Հայ Առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին առիթով, Կիրակի՝ 28 Յուլիս 2019ի առաւօտեան, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, որ մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։ Ս. Սեղանին կը սպասարկէին տեղւոյն եկեղեցւոյ սարկաւագներն ու դպիրները։
Իր քարոզին մէջ, հայր սուրբը անդրադարձաւ օրուան Աւետարանական հատուածին, որ նուիրուած էր մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի այլակերպութեան եւ անոր ընդմէջէն վեր առաւ այսօրուան մեր կեանքը անգամ մը եւս այլակերպելու ու մանաւանդ կերպարանափոխուելու հրամայականը բարձր տրամադրութեամբ։ Ան անդրադարձաւ մեր ժողովուրդի կողմէ այս տօնին կապուած Վարդավառ կոչումը եւ բացատրութիւններ ու լուսաբանութիւններ տալով պարզեց հայկական աւանդութիւնները։ Ս. Պատարագի աւարտին, ինչպէս նաեւ Թափօրի ժամանակ, հայր սուրբը հաւատացեալներուն վրայ վարդի ջուր սրսկեց, ի նշան օրուան տօնի՝ Վարդավառի սովորութեան։
Յայտնենք, որ Երկուշաբթի՝ 29 Յուլիս 2019ին, մեր ննջեցեալներու յիշատակին նուիրուած օրն ըլլալով, հայր սուրբը գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի ազգ. գերեզմանատուն եւ հաւատացեալներու խնդրանքով կատարեց գերեզմանօրհնէք։
Վարդավառի տօնը՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
Վարդավառի տօնը՝ Թեսաղոնիկէի մէջ