ՄԱՆՆԻԿ ԱՇՐԵԱՆ
«Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»
Սիմոն Զաւարեան
Հայաստան-Սփիւռք համաժողովէն հազիւ վերադարձած՝ կը փորձեմ մտածումներուս եւ ապրումներուս ընդմէջէն որոշ եզրակացութիւններու յանգիլ՝ այն յոյսով ու հաւատքով, որ սփիւռքի նախարարութեան այս իրապէս մեծ նախաձեռնութիւնը կ’իմաստաւորուի՝ նոր որակ ապահովելով հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան։
«Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն, պատասխանատուութիւն»՝ հիանալի կարգախօս, աննախընթաց մասնակցութիւն աւելի քան 1500 հոգիներու 71 երկիրներէ եւ շուրջ 100 զեկուցաբերներ։ Խրախուսիչ մթնոլորտ մը, ուր աշխարհի չորս ծագերէն հայրենիքի մէջ համախմբուած հայեր եկած էին հերթական անգամ ապացուցանելու, թէ մենք կանք ու կը մնանք ամէնուրեք, հաւատքի ուժով ու հայրենիքի սիրով։ Վկայ՝ մինչեւ իսկ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մեր ազգային իրաւունքները նորօրեայ հերոսի քաջութեամբ բարձրաձայնող երեսփոխան Կարօ Փայլանի ներկայութիւնն ու զեկոյցը։ Նշենք նաեւ, թէ համընդհանուր յարգանք վայելող մեր կազմակերպութիւնը՝ Հ.Օ.Մ.ը կը մասնակցէր ժողովին գրեթէ իր բոլոր միաւորներով եւ ժողովի յայտարարութիւնը ընթերցեց Հ.Օ.Մ.ի ներկայացուցիչը։
Աշխատանքային մասին (18-20 Սեպտեմբեր) առընթեր, վայելեցինք շատ ջերմ ընդունելութիւն եւ մշակութային անմոռանալի որակաւոր ձեռնարկներ։ Յուզումի ալիքներ բարձրացնող եզակի պահեր ապրեցանք հայրենիքի վերանկախացման 26րդ տարեդարձին՝ առիթը ունենալով Ծիծեռնակաբերդի եւ Եռաբլուրի մէջ խոնարհելու սրբադասուած մեր նահատականերու եւ հին թէ նոր հերոսներու յուշարձաններուն առաջ։
Վերջապէս, չորս օրերու ոգեշնչող բոլոր ելոյթները պսակուեցան գոհաբանական աղօթքով Ս. Էջմիածնայ մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրական յորդորներով եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին գօտեպնդող պատգամով։
Եզրափակելով՝ կը հաւատամ, թէ Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովը կրնայ դրական քայլ մը ըլլալ մեր ազգային երթի ճանապարհին, պայմանաւ որ տեսլականները չմնան պարզ լոզունգներ, այլ դառնան մեկնակէտ համահայկական հայեցողութեամբ որդեգրուած ռազմավարութեան։
Հզօր ու անվտանգ հայրենիք, Արցախի հիմնախնդրի արդար հանգուցալուծում, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ու հատուցում՝ մեր բոլորի երազանքն են։
Եւ այո՛, մենք հայերս կարող ենք դիմագրաւել տարբեր մարտահրաւէրները եւ տեսլականէն իրագործումի անցնիլ, եթէ յաջողինք համադրել ու միաւորել համազգային մեր ներոյժը։
Եւ այո՛, մենք թէեւ ցեղասպանուած, բայց յարուցեալ, ստեղծագործ ու յաղթանակներ նուաճող ժողովուրդ ենք։ Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակին յառաջընթաց, ուրեմն, թո՛ղ իւրաքանչիւր հայ ինքն իր անձին խոստանայ, թէ պիտի դառնայ գոյապաքարի կամաւոր զինուորը, թէկուզ անհամազգեստ, միշտ պատրաստ «ներկայ» պատասխանելու ազգային ամէն մարտահրաւէրի։
Եւ այն ատեն, կուգայ անպայման այն երանելի օրը, ինչպէս կ’ըսէ պատմաբան Վահան Մելիքեան՝
Մինչեւ պարզած սրտերը մեր
Դիպչին դաշտին,
Լուռ քաղաքին
Ու անսահման այդ
Սահմանից
Մի քայլ անեն
Քեզ, Անի՛։
Ստորեւ՝ կցուած կը կարդաք «Սփիւռքի երիտասարդութեան ազգային պատկանելութեան տեսլականը» նիւթին շուրջ ընկերուհի Աշրեանի զեկոյցը, որ յանձնուած է Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան։
Յարգելի տիկ. նախարարուհի եւ պաշտօնատարներ,
Յարգելի ժողովականներ,
Թոյլ տուէք, որ ողջունեմ Ձեզ բոլորդ՝ Հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ մեր փոքր ածուէն, իբրեւ Հ.Օ.Մ.ի միաւոր Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ, մաղթելով յաջողութիւն համագումարի աշխատանքներուն:
Անտարակոյս, այս ժողովին արծարծուող բոլոր հարցերը ազգային հիմնախնդիրներ են: «Սփիւռքի երիտասարդութեան ազգային պատկանելիութեան տեսլականը», սակայն, չափազանցութիւն պիտի չըլլար «գերխնդիր» որակելը, քանի դժբախտաբար ազգի 2/3ը հայրենիքէն դուրս կը գտնուի եւ երիտասարդութեան ինքնութեան հարցը ուղղակիօրէն առնչուած է ազգի լինելութեան հետ: Հզօր, անվտանգ ու բարգաւաճ հայրենիքը, այո՜, անվիճելիօրէն մեր բոլորին բաղձանքն ու երազն է:
Պահ մը մտածենք, սակայն, որ եթէ օտար ափերու վրայ հասակ նետող չորրորդ եւ հինգերորդ սերունդները ձուլուին կամ կիսաձուլուին, կը կորսուի մեր ազգային ներոյժը ու հետեւաբար հայրենիքի զարգացումը, անվտանգութիւնը, Արցախի հիմնահարցի արդար լուծումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը կը մնան անհասանելի երազ: Իսկ եթէ նոյնիսկ մասամբ յաջողին, ո՞ր չափով իմաստաւորուած կ՚ըլլան, եթէ աշխարասփիւռ հայերը չկարողանան գոյատեւել իբրեւ ազգ, այլ միայն իբրեւ աշխարհով մէկ ցրուած հայանուն բազմութիւններ, Սիլվա Կապուտիկեանի ասումով՝ «անկերպ, անկշռելի», լաւագոյն պարագային՝ հայասէր, բայց ո՛չ հայ:
Ուստի՝ անյետաձգելի հրամայական է հայրենի իշխանութեանց եւ սփիւռքի կառոյցներուն համար ուղիղ ախտաճանաչում կատարել եւ գործակցաբար համապատասխան ռազմավարութիւն որդեգրել:
Հայրենիքի պարագային, անշո՛ւշտ, ազգային ինքնութեան հարց չի ծագիր: Ամէն ազգ իր հողին վրայ կրնայ գոյատեւել ու ստեղծագործել՝ յաղթահարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն: Հողին ուժը եւ արտակարգ տոկունութիւնը մեր ազգին, որ նոյնիսկ թշնամական ներխուժումներու, երկարատեւ ստրկութեան եւ ամբողջատիրական վարչաձեւերու տակ պահեց իր արժէքները, անվիճելի գրաւականն են հայավայել ապագայի: Միակ լուրջ վտանգը արտագաղթն է ու, հետեւաբար, հարկ է յատուկ ծրագիր մշակել զայն կասեցնելու համար:
Իսկ ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, այսպէս կոչուած «դասական սփիւռքին», իւրայատուկ մեզի պարտադրուած տեւական քաղաքական աքսոր մըն է, մեր ազգային լինելութեան սպառնացող ահաւոր վտանգ:
Այս անարիւն շարունակուող ճերմակ ջարդին դէմ, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր նախնիք, իրենցմէ խլուած հայրենիքը հոգիներուն մէջ պահելով՝ յաջողեցան օտար ափերու վրայ հայակերտումի օճախներ ստեղծել եւ երեք սերունդներ պահել ազգային պատկանելութեան գիտակցութեամբ, առանց իսկ հայրենիքի հետ կապի կարելիութեան, միայն ու միայն ազատ ու անկախ հայրենիքի տեսլականով:
Ներկայիս, սակայն, պայմանները բոլորովին տարբեր են: Ազգային դիմագիծը օտարութեան մէջ, ժամանակի ընթացքին, օրինաչափօրէն կը գունատի: Համաշխարհայնացման ծաւալող քարոզչութիւնները հետզհետէ ապազգայնացման կ՚առաջնորդեն երիտասարդութիւնը: Հայապահպանման հիմնական երաշխիքը՝ մայրենի լեզուն օր ըստ օրէ կը նահանջէ: Օտար երկիրներու մէջ հասակ նետող սերունդները դժուարութիւն ունին իրենց զոյգ ինքնութիւններուն միջեւ հաւասարակշռութիւն գտնելու: Յաճախ հազիւ միօրեայ հայկական վարժարան, օտար ուսում, օտար առօրեայ եւ հայրենի հողի ոյժին պակասը կը բարդացնեն նոր սերունդի ազգային դիմագիծին պահպանումը:
Այնուամենայնիւ, հակառակ մեր աշխարհը տանջող արժէքներու մեծ տագնապին, մեր երիտասարդները ջախջախիչ մեծամասնութեամբ կառչած կը մնան համամարդկային եւ ազգային մեր արժէքներուն: Ունինք, ուրեմն, առողջ ենթահող կառուցելու համար ազգային պատկանելութեան գիտակցութիւնը, որպէսզի կարողանանք գոյատեւել իբրեւ ազգ:
ա.) Պատանեկութեան շրջանէն, տակաւին, մեր զաւակներուն մօտ պէտք է համոզում դառնայ, թէ իրենք օտարներ չեն՝ հայկական ծագումով, այլ՝ հայեր, որ օտար քաղաքացիութիւն ունին: Պէտք է իմանան, թէ այո՜, մեր հալածուած նախնիներուն ապաստան տուած երկիրներուն երախտապարտ ենք եւ կը պարտինք սիրել ու յարգել զանոնք, բայց մեր հայրենիքը միայն մէկ է՝ Հայաստանը: Այս դաստիարակութեամբ օտար քաղաքացիութիւնը դժուար թէ գերիշխող ինքնութիւն դառնայ:
բ.) Այս գիտակցութիւնը մշակելու ուղղութեամբ վճռորոշ դեր կը խաղայ հայաճանաչութիւնը (լեզու, պատմութիւն, մշակոյթ) առաւելագոյն կարելի չափով ու մանաւանդ հայրենաճանաչութիւնը, որ կիզակէտն է ազգային պատկանելութեան ուժեղ զգացողութեան:
Առ այդ, շատ օգտակար կրնան ըլլալ հեռատեսիլի հաղորդումներ արեւմտահայերէնով:
Արեւմտահայերէնի ուսուցիչներու ոչ միայն վերապատրաստութիւն, այլ սփիւռքի հետ գործակցաբար ուղղակի հայրենի համալսարանին մէջ պատրաստութիւն, ծրագրուած գործուղումով դէպի սփիւռք:
Հայրենիք-սփիւռք փոխադարձ կապերու սերտացման կրնայ մեծապէս սատարել «Արի Տուն» ծրագիրի նման, երիտասարդներու համար պատշաճեցուած նախաձեռնութիւն մը:
Յատկապէս, եթէ մասնագիտութիւններու ծիրէն ներս կազմակերպուին հանդիպումներ՝ հայրենի եւ սփիւռքահայ երիտասարդներու միջեւ, արդիւնքները կրնան գերազանցօրէն ազգանպաստ ըլլալ՝ լուրջ դրական քայլ հայրենիքի զարգացման համար տարբեր ոլորտներէ ներս, համազգային ներուժի միաւորումով, սփիւռքահայ երիտասարդներուն ինքնութեան գիտակցութեան ամրապնդում եւ, ինչու չէ, նաեւ առիթ՝ հայ ընտանիքներ կազմելու:
Բնականաբար նման տեսլականները գործի վերածելու այդ փոքր թուացող հսկայ քայլը կը կարօտի խոշոր պիւտճէներու, որ ո՛չ հայրենիքը, ո՛չ ալ սփիւռքը առանձինն կարող են դիմագրաւել:
Միթէ՞, սակայն, չ՚արժեր բոլորին եւ անհատ բարերարներու ներդրումներով իրագործել նման ծրագիր մը, որ ուղղակի կրնայ նոր յուսադրիչ մեկնակէտ դառնալ ազգային մեր իղձերու իրականացման ճանապարհին:
Ազգային ինքնութեան հարցը տարբեր բնոյթ կը ստանայ արտագաղթի հետեւանքով ստեղծուած սփիւռքի պարագային: Հասկնալի է, թէ մեր հայրենակիցները ամէնէն ծանր օրերուն դուրս եկած ըլլալով հայրենիքէն, իրենց համար առաջնահերթ էր օտար երկիրներու մէջ օրինաւոր կեցութիւն ապահովելը ու տնտեսական պայմանները բարելաւելը: Սփիւռքի դառնութիւնը ճաշակած չըլլալով, մեծամասնութիւնը կը հաւատար, թէ իր ապրած երկրի հասարակութեան մէջ պէտք է լրիւ համարկուի, նոյնիսկ ձուլումի ճամբով, որպէսզի յաջողութեան հասնի:
Այս թիւր մտայնութեան եւ դասական սփիւռքի հետ ոչ-գոհացուցիչ կապերու անմեղ զոհը արտագաղթէն յառաջ եկած նոր սերունդն է, որ մեծ մասամբ զրկուած է իր ազգային դիմագիծը պահելու դաստիարակութենէն: Այս ցաւալի իրողութիւնը մեր ազգային մարմինը կրծող աղիտալի վէրք է: Ինչպէ՞ս ընդունիլ, թէ կը գտնուի հայրենիքէն հազիւ մի քանի տարի առաջ հեռացած հայ մայր, որ երբ իրեն հարց կը տրուի, թէ ինչո՞ւ իր զաւակը չուղարկէր հայ վարժարան, թէկուզ միօրեայ, կը պատասխանէ՝ «Հայերէնը ինչի՞ն է պէտք»:
Ամենայն յարգանքով բոլոր ազգասէր հայրենակիցներուս հանդէպ, կը պարտիմ մատնանշել դառն իրողութիւն մը.-
Դասական թէ նոր սփիւռքի որոշ հատուածներու անտարբերութեան, եսակեդրոն մտայնութեան կամ օտարամոլութեան պատճառով արագօրէն շարունակուող ձուլումը ազգային բնաջնջում է, որուն առաջքը եթէ չառնենք, մեր իսկ ձեռքով հասցուցած կ՚ըլլանք ցեղասպանը իր եաթաղանով չյաջողցուցած թիրախին:
Բայց ո՛չ, հազար անգամ՝ ո՛չ:
Ցեղասպանուած ու յարուցեալ մեր ազգը ընկճելու ի վիճակի ոյժ չկայ աշխարհի վրայ:
Այս վէրքին ալ բալասան պիտի գտնենք՝
ա.) Հայրենադարձի լուրջ ռազմավարութեամբ ու հանգրուանային յարմար պայմաններ ստեղծելով,
բ.) Սփիւռքի մէջ ծրագրուած քարոզարշաւի շնորհիւ, ներգրաւելով առաւել թիւով հայրենակիցներ մեր կառոյցներուն մէջ:
Եզրափակելով՝ ուրեմն, պիտի ուզէի շեշտել, թէ հայակերտումը պէտք է սկսի օրօրոցէն: Ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին ու կառոյցները հարկ է, որ դառնան հայութեան անառիկ բերդերը: Հայ երիտասարդներուն կը պարտինք փոխանցել, ուսանելի կենդանի օրինակներով, ազգայինը անձնականէն ու հատուածականէն գերադասելու հասուն մօտեցումը եւ հայապահպանումը բարձր զետեղելու գիտակցութիւնը իրենց անձնական արժէքային համակարգին մէջ:
Յառաջիկայ տարին՝ 2018ը, Հայաստանի առաջին անկախութեան 100ամեակը, թերեւս ամենապատեհ առիթն է՝ հայ պետականութեան վերականգման խորքային իմաստը վերլուծելով՝ շարունակելու մեր ազգային երթը նոր թափով, հայու անկոտրում կամքով ու Սարտարապատի յաղթական անպարտելի ոգիով: Քանզի կոչուած ենք անգամ մը եւս ապացուցանելու Ֆրանց Վերֆէլի ասացուածքը՝ «Անկարելի է հայ մնալ սփիւռքի մէջ:
Հայերը, սակայն, անկարելիին ազգն են»:
Մաննիկ Աշրեան
Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ (Յունաստան)
Հ. Գթութեան Խաչի Շրջ. Վարչութեան անդամ
Նախկին անդամ՝ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան