ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

­Կը գտնո­ւինք Հ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին եւ հա­սած է փոր­ձաքն­նու­թեան ժա­մը։
Հայ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան կեան­քին մէջ, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, կի­րարկ­ման կը դրո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նոր սահ­մա­նադ­րու­թեամբ ի զօ­րու դար­ձող խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը, որ կո­չո­ւած է քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու շատ ա­ւե­լի լայն զան­գո­ւա­ծի մը մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Եւ նոր ընտ­րա­կար­գը ինք­նա­բե­րա­բար ծնունդ տո­ւած է քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու այն վե­րա­դա­սա­ւոր­ման, զոր այժմ կը տես­նենք, բայց միա­ժա­մա­նակ հարց կու տանք, թէ դէ­պի ո՞ւր կը դի­մէ քա­ղա­քա­կան փոր­ձի այս նոր ա­լի­քը եւ թէ ո՞ւր ի վեր­ջոյ պի­տի իյ­նան փշուր­նե­րը այս ընդ­հա­նուր տե­ղա­շար­ժին մէջ։
Յս­տակ է միայն մէկ բա՛ն։ ­Նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան գո­յու­թեան փաս­տը դեռ չի նշա­նա­կեր, թէ փո­խո­ւած է մեր երկ­րի հա­սա­րա­կար­գը։ Ան չի նշա­նա­կեր, թէ տե­ղի ու­նե­ցած է ար­մա­տա­կան յե­ղաշր­ջում ղե­կա­վա­րո­ղի և ­ղե­կա­վա­րո­ւո­ղի փո­խա­դարձ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնոյ­թին մէջ։ Ան մա­նա­ւանդ չի նշա­նա­կեր, թէ յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ի­րա­պէս ա­զատ պի­տի ըլ­լան ան­ցեա­լի յո­ռի բար­քե­րէն եւ եր­կի­րը պի­տի շնչէ քա­ղա­քա­կան նոր մշա­կոյ­թով։ ­Կա­րե­լի չէ ու­րա­նալ, որ նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ան­նա­խըն­թաց ոս­տիւն մըն է դէ­պի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն եւ Հ.Յ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը բա­նա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ զայն կեան­քի կո­չե­լու դժո­ւա­րին գոր­ծին մէջ։ ­Բա­ցա­ռիկ նո­ւա­ճում մըն էր նաեւ սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէն, որ­մով մեր երկ­րի քա­ղա­քա­ցին իր քա­ղա­քա­կան կամ­քը դրաւ նժա­րի վրայ ի զօ­րակ­ցու­թիւն հա­մա­մաս­նա­կան եւ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­ռա­վար­չա­ձե­ւին։ Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ այն շա­հա­տի­րա­կան ու­ժե­րը, ո­րոնք նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գի թոյլ­տո­ւու­թիւն­նե­րէն օգ­տո­ւե­լով քա­ռորդ դար շա­րու­նակ ի­րենց թա­թը դրած էին պե­տա­կա­նու­թեան օր­գան­նե­րուն վրայ, շատ հե­ռու են «անձ­նա­տուր» ե­ղած ըլ­լա­լէ։ Ա­ւե­լի քան եր­բեք՝ ա­նոնք կեն­դա­նի են եւ «կեն­սու­նակ»։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ ա­նոնք եր­բեք չան­հանգս­տա­ցան նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան փաս­տով… Ընդ­հա­կա­ռակն ա­նոնք ա­մէն մի­ջո­ցի դի­մե­ցին սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը ի­րենց հա­կակշ­ռին տակ պա­հե­լու եւ զայն լիո­վին իւ­րաց­նե­լու։
Այս ա­ռու­մով, մեր ժո­ղո­վուր­դը պի­տի գիտ­նայ ճիշտ հասկ­նալ կշի­ռը ընտ­րա­պայ­քա­րի այս ճա­կա­տագ­րա­կան փու­լին։ Այն պայ­քա­րը, զոր ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն մղեց նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կա­րե­լի դարձ­նե­լու նպա­տա­կով, դեռ շատ հե­ռու է ա­ւար­տած ըլ­լա­լէ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, իս­կա­կան պայ­քա­րը նոր է միայն, որ կը սկսի։ ­Մենք տե­սանք, թէ ինչ­պէ՞ս վար­չա­պետ ­Հո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի օ­րով իշ­խող հաս­տա­տու­թիւ­նը ան­կա­րե­լի դար­ձուց ո­րե­ւէ հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն երկ­րի տնտե­սու­թիւ­նը կապ­տած մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գը կազ­մա­քան­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ազ­գա­յին տնտե­սու­թեան (Է­կո­նո­մի­կա­յի) նա­խա­րա­րու­թեան ձեռ­քե­րը միշտ ալ մնա­ցին կա­պո­ւած հա­մա­կար­գա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու մար­զին մէջ։ ­Մենք տե­սանք, թէ ինչ­պէ՞ս վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի օ­րով այդ նոյն նա­խա­րա­րու­թիւ­նը զրկո­ւե­ցաւ տնտե­սա­կար­գի ուղ­ղու­թիւն­նե­րը ճշտե­լու եւ ա­նոնց վե­րահս­կո­ղու­թիւ­նը ը­նե­լու իր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րէն եւ վե­րա­ծո­ւե­ցաւ ա­ռեւ­տու­րի քա­ջա­լեր­ման սոսկ մէկ գոր­ծի­քի։ Եր­կու պա­րա­գա­յին ալ դաշ­նակ­ցա­կան նա­խա­րա­րին գոր­ծե­լու — յե­ղաշր­ջու՛մ ի­րա­կա­նաց­նե­լու — կա­րե­լիու­թիւն­ներն էին, ո­րոնք վեր­ջին եր­կու վար­չա­պետ­նե­րուն կող­մէ կ­՚են­թար­կո­ւէին ա­ւա­զախ­րու­մի։
Տն­տե­սու­թեան շնչե­րակ­նե­րը խցող մե­նաշ­նոր­հա­յին այս հա­մա­կար­գը այժմ եւս կը գոր­ծէ մեծ ու­ժա­կա­նու­թեամբ եւ յա­ռա­ջի­կայ ընտ­րու­թիւն­նե­րը ա­ռե­ւան­գե­լու յստակ ռազ­մա­վա­րու­թեամբ։ Ան կը գոր­ծէ ընտ­րա­կան դաշ­տի բո­լոր յայտ­նի շեր­տե­րուն մէ­ջէն։ ­Կը գոր­ծէ որ­պէս գեր-քա­ղա­քա­կան տի­րա­կա­լու­թիւն ա­պա­գայ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը իր նոր­մե­րուն են­թար­կե­լու, զայն ա­ղա­ւա­ղե­լու, զայն ի­րո­ղա­պէս (de facto) նա­խա­գա­հա­կա­նի փո­խա­կեր­պե­լու հե­ռան­կար­ներ ո­րո­ճա­լով։ Այս վտան­գին դէմ է, որ ան­յա­պաղ պի­տի պաշտ­պա­նո­ւի մեր երկ­րի քա­ղա­քա­ցին։ ­Նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը, ինքն ըստ ին­քեան, ե­րաշ­խիք մը չէ եւ չի կրնար ըլ­լալ այս հսկայ սպառ­նա­լի­քին դէմ։ ­Հա­մա­կար­գի փո­փո­խու­թեան մար­զին մէջ շրջա­դար­ձա­յին քայ­լեր առ­նե­լով հան­դերձ, նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ մեծ բա­ցա­ռու­թիւն­ներ դրած է քա­ղա­քա­ցիի շարք մը ա­նօ­տա­րե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն վրայ՝ ա­նոնց տնօ­րի­նու­մը վստա­հե­լով Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին եւ ան­կէ բխող եւ բխե­լիք օ­րէնք­նե­րուն։
Այս իսկ պատ­ճա­ռով, ե­կած է ժա­մը, որ մեր երկ­րի քա­ղա­քա­ցին յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ գոր­ծէ մեծ յստա­կա­տե­սու­թեամբ եւ, իր քո­ւէն ար­ժեց­նե­լով, խորհր­դա­րան ղրկէ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ընտ­րա­ցան­կի թեկ­նա­ծու­նե­րու մէկ մեծ հոյ­լը իր ո­րո­շիչ զան­գո­ւա­ծով։ ­Խորհր­դա­րան պէտք է մտնեն բո­լոր այն ու­ժե­րը, ո­րոնք մաս կը կազ­մեն այս մեծ ա­ռա­քե­լու­թեան։ ­Յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­րա­նը պի­տի ըլ­լայ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ու­ժե­րու պայ­քա­րի ա­մէ­նօ­րեայ ռազ­մա­դաշ­տը։ ­Քա­ղա­քա­ցին թոյլ պի­տի չտայ, որ վա­ղո­ւան խորհր­դա­րա­նը կրկին ա­ռե­ւան­գո­ւի մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի տէ­րե­րուն կող­մէ։ Ե­կած է ժա­մը, որ Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցին միան­գա­մընդ­միշտ փշրէ այն ախ­տա­ւոր շրջա­նա­կը (vicious circle), որ տե­ւա­բար կը սեղ­մո­ւի իր շուրջ։ ­Պէտք է փշրէ եւ դուրս բե­րէ ինք­զինք այս ան­հե­թեթ եւ ինք­նա­պար­տա­դիր ստրկու­թե­նէն։ ­Մենք պի­տի ու­նե­նանք տնտե­սու­թիւն, որ կը շնչէ ա­զատ եւ մրցակ­ցա­յին շու­կա­յի օ­րի­նա­պատ­շաճ կա­նոն­նե­րով։ Տն­տե­սու­թիւ՛ն՝ ուր տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ ազ­գա­յին ե­կա­մու­տի տա­րե­րա­յին եւ ա­ռողջ վե­րա­բաշ­խում։ ­Ներդ­րու­մա­յին դրա­մագ­լու­խի շա­րու­նա­կա­կան վե­րաշր­ջա­նա­ռու­թիւ՛ն՝ ծնունդ տա­լով բարձ­րո­րակ աշ­խա­տա­տե­ղե­րու, ո­րոնք կ­՚ամ­րապն­դեն ող­նա­յա­րը քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան։ Եւ վեր­ջա­պէս տնտե­սու­թիւ՛ն՝ որ ա­պա­ւի­նե­լով իր ըն­դո­ծին ու­ժա­կա­նու­թիւն­նե­րուն՝ կրնայ կա­սեց­նել մեր երկ­րի ա­պա­գան պա­տու­հա­սող ար­տա­գաղ­թը եւ, ընդ­հա­կա­ռա՛կն, կը դառ­նայ ներ­գաղ­թի այն հզօր բե­ւե­ռը, որ ցու­ցա­նիշն իսկ է վա­ղո­ւան մեր վե­րած­նուն­դին։
­Նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը կրնայ ըլ­լալ մեծ սկիզբ մը մեր պե­տա­կա­նու­թեան եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, ե­թէ ա­նոր տէր կանգ­նի մեր երկ­րի քա­ղա­քա­ցին եւ չլքէ պայ­քա­րի աս­պա­րէ­զը՝ իր քո­ւէն — եւ իր ա­զա­տու­թիւ՛­նը — ծա­խե­լով մե­նաշ­նոր­հի տէ­րե­րուն։ ­Տէր կանգ­նի մե­ծա­գոյն նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ եւ զայն վե­րա­ծէ ան­նա­խըն­թաց բա­րի­քի մը բո­լոր գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
­Նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ դրո­ւած են շարք մը փո­խա­դարձ հա­կակ­շիռ­ներ (checks and balances), ո­րոնք կա­րե­ւոր զէն­քեր են սահ­մա­նադ­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար, բայց նաեւ ի­րո­ղու­թիւն է, որ ա­նոնք դեռ չեն զար­նո­ւած ի­րա­կան կեան­քի փոր­ձա­քա­րին։ ­Նոր խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւո­րա­կան կազմն է, որ ա­չա­լուրջ պի­տի հսկէ եւ պի­տի ա­պա­հո­վէ մեր վա­ղո­ւան օ­րը։ Այն կա՛զ­մը՝ որ քու քո­ւէով պի­տի մտնէ Ազ­գա­յին ­Ժո­ղով։ Եւ դուն պի­տի ո­րո­շես, թէ ինչ­պի­սի՞ կազմ մը պի­տի ըլ­լայ ան։ Եւ որ­պէս­զի սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը պաշտ­պա­նէ քեզ, ա­ռա­ջին հեր­թին դուն՝ ի՛նքդ պի­տի պաշտ­պա­նես զայն եւ թոյլ չտաս, որ շա­հա­գոր­ծու­մի ու­ժե­րը զայն վե­րա­ծեն ան­նա­խըն­թաց չա­րի­քի։ Այս­պէ՛ս միայն կրնայ գոր­ծել քա­ղա­քա­ցիա­կան պայ­մա­նա­գի­րը։ Այս­պէ՛ս միայն մենք կրնանք մտնել նոր ի­րա­ւա­կար­գի դռնե­րէն ներս որ­պէս ի­րա­ւա­տէ՛ր։ ­Պի­տի գիտ­նաս, որ դուն ես տէ­րը եւ դուն ես ծա­ռան այս հայ­րե­նի­քին եւ իր ա­զա­տու­թեան եւ իր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ իր ան­կա­խու­թեան եւ իր անվ­տան­գու­թեան եւ վեր­ջին խօս­քը կը պատ­կա­նի միայն քե­զի։