Իր գործունէութեան 11 տարիներու ընթացքին «Վիւասել» ընկերութիւնը շուրջ 28 միլիառ դրամ յատկացուցած է Հայաստանի մէջ տարբեր ոլորտներու բարելաւման եւ կայուն զարգացման նպատակներու: «Աւելի քան 11 տարի անընդմէջ, «Վիւասել»ը հաւատարմօրէն առաջնորդուել է իր արժեհամակարգի առանցքը հանդիսացող՝ կորպորատիւ (corporative) պատասխանատուութեան օրակարգով: Ընդ որում, կայուն զարգացմանը միտուած՝ սոցիալական (հասարակական) լայնածաւալ ներդրումներն այդ օրակարգի ընդամէնը մէկ բաղադրիչն են: Ոչ պակաս կարեւոր է թէ՛ կազմակերպութեան ներսում, եւ թէ՛ սոցիալական լայնածաւալ ներդրումների միջոցով կորպորատիւ պատասխանատուութեան ինստիտուտի (հիմնարկի) ներդրումն ու ամրապնդումը Հայաստանում՝ հետեւողական եւ համակարգուած աշխատանքների միջոցով»,- յայտնած է ընկերութեան տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան Հինգշաբթի՝ 9 Մարտին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին:
Վիւասել
11 տարիներու ընթացքին «Վիւասել» 28 միլիառ դրամով աջակցած է ընկերային հարցեր լուծելու գործին