո­րու­թեան՝ կա­րե­լի է կար­դալ հո­գե­ւոր եւ բա­րո­յա­գի­տա­կան բնոյ­թի յօ­դո­ւած­ներ եւ կարգ մը տօ­նե­րու մա­սին վեր­լու­ծա­կան գրու­թիւն­ներ։
­Հա­ւա­քա­ծոն լոյս տե­սած է ամ­բող­ջու­թեամբ գու­նա­ւոր ու խնա­մո­ւած կեր­պով եւ դար­ձեալ տրա­մադ­րե­լի է ժո­ղո­վուր­դին։
Այս նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ա­ռի­թը կը տրո­ւի հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­մայք­նե­րու մե­ծա­թիւ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ի­րա­զեկ դառ­նա­լու շրջա­նի մէջ կա­տա­րո­ւած հո­գե­ւոր գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­ւե­լի կա­պո­ւե­լու հա­մայն­քա­յին կեան­քին։