Ապ­րիլ 4ի այս օ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ մա­հուան 72րդ ­տա­րե­լիցն ու ան­մեռ յի­շա­տա­կը իր մե­ծա­տա­ղանդ բա­նաս­տեղծ­նե­րէն ­Վա­հան ­Թէ­քէեա­նի։
­Գե­րա­զան­ցա­պէս սի­րոյ եւ խո­հա­կա­նու­թեան բա­նաս­տեղծն է ­Վա­հան ­Թէ­քէեան, ո­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը զգա­ցում­նե­րու զե­ղու­մէն ա­ւե­լի՝ խո­րա­պէս ապ­րո­ւած յոյ­զե­րու խո­հուն եւ գե­ղեց­կա­գոյն աշ­խարհ մը կը բա­նայ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն առ­ջեւ։
­Հա­յու խռո­վա­յոյզ ­Հո­գիին խո­հուն քնա­րեր­գակն է 1878ի ­Յու­նո­ւար 21ին ­Պոլ­սոյ Օր­թա­գիւղ թա­ղա­մա­սը ծնած ­Վա­հան ­Թէ­քէեան, ո­րուն «Ես սի­րե­ցի» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը միշտ ալ ինք­նադր­սե­ւոր­ման եր­գը պի­տի մնայ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ ըն­թեր­ցո­ղին.

Ես սի­րե­ցի, բայց ոչ ոք
­Սի­րած­նե­րէս գիտ­ցաւ թէ՝
­Զին­քը որ­քա՜ն սի­րե­ցի…
Ո՞վ կար­դալ սիր­տը գի­տէ։

Ա­մէ­նէն մեծ հրճո­ւան­քիս,
Ա­մէ­նէն սուր վշտե­րուս
­Ներշն­չող­նե­րը, ա­ւա՜ղ,
­Զիս չեն ճանչ­նար այս պա­հուս։

­Սէրս կար­ծես այն գետն էր,
Որ իր հո­սան­քը ան­բաւ
Ա­ռաւ լե­րան ձիւ­նե­րէն
Ու լե­ռը զայն չտե­սաւ։

­Սէրս այն դուռն էր կար­ծես,
Ուր­կէ ոչ ոք մտաւ ներս.
­Ծա­ղիկ­նե­րով ծած­կը­ւած՝
­Գաղտ­նի պար­տէզ մըն էր սէրս։

Ու ե­թէ սէրս ո­մանք
Երկն­քին վրայ՝ ան­սահ­մա՜ն
­Տե­սան ծու­խի մը նման,
Կ­րակն ա­նոր չտե­սան…։

­Թէ­քէեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խար­հին կա­խար­դա­կան բա­նա­լին ե­ղաւ ՍԷ­Րը, որ տա­ռա­պանքն ու գե­ղեց­կու­թիւ­նը, կրակն ու սառ­նու­թիւ­նը, բա­րու­թիւնն ու ընդվ­զու­մը միա­խառ­նեց խո­րա­պէս յու­զա­կան եւ ի­րա՛ւ խո­հա­կան եր­գե­րու մէջ։ Եւ որ­քան ­Թէ­քէեան սու­զո­ւե­ցաւ ­Մարդն ու ­Մարդ­կա­յի­նը սի­րոյ, պաշ­տա­մուն­քի եւ հա­շո­ւե­յար­դա­րի ար­ժա­նաց­նող խռո­վա­յոյզ իր հո­գիին խո­րե­րը, այն­քան տո­չո­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յու եւ ­Հա­յաս­տա­նի, ­Հայ ­Լե­զո­ւի եւ ­Հա­յու ­Հա­ւատ­քի, յատ­կա­պէս ­Հա­յու ­Խա­չե­լու­թեան ու Հ­րա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան մե­ծա­գոյն սի­րոյ հու­րով… Եւ այդ ամ­բողջ սէրն ու ներ­քին կրա­կը ­Վա­հան ­Թէ­քէեան յանձ­նեց յա­ւեր­ժու­թեան՝ ­Հայ­կեան ­Հան­ճա­րէն ի­րեն բա­ժին հա­նո­ւած մե­ծաշ­նորհ տա­ղան­դով։
Իր պա­տեա­նին մէջ քա­շո­ւած կամ փղոսկ­րեայ իր աշ­տա­րա­կին մէջ վե­րա­ցած բա­նաս­տեղծ մը չե­ղաւ ­Թէ­քէեան, ո­րուն անձ­նա­կան կեան­քի դժբախ­տու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար պատ­ճառ էին թէեւ, որ­պէս­զի ան ինք­նամ­փոփ կեանք մը ապ­րէր եւ, իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց ա­ռա­ջին հա­տո­րի (­Փա­րիզ, 1901) խո­րագ­րին հե­տե­ւո­ղու­թեամբ, «­Հո­գե­րը» եր­գէր միայն։ ­Բայց ո՛չ. պա­տա­նի տա­րի­քին հա­մի­տեան ա­ռա­ջին կո­տո­րած­նե­րը տե­սած բա­նաս­տեղ­ծը չէր կրնար ողջ էու­թեամբ չտա­ռա­պիլ իր ժո­ղո­վուր­դի մեծ ցա­ւով։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին ա­մէ­նէն ծանր ու ող­բեր­գա­կան պա­հուն ապ­րե­լու ճա­կա­տագ­րո­ւած ­Թէ­քէեա­նը, որ ­Պոլ­սոյ հռչա­կա­ւոր ­Ներ­սէ­սեան, ­Պէր­պէ­րեան եւ ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ հա­յե­ցի իր կազ­մա­ւո­րումն ու հո­գեմ­տա­ւոր պա­շա­րը ստա­ցած էր, չէր կրնար հե­ռու մնալ հան­րա­յին աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թե­նէ։
Ան կեան­քի աս­պա­րէզ նե­տո­ւե­ցաւ 18 տա­րե­կա­նին՝ իբ­րեւ ա­ռեւտ­րա­կան պաշ­տօ­նեայ 1896ին Եւ­րո­պա ղրկո­ւե­լով։ ­Բայց գրե­լու կո­չումն ու ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ծա­ռա­յու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ­Վա­հան ­Թէ­քէեա­նին աս­տի­ճա­նա­բար մղե­ցին հան­րա­յին կեան­քի աս­պա­րէզ։ ­Կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ ժա­մա­նա­կի հայ մա­մու­լին՝ ­Փա­րիզ թէ ­Պո­լիս։ Իսկ 1900ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, ­Գա­հի­րէ հաս­տա­տո­ւե­լէ ետք, մտե­րիմն ու գոր­ծա­կի­ցը դառ­նա­լով ­Պօ­ղոս-­Նու­պար փա­շա­յի, ­Վա­հան ­Թէ­քէեան ոչ միայն գրա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ ե­ռան­դուն գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց, այ­լեւ գլխա­ւոր դրօ­շա­կիր­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ ազ­գա­յին-ա­զա­տա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան։
­Գա­հի­րէի մէջ 1905ին հիմ­նեց «­Շի­րակ» գրա­կան-մշա­կու­թա­յին հան­դէ­սը, ո­րուն շուրջ հա­մախմ­բեց ա­տե­նի հա­մա­խոհ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Ա­րեւմ­տա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան հա­մար ծանր ժա­մա­նակ­ներ էին։ ­Հա­մի­տեան հա­լա­ծանք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ ­Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դը, որ ազ­գա­յին ու յե­ղա­փո­խա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով տո­գո­րո­ւած էր, Եւ­րո­պա ա­պաս­տա­նած էր։ Իր կար­գին ­Թէ­քէեան քա­լած էր նոյն ու­ղիով եւ հա­սած ­Գա­հի­րէ, ուր հրա­տա­րա­կեց «­Շի­րակ»ը մին­չեւ 1908ի Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հռչա­կու­մը, որ­մէ ետք փու­թաց ­Պո­լիս տե­ղա­փո­խո­ւե­լու եւ հոն հրա­տա­րա­կե­լու իր թեր­թը։
­Պո­լիս վե­րա­դար­ձը ­Թէ­քէեա­նի առ­ջեւ լայն աս­պա­րէզ բա­ցաւ ոչ միայն գրա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի, այ­լեւ քա­ղա­քա­կան իր հա­մո­զում­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լու ա­ռու­մով։ Ա­կա­նա­տե­սը դար­ձաւ Ա­տա­նա­յի կո­տո­րա­ծին, որ խոր հետք ձգեց ­Թէ­քէեա­նի «­Հա­յեր­գու­թիւն» շար­քի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ան նաեւ ե­ղաւ հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն մէ­կը ­Հայ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան-Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (հե­տա­գա­յին՝ 1920ին կազ­մո­ւած ­Ռամ­կա­վար Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն), որ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Օս­մա­նեան ­Խորհր­դա­րա­նի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։
Այդ տա­րի­նե­րու իր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը ­Թէ­քէեան 1914ին լոյս ըն­ծա­յեց ա­ռան­ձին հա­տո­րով՝ «Հ­րա­շա­լի ­Յա­րու­թիւն» ա­նու­նով։ ­Նոյն տա­րին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Գա­հի­րէ՝ ստանձ­նե­լու հա­մար տեղ­ւոյն նո­րա­հաս­տատ հա­յոց վար­ժա­րա­նին տնօ­րէ­նու­թիւ­նը։ ­Զու­գա­դի­պու­թիւ­նը նա­խախ­նա­մա­կան ե­ղաւ ­Թէ­քէեա­նի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ­Պո­լի­սէն բա­ցա­կա­յե­լով՝ փրկո­ւե­ցաւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան գլխատ­ման 24 Ապ­րի­լի ծան­րա­գոյն հա­րո­ւա­ծէն։ ­Բայց մին­չեւ կեան­քին վեր­ջը չհաշ­տո­ւե­ցաւ ճա­կա­տագ­րի այդ դառն խա­ղին հետ։
Այդ­պէ՛ս դար­ձաւ գլխա­ւոր եր­գի­չը հայ ժո­ղո­վուր­դի Ապ­րիլ 24ի ­Խա­չե­լու­թեան եւ ­Մա­յիս 28ի ­Յա­րու­թեան։
Եւ այդ­պէ՛ս ստեղ­ծեց ու հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց իր «Ա­հա­ւոր բան մը այն­տեղ»… պատ­գա­մա­շունչ քեր­թո­ւա­ծը։

Ա­հա­ւոր բան մը այն­տեղ կը կա­տա­րո­ւի մու­թին մէջ…
­Դը­Ժո­խա­յին այս տը­ռամն ինչ­պէ՞ս կրնայ պատ­մը­ւիլ…
Ազգ մը ամ­բողջ, խոր­հե­ցէ՛ք, ե­րէկ կ­՚ապ­րէր, կ­՚ո­գո­րէր,
­Միտ­քը լոյ­սին կը բա­նար եւ տա­կաւ սիրտն ալ յոյ­սին,
­Կը բարձ­րա­նար ճա­հի­ճէն, ուր խը­րած էր ա­տե­նօք,
­Թե­ւերն ար­դէն կը թօ­թո­ւէր, ինք­զինք ար­դէն ե­թե­րին,
Ամ­պե­րուն մէջ կը կար­ծէր… եւ ա­հա՛ ճիշդ այդ պա­հուն
Ո­սոխ աս­տո­ւած մը ան­շուշտ՝ որ դա­րա­նած կը դի­տէր՝
Ա­նոր վը­րայ ար­ձա­կեց ամ­բողջ չա­րիքն աշ­խար­հի,
Ոտ­քի հա­նեց բո­վան­դակ ­Հը­րէ­շու­թիւ­նը ի քուն՝
­Մեծ օ­ձե­րու, վագ­րե­րու, շա­քալ­նե­րու դէմ­քե­րով,
­Փաթ­թը­ւե­ցաւ ոտ­քե­րուն, խա­ծա­տեց կուրծքն ու հա­սաւ
Ա­նոր վի­զին, աչ­քե­րուն, եւ իր ­Ժա­նի­քը մը­խեց
­Ճիշդ ու­ղե­ղին մէջ ա­նոր՝ զոր ա­րիւ­նին հետ ա­հա՛
Ան կը լը­զէ հեշ­տա­գին, ան կը ծը­ծէ՜ զգըլ­խած…
Ա­հա­ւոր բան մը այն­տեղ կը կա­տա­րո­ւի մու­թին մէջ.
Կ’սպան­նեն ազգ մը այն­տեղ, որ կեանք ու­նէր եւ շը­նորհ,
Ու­նէր հան­ճարն ապ­րե­լու, նո­րո­գե­լու ալ ինք­զինք,
­Գե­ղեց­կա­ցած էր տա­կաւ ու թար­մա­ցած, ա՛հ որ­քա՜ն,
Եւ այդ ազ­գը մե­րինն էր, եւ կ՚ս­պան­նե՜ն զայն հի­մա,
­Զայն կ՚ս­պան­նեն… Օգ­նու­թի՛ւն, ա՜հ, օգ­նու­թի՜ւն,
օգ­նու­թի՜ւն…

Ա­ռա­ջին Աշ­խա­րահ­մար­տի ա­ւար­տին հետ ­Թէ­քէեան դար­ձեալ փու­թաց ­Պո­լիս, ուր ձեռ­նար­կեց «­Ժո­ղո­վուր­դի ­Ձայն» օ­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան։ ­Նաեւ ստանձ­նեց տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ­Պոլ­սոյ հա­յոց ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին։ ­Գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ այդ շրջա­նին կեան­քի կո­չո­ւած ­Պօ­ղոս-­Նու­պար փա­շա­յի հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ա­րեւմ­տա­հայ ­Հա­մա­գու­մա­րի ի­րա­կա­նաց­ման մէջ։
Ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան պատ­մա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րով զա­տո­րո­շո­ւող եւ ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին այդ հանգրո­ւա­նին բա­նաս­տեղ­ծա­կան բարձ­րո­րակ վկա­յու­թիւնն է 1920ին ­Թէ­քէեա­նի լոյս ըն­ծա­յած «­Կէս գի­շե­րէն մին­չեւ ար­շա­լոյս» հա­տո­րը։ ­Հոն կը գտնո­ւին ոչ միայն ­Մեծ Ե­ղեռ­նին, այ­լեւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նուի­րո­ւած ­Թէ­քէեա­նի ան­մահ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը։

Եւ օր մ­’ալ յան­կարծ՝
­Շե­փո­րը գո­ռաց,
Ու կը­մախք սիր­տեր, կը­մախք մար­մին­ներ,
Ըս­տո­ւեր առ ըս­տո­ւեր
­Հա­ւա­քո­ւած, ե­կած միա­տեղ նո­րէն՝
­Կեան­քին, ա­րե­ւին՝ աչք, ձե՜ռք կ­’եր­կա­րեն…

…Ու նաւ մ­’ա­հա կը ծը­փայ,
­Կը ծըփ­ծը­փայ ծո­վուն վը­րայ.
Կ’եր­թայ հե­ռու, կու գայ մօտ,
Ա­ռա­գաս­տովն ա­րե­ւոտ.
­Մերթ կը մեծ­նայ հո­րի­զոնն
Ամ­բողջ աչ­քէ ծած­կե­լով,
­Կը պա­հո­ւը­տի մերթ ալ հոն՝
Ու կ­’ել­լէ դուրս նա­զան­քով…
­Կը կար­դա­ցո­ւի նա­ւուն վրան՝
«Ան­կա­խու­թիւն ­Հայ­կա­կան»։

…­Սա­կայն, չը­կա՜յ նա­ւը ա՛լ…
Ընդ­հա­րե­ցա՜ւ խա­րա­կե­րու
­Կամ՝ նա­ւե­րու մէջ եր­կու
(Ե­րէկ՝ օրհ­նեալ, այԺմ՝ ա­նի­ծեալ)
Ճզ­մը­ւե­ցա՜ւ, փշրե­ցա՜ւ…
Ան­կա­խու­թի՛ւն ­Հայ­կա­կան ՝
Ե­րազն էր ան ՝ սու­զո­ւե­ցա՜ւ,
­Թող­լով բե­կոր մը միայն…։

…­Կեն­դա­նու­թի՛ւն ­Հայ­րե­նի,
Ո՛վ դուն, մար­մի՛ն եւ հո­գի՛,
Ա­ւի՛շ ան­վերջ, հո՛ւր ան­շէջ…,
­Դուն հո՛ն էիր ՝ նա­ւուն մէջ
Եւ դուն… թը­ռա՜ր ան­կէ դուրս…
Եւ հի­մա դուն իմ հոգ­ւոյս,
­Հա­զար­նե­րու հոգ­ւոյն մէջ
— ­Հոգ­ւոյն, մտքին, մար­մի­նին —
­Հե­ծե­ծա­գին, հրճո­ւա­գին
Աշ­խա­տե­լով գաղտ­նօ­րէն ՝
­Գի­շեր-ցե­րեկ, լաստ առ լաստ
­Կը շի­նե՜ս նա­ւը նո­րէն
Կ­՛ը­նես ­Վա­ղո­ւա՜ն զայն պատ­րաստ…։

­Թուր­քիոյ մէջ ­Քե­մա­լա­կան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լէն ետք, ­Թէ­քէեան վերջ­նա­կա­նա­պէս բաժ­նո­ւե­ցաւ իր պաշ­տած հա­յա­բոյր ­Պո­լի­սէն եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Գա­հի­րէ։ Ս­տանձ­նեց ­Ռամ­կա­վար պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­րեւ»ի խմբագ­րու­թիւ­նը եւ մին­չեւ 4 Ապ­րիլ 1945ի իր վախ­ճա­նը մնաց այդ պաշ­տօ­նին վրայ։ Այդ տա­րի­նե­րու իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը լոյս տե­սան «­Սէր» (1933ին) եւ «­Հայ­կա­կան եր­գեր» (1943ին) բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց հա­տոր­նե­րով։
­Տա­րագ­րու­թեան տա­րի­նե­րուն մեծ ե­ղաւ ­Թէ­քէեա­նի ներդ­րու­մը նաեւ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան, ինչ­պէս նաեւ մշա­կու­թա­յին աշ­խոյժ կեան­քի ստեղծ­ման մէջ։ Իր այդ վաս­տա­կին ու նո­ւի­րու­մին առ ի գնա­հա­տանք՝ Ռ.Ա.Կ.ի եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի կող­մէ ­Թէ­քէեա­նի ա­նու­նով կնքո­ւե­ցան թէ՛ մշա­կու­թա­յին միու­թիւն­ներ, թէ՛ կրթա­կան օ­ճախ­ներ։
Ամ­բո՜ղջ հա­յու­թեան հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան մաս կը կազ­մէ եւ ազ­գա­յին հպար­տու­թիւնն է ­Վա­հան ­Թէ­քէեան։