Հայաստանեայց առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ 2016ի տօնացոյցին համաձայն, Երկուշաբթի՝ 26 Դեկտեմբերին նշեցինք քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագ եւ նախավկայ մարտիրոս, Քրիստոսի քաջ նահատակ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը։
Այս առթիւ, Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, փոխան Երկուշաբթիի, Կիրակի՝ 25 Դեկտեմբեր 2016ին, մատուցուեցաւ Սուրբ ու Անմահ պատարագ:
Պատարագեց եւ քարոզեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան:
Ս. Խորանին սպասարկեցին բարեշնորհ Լեւոն Սրկ. Ունանեան, դպիր Ժանօ Պարտաքճեան եւ փոքրիկն Գրիգոր Ունանեան:
Իսկ երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս երկսեռ դպրաց դասը՝ խմբավարութեամբ բարեշնորհ Պետրոս Սրկ. Պարսամեանի, օգնութեամբ բաեշնորհ Աւետիս Սրկ. Պարսամեանի:
Ս. Պատարագին եւ ապա ճաշկերոյթին ներկայ եղան Յունահայոց Ազգային Վարչութեան կողմէ բժիշկ Ստեփան Փափազեան եւ պրն. Նազարէթ Պէրպէրեան, ինչպէս նաեւ՝ շրջանիս Հ. Կ. Խաչի վարչական անդամուհիներ եւ ութսունէ աւելի — զանազան տարիքի — հաւատացեալներ: Այս առթիւ Թաղային Խորհուրդն ու Տիկնանց Մարմինը, ի պատիւ եկեղեցւոյս ծառայող սարկաւագներուն, դպիր-դպրուհիներուն եւ երգչախումբի անդամ-անդամուհիներուն, կազմակերպեցին «Սիրոյ Սեղան» ճաշկերոյթ, որ տեղի ունեցաւ Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ:
Անգամ մը եւս միասնաբար աղօթեցինք, ապա՝ «ճաշակեսցուք Խաղաղութեամբ…» ճաշի աղօթքով, փառք տուինք Աստուծոյ՝ մեզի պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար:
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՐՄԻՆ