«­Վե­րա­դարձ ­Հա­յաս­տան» հիմ­նադ­րա­մի մի­ջո­ցով տա­րե­կան շուրջ 1000-1500 սփիւռ­քա­հայ հայ­րե­նիք կը վե­րա­դառ­նայ: Ա­նոնց մէկ մա­սը, ի դէպ, ար­դէն հիմ­նած է սե­փա­կան գոր­ծը եւ բա­ւա­կա­նին լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած է: Ի հար­կէ, կը պա­տա­հին նաեւ խո­չըն­դոտ­ներ, բայց ա­նոնք բո­լո­րը յաղ­թա­հա­րե­լի են, ե­թէ կայ կամք, համ­բե­րու­թիւն:
­Կը պար­զո­ւի, որ սփիւռ­քա­հա­յե­րը կու գան ­Հա­յաս­տան ոչ միայն զբօ­սաշր­ջի­կի կար­գա­վի­ճա­կով, այ­լեւ՝ հաս­տա­տո­ւե­լու եւ սե­փա­կան գոր­ծը ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով: ­Լի­բա­նա­նա­հայ Ար­մի­նէ ­Փա­նո­սեան-­Ղա­զա­րեան ըն­դա­մէ­նը մէ­կու­կէս տա­րի է, որ ­Հա­յաս­տան է եւ այս կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծին ար­դէն յա­ջո­ղած է հիմ­նել սե­փա­կան ու­սում­նա­կան կեդ­րո­նը, ուր բա­ւա­կան լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած է:
«Իմ մաս­նա­գի­տու­թիւ­նը անգ­լե­րէնն է: Երբ ե­կայ ­Հա­յաս­տան, ան­մի­ջա­պէս աշ­խա­տանք գտայ եւ սկսե­ցի անգ­լե­րէն դա­սա­ւան­դել: Ն­պա­տակս սա­կայն անձ­նա­կան ու­սում­նա­կան կեդ­րոն ու­նե­նալն էր, եւ ար­դէն 2 ա­միս է ես ու­նիմ իմ կեդ­րո­նը»: ­Գոր­ծա­րա­րու­թեան մէջ բա­ւա­կան մեծ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած է նաեւ գա­նա­տա­հայ ­Շանթ ­Չակ­մակ: Ա­ւե­լի՛ն. կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, զոր ան կը ներ­կա­յաց­նէ, նոյ­նիսկ աշ­խա­տա­տե­ղեր ստեղ­ծած է տե­ղա­ցի­նե­րու հա­մար:
«­Կա­նայք մեզ հա­մար կը պատ­րաս­տեն տար­բեր ապ­րանք­ներ, զորս մենք կ­՚ար­տա­հա­նենք աշ­խար­հի 4 կող­մը»:
­Թէ գործ ստեղ­ծե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տա­նում նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ չկան եւ ա­մէն քայ­լա­փո­խի սկսնակ գոր­ծա­րար­նե­րը խո­չըն­դոտ­նե­րու կը հան­դի­պին՝ Ար­տեոմ ­Թա­դե­ւո­սեան ա­տի­կա միթ (ա­ռաս­պել) կը հա­մա­րէ: 20 տա­րի ­Մոս­կո­ւա բնա­կե­լէ յե­տոյ, 2012ին ան տե­ղա­փո­խո­ւած է ­Հա­յաս­տան եւ այժմ բնա­կան (օր­կա­նիք) ջո­ւրի ար­տադ­րու­թեամբ կը զբա­ղի: «2012էն ի վեր կը զբա­ղո­ւիմ ար­տա­հա­նու­մով եւ եր­բե­ւէ խնդիր չեմ ու­նե­ցած ո՛չ հար­կա­յի­նի, ո՛չ ալ մաք­սա­յի­նի հետ: Ըն­դա­մէ­նը մենք մաս­նա­գէտ­ներ ներգ­րա­ւած ենք եւ ա­մէն ինչ ը­րած ենք օ­րէն­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ»:
Այս բո­լոր սփիւռ­քա­հա­յե­րուն, ի դէպ, հա­մախմ­բած է «­Վե­րա­դարձ ­Հա­յաս­տան» հիմ­նադ­րա­մը, որ 2012էն կ­՚աշ­խա­տի այն մար­դոց հետ, ո­րոնք կա­մա­ւոր եւ գի­տակ­ցա­բար կ­՚ո­րո­շեն ապ­րիլ եւ աշ­խա­տիլ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: ­Հիմ­նադ­րա­մի հա­մա­հիմ­նա­դիր ­Վար­դան ­Մա­րաշ­լեան կը յայտ­նէ, որ հայ­րե­նա­դարձ­ներ ու­նին ­Գա­նա­տա­յէն, ­Ռու­սաս­տա­նէն, ­Մեծ Բ­րի­տա­նիայէն, ­Լի­բա­նա­նէն, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րէն: ­Տա­րե­կան 1000-1500 նման հայ­րե­նա­դարձ­ներ կ­՚ու­նե­նանք,- կ­՚ը­սէ ան:
«­Սու­րիա­հա­յե­րուն նե­րա­ռած չենք այս ցան­կին մէջ, թէեւ կը փոր­ձենք ա­նոնց ա­մէն ին­չով օգ­տա­կար ըլ­լալ: ­Մեր տուեալ­նե­րով՝ մին­չեւ այ­սօր 17.000 սու­րիա­հայ կը գտնո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: ­Սու­րիա­հա­յե­րու խնդիրն այլ է: Ա­նոնք ի­րենց կամ­քով չեն ե­կած ­Հա­յաս­տան, այլ պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով, ուս­տի հո­գե­բա­նա­կան եւ այլ բազ­մա­թիւ խնդիր­ներ ու­նին: Դ­ժո­ւար է մար­դուն օգ­նել, ե­թէ ան ֆի­զի­քա­պէս այս­տեղ է, բայց չի հասկ­նար՝ ե­թէ կ­՚ու­զէ՞ մնալ, թէ՞ ոչ»:
­Թէ քա­նի հայ­րե­նա­դարձ հիմ­նադ­րա­մին մի­ջո­ցաւ հաս­տա­տո­ւած է ­Հա­յաս­տան՝ ­Վար­դան ­Մա­րաշ­լեան կը դժո­ւա­րա­նայ պա­տաս­խա­նե­լու: Չ­կայ հայ­րե­նա­դար­ձի կար­գա­վի­ճակ, իսկ այդ սահ­մա­նող օ­րէն­քին նա­խա­գի­ծը ար­դէն հինգ տա­րի է խորհր­դա­րան ներ­կա­յա­ցո­ւած է: