Երեք տարի առաջ՝ Դեկտեմբեր 28ին, կեանքէն հեռացաւ Վահան Յովհաննիսեան՝ խոր յուզում յառաջացնելով: Այս առթիւ, Երեւանի քաղաքային պանթէոն այցելեցին հարազատներ, մտերիմ եւ գաղափարակից ընկերներ:
Վահան Էդուարդի Յովհաննիսեան ծնած է 16 Օգոստոս 1956ին, Երեւան: Տեղւոյն թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, կիսատ ձգելով Բրիւսովի Հիմնարկին մէջ իր ուսումը` ան մեկնած է Մոսկուա մասնագիտացման համար: 1978ին աւարտած է Մոսկուայի Մանկավարժական Համալսարանը` գիտական կոչումներով պատմութեան եւ հնագիտութեան մէջ: Աւարտելէ ետք, նշանակուած է աշխատանքի, հարաւային Սիպերիոյ մէջ: 1978-1980 թուականներուն ան ծառայած է խորհրդային բանակին: Բանակային ծառայութեան աւարտէն ետք, Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք: Աշխատանքի կոչուեցաւ «Էրեբունի» թանգարանին մէջ, սկիզբը` որպէս գիտաշխատող, հետագային` իբրեւ գիտահետազօտական բաժնի վարիչ: Իսկ 1989 թուականէն ետք ան աշխատանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ:
Հետագային ալ, մինչեւ իր ապաժամ մահը` քաղցկեղով, քաղաքական, պետական թէ կուսակցական առաքելութեամբ իր ճանապարհորդութեանց ընթացքին, ան միշտ ժամանակը ստեղծած է հնագիտական իր մասնագիտութեան յագուրդ տուող տեղեկահաւաքման եւ փնտռտուքներու համար` յաճախ իր իմացութեամբ զարմացնելով եւ տպաւորելով արտասահմանեան իր խօսակից-պաշտօնակիցները:
Արցախեան շարժման պոռթկումի առաջին իսկ պահերէն, Վահան Յովհաննիսեան նետուեցաւ պայքարի ասպարէզ: 1989ին անդամագրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Իբրեւ նորագիր դաշնակցական եւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի պատասխանատու մարմիններու անդամ` 1990էն սկսեալ ան գործօն մասնակցութիւն բերաւ Արցախի ազատագրական պայքարի դաշնակցական կազմակերպման, ծաւալումին եւ ղեկավարումին:
1990ին, ան մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի անդրանիկ Կեդրոնական Կոմիտէին: Իսկ Հոկտեմբեր 1992ին, Փարիզի մէջ կայացած Հ.Յ.Դ. 25րդ Ընդհանուր Ժողովին, ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ։
Յուլիս 1995ին Վահան Յովհաննիսեան ձերբակալուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ` հակապետական յեղաշրջման փորձ կատարած ըլլալու քաղաքական ամբաստանութեամբ, որ սակայն բնաւ չհաստատուած մեղադրանք մնաց մինչեւ վերջ: Ան կալանքի տակ պահուեցաւ մինչեւ Յունուար 1998ի Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարեցումը նախագահական պաշտօնէն:
Իր բանտարկութեան շուրջ երեք տարիներու շրջանին, կալանքի տակ գտնուելով հանդերձ, ան 1997ին հեռակայ կարգով ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ: Նոյնպէս, իր բանտարկութեան եւ դատավարութեան ամբողջ տեւողութեան, ան շարունակեց քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Դատարանէն ներս անոր ունեցած ելոյթները եւ մամուլով հրապարակումները քաղաքական կարեւոր դեր ունեցան, այդ օրերուն, հայրենիքի մէջ տիրող ներ-քաղաքական ծանր տագնապը յաղթահարելու առումով:
Հայաստանի իշխանափոխութեան հետեւող քաղաքական նոր իրադրութեան մէջ, իր ազատութիւնը վերագտած Վահան Յովհաննիսեան գլխաւորեց 1999ի Հայաստանի Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւորական թեկնածուներու համամասնական ցուցակը, թէեւ միաժամանակ իր թեկնածութիւնը առաջադրած էր 17րդ մեծամասնական ընտրատարածքէն, ուրկէ եւ ընտրական յաղթանակ արձանագրեց: Նորակազմ Ազգային ժողովին մէջ ան ստանձնեց պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործոց մշտական յանձնաժողովի նախագահութիւնը:
Վահան Յովհաննիսեան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ վերընտրուեցաւ 2000 թուականի Յունուարին եւ մինչեւ Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակումը՝ Դեկտեմբեր 2013ին, շարունակեց գործել իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ` վերընտրուելով 2004ի, 2008ի եւ 2011ի Հ.Յ.Դ. Ընդհանուր Ժողովներուն կողմէ:
Վահան Յովհաննիսեան 2013ին ռուսերէնով լոյս ընծայեց «Մանդիլիոն» վէպը, որ շուտով արժանացաւ հայերէն եւ անգլերէն թարգմանութեանց եւ հրատարակութեան:
Ան մահացաւ Պերլինի մէջ, 28 Դեկտեմբեր 2014ին:
Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակին
Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակին