«­Ժո­ղովր­դա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թիւ­նը ­Մե­ծի ­Տանն
­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կեան­քին
ու ա­ռա­քե­լու­թեան գե­րա­գոյն նպա­տակն է»,-

Ա­թէն­քի մէջ շեշ­տեց ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի Ա­թէնք ժա­ման­ման ա­ռի­թով (մաս­նակ­ցե­լու հա­մար հել­լէն պե­տու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի նո­ւի­րո­ւած խորհր­դա­ժո­ղո­վին), ­Կի­րա­կի՝ 29 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ­Պա­տա­րագ, ո­րուն նա­խա­գա­հեց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը։ ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց յու­նա­հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով շրջան­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը եւ սար­կա­ւա­գաց դա­սը։
­Պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցե­ցաւ մեծ թի­ւով ժո­ղո­վուրդ, ինչ­պէս նաեւ՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ան­դամ­նե­րը։ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց պրն. Ա­լիք ­Սարգ­սեան։ ­Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Ա­րա­բա­կան ­Ծո­ցի թե­մի կա­թո­ղի­կո­սա­կան փո­խա­նորդ ­Մես­րոպ Ծ. Վրդ. ­Սար­գի­սեան, յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի, թե­մա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի, «­Հա­մազ­գա­յին»ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ու ան­դամ­նե­րը, ­Հա­յաս­տան ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ինչ­պէս նաեւ թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու եւ տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը։ ­Յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ պետ Իէ­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սի եւ Ս. ­Սի­նո­տի ա­նու­նով ներ­կայ ե­ղան Իղ­նա­թիոս եւ Ա­նար­ղի­րոս ­Վար­դա­պետ­նե­րը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րէն կազ­մո­ւած պա­տո­ւոյ պա­հա­կա­խումբ մը ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին դի­մա­ւո­րեց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետն ու պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը։
Դպ­րա­պետ Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան ներ­քոյ, ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ քա­ռա­ձայն՝ Ա­թէն­քի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դպրաց դա­սե­րու ներ­դաշ­նակ եր­գա­սա­ցու­թեամբ։ Եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Տի­րու­հի Ա­շը­րեան-Գ­րի­գո­րեան։
­Քա­րո­զի պա­հուն, նախ՝ իր խօս­քը ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղեց պա­տա­րա­գիչ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ­Վե­հա­փառ ­Հա­յրա­պե­տին՝ բա­ցատ­րե­լով նաեւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սին Ա­թէնք ներ­կա­յու­թեան նպա­տա­կը։ Ա­պա՝ յու­նա­րէն կարճ ու­ղեր­ձով մը, խօս­քը ուղ­ղեց յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ բա­րի գալս­տեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նեց նաեւ ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը հան­դի­սա­ւոր ­Պա­տա­րա­գին։
­Հուսկ՝ խո­րան բարձ­րա­ցաւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, որ իր կող­քին ու­նե­նա­լով հո­գե­ւոր դա­սը, օ­րո­ւան պատ­գա­մը ուղ­ղեց ժո­ղո­վուր­դին՝ յատ­կա­պէս շեշ­տե­լով ե­կե­ղե­ցին ժո­ղովր­դա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան վե­րա­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
Իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մին սկիզ­բը, ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը ող­ջու­նեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի ընտ­րու­թիւ­նը եւ յոյս յայտ­նեց, որ Սրբա­զա­նը իր ու­նե­ցած փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, ու­սու­մը եւ հո­գեմ­տա­ւոր կազ­մա­ւո­րու­մը ի սպաս պի­տի դնէ ծա­ռա­յու­թեան ճամ­բով ­Յու­նաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դի սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րուն։
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նաեւ ող­ջու­նեց նո­րըն­տիր Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը եւ թե­լադ­րեց, որ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին ու թե­մի այլ կա­ռոյց­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցա­բար աշ­խա­տին թե­մին ա­ռա­ւել բար­գա­ւաճ­ման հա­մար։
Ա­պա՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, անդ­րա­դառ­նա­լով Ք­րիս­տո­սի ա­ռա­քե­լու­թեան, ը­սաւ՝ թէ Ք­րիս­տոս ինք­զինք ըմբռ­նեց որ­պէս ծա­ռայ եւ իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ որ­պէս ծա­ռա­յու­թիւն։ Այս յանձ­նա­ռու­թեամբ Աս­տու­ծոյ Որ­դին իր երկ­րա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծեց՝ ­Նա­զա­րէ­թէն սկսեալ մին­չեւ ­Գող­գո­թա։ Իր երկ­րա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ւար­տին, Ք­րիս­տոս թե­լադ­րեց իր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ ծա­ռա­յել մար­դոց։ Ա՛յս է ե­կե­ղեց­ւոյ գո­յու­թեան նպա­տակն ու ա­ռա­քե­լու­թեան ի­մաս­տը։ Այլ խօս­քով՝ ե­կե­ղե­ցին իր հա­րա­զատ էու­թիւ­նը կը ստա­նայ ծա­ռա­յե­լո՛վ։ ­Ծա­ռա­յու­թիւնն է նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ հե­ղի­նա­կու­թեան աղ­բիւ­րը,- շեշ­տեց ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը։
­Խօ­սե­լով ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին՝ ­Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ, թէ ինչ­պէս ան­ցեա­լին, այ­սօր եւս, մեր ե­կե­ղե­ցին կո­չո­ւած է ծա­ռա­յե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին, հո­գա­լու մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն կա­րիք­նե­րը՝ իր կա­րե­լիու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, բաժ­նե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դին մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու ցա­ւե­րը, գործ­նա­պէս դառ­նա­լով ժո­ղո­վուր­դի՛ն ե­կե­ղե­ցին. հե­տե­ւա­բար, ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին իր հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը կը կեր­տէ ծա­ռա­յու­թեամբ՝ ինչ­պէս Ք­րիս­տոս ը­րաւ։
Ինչ­պէս մեր բո­լոր գա­ղութ­նե­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ եւս, մեր ե­կե­ղե­ցին կո­չո­ւած է ծա­ռա­յե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն։ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նաեւ յի­շե­ցուց, որ մեր ժո­ղո­վուր­դին նուի­րու­մով ծա­ռա­յե­լու կո­չո­ւած հո­գե­ւո­րա­կան­ներ կը պատ­րաս­տո­ւին Ան­թի­լիա­սի Դպ­րե­վան­քին մէջ։ ­Հոն կը լե­ցո­ւին մեր պատ­մու­թեան շուն­չով ու ո­գիով, մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով, ար­ժէք­նե­րով, հայ­րե­նի­քին ու ազ­գին հա­մար պայ­քա­րե­լու եւ նոյ­նիսկ զո­հո­ւե­լու գի­տակ­ցու­թեամբ. եւ ուր որ մեր միա­բան­նե­րը կը ծա­ռա­յեն, միայն պա­տիւ կը բե­րեն մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու յատ­կա­պէս ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք կը ծա­ռա­յեն նո­ւի­րու­մով, հա­ւա­տար­մու­թեամբ, մեր ժո­ղո­վուր­դի ծա­ռա­յու­թեան մէջ գտնե­լով ի­րենց կեան­քին ճա­նա­պար­հը։ ­Հո՛ս, ձեր թե­մէն ներս ա­հա­ւա­սիկ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին շուրջ ու­նիք միա­բան­ներ, ո­րոնք ծա­ռա­յա­կան նոյն ո­գիով ի­րենց կա­րե­լին կ­՚ը­նեն օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու թե­մի բազ­մա­զան ու այ­լա­զան կա­րիք­նե­րուն։
Իր խօս­քի ա­ւար­տին, ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը ող­ջու­նեց թե­մէն ներս գոր­ծող բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը, մար­մին­նե­րը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դին բո­լոր զա­ւակ­նե­րը, եւ կոչ ուղ­ղեց որ միաս­նա­կան ո­գիով ապ­րին ու գոր­ծեն՝ ­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին գործ­նա­պէս զօ­րակ­ցե­լու յանձ­նա­ռու­թեամբ։ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, երգ­չա­խում­բին կող­մէ եր­գո­ւե­ցան «­Կի­լի­կիա» հիմ­ներ­գը ու «­Մեր հայ­րե­նիք» օրհ­ներ­գը, ա­պա՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը թա­փօ­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցաւ դէ­պի ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ջա­համ­բոյր։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

­Նոյն օ­րո­ւան կէ­սօ­րին, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին՝ ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ հո­գե­ւոր դա­սուն, ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
­Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին խօսք ա­ռին վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, Իղ­նա­թիոս ­Վար­դա­պետ եւ յու­նա­հա­յոց ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։ ­Բո­լոր խօ­սող­նե­րը վեր ա­ռին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ներ­կա­յու­թիւ­նը յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս, ինչ­պէս նաեւ իր գոր­ծօն ներ­կա­յու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ՝ խօսք առ­նե­լով՝ նախ անգ­լե­րէն լե­զո­ւով ող­ջու­նեց ներ­կա­յու­թիւ­նը յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն եւ յա­տուկ շեշ­տով դրո­ւա­տեց հայ եւ յոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դա­րա­ւոր կա­պե­րը ու ներ­կա­յի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, մատ­նան­շե­լով նաեւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մա­սին կա­տա­րո­ւե­լիք խորհր­դա­ժո­ղո­վը՝ ներ­կա­յու­թեամբ յոյն եւ օ­տար ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պե­տե­րուն։ Ա­պա՝ իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կա­նե­րուն, ­Վե­հա­փա­ռը կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծեց գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ներ­դաշ­նա­կու­թեան հրա­մա­յա­կա­նը հա­մայն­քի հա­սա­րա­կաց գոր­ծե­լա­ձե­ւին մէջ։ Դ­րո­ւա­տե­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թը եւ ա­նոր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը՝ Ա­րամ Ա. կոչ ուղ­ղեց բո­լո­րին, վե­րա­նո­րոգ կամ­քով միաս­նա­բար սա­տա­րե­լու ազ­գա­յին կեան­քի ծաղ­կեց­ման՝ ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին գտնո­ւող հա­յա­հոծ շրջան­նե­րու միա­շունչ գոր­ծու­նէու­թեամբ։
­Ճաշ­կե­րոյ­թը վերջ գտաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն՝ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մէջ եւ հո­գե­ւոր դա­սուն կող­մէ եր­գո­ւած հայ­րա­պե­տա­կան մաղ­թեր­գով։