1578 տա­րի ա­ռաջ, ­Սեպ­տեմ­բեր 7ին, ծե­րու­նա­զարդ 91 տա­րե­կա­նին, վախ­ճա­նե­ցաւ հա­յոց ազ­գա­յին-մշա­կու­թա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման հիմ­նա­րար շարժ­ման վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը` ­Սուրբ ­Սա­հակ ­Պար­թեւ։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ար­մա­տա­ւոր­ման եւ հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան ծաղ­կու­մին մէջ հիմ­նա­րա՛ր ե­ղաւ ներդ­րու­մը ­Սա­հակ ­Պար­թեւ ­Կա­թո­ղի­կո­սի, որ ոչ միայն իր ա­նու­նը ան­բա­ժա­նե­լիօ­րէն ու ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս կա­պեց ­Սուրբ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի կա­տա­րած հա­յոց տա­ռե­րու գիւ­տին, այ­լեւ` ար­դա­րօ­րէն ար­ժա­նա­ցաւ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Սուր­բե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ բա­րի, ա­ռա­քի­նի եւ վե­հա­շուք նա­հա­պե­տի լու­սապ­սա­կին։
­Հա­յոց քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի հիմ­նա­դի­րին` ­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չի տոհ­մէն էր ­Սա­հակ ­Պար­թեւ։ Որ­դին էր ­Մեծն ­Ներ­սէս ­Կա­թո­ղի­կո­սին եւ ե­ղաւ իր տոհ­մին վեր­ջին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, որ իբ­րեւ կա­թո­ղի­կոս ար­ժա­նա­ցաւ ­Սուրբ Էջ­միած­նի հո­գե­ւոր գա­հին եւ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ իր կո­չու­մին։
Ինչ­պէս իր տոհ­մի ռահ­վի­րայ ­Սուր­բե­րը, ­Սա­հակ ­Պար­թեւ իր կար­գին աշ­խար­հա­կան կեանք ապ­րած էր։ Իր ման­կու­թիւնն ու պա­տա­նե­կու­թիւ­նը ան­ցու­ցած էր ­Կե­սա­րիա եւ ­Բիւ­զան­դիոն` ժա­մա­նա­կի ուս­մանց կա­րե­ւո­րա­գոյն հաս­տա­տու­թեանց մէջ, լու­սա­ւո­րե­լով միտքն ու հո­գին։ ­Տի­րա­պե­տած էր ա­սո­րե­րէն, յու­նա­րէն եւ պարս­կե­րէն լե­զու­նե­րուն ու ա­նոնց գրա­կան եւ մշա­կու­թա­յին` հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան։
Ա­մուս­նա­ցած էր եւ ու­նե­ցած էր դուստր մը` Ա­նոյշ կամ ­Սա­հա­կա­նոյշ, որ հե­տա­գա­յին ա­մուս­նա­նա­լով ­Հա­մա­զասպ ­Մա­մի­կո­նեա­նի հետ` ծնունդ տո­ւած էր ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նին, հայ ժո­ղո­վուր­դին ըն­ծա­յե­լով մեր պատ­մու­թեան դա­րա­ւոր եր­թը սրբա­գոր­ծող քա­ջա­րի ազ­գա­յին հե­րո­սը։
­Սա­հակ ­Պար­թեւ դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ, ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, կի­նը կորսնց­նե­լու եւ այ­րիա­նա­լու։ Ընտ­րեց մե­նա­ւոր ու ճգնա­ւոր կեան­քը. իր մտքին ու հո­գիին լոյ­սով պատ­րաս­տեց սե­րունդ մը ա­շա­կերտ­նե­րու, ո­րոնց հետ լծո­ւե­ցաւ հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր զար­գաց­ման մեծ ա­ռա­քե­լու­թեան։
­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ճգնա­ժա­մա­յին եւ տագ­նա­պա­լի ժա­մա­նակշր­ջա­նին զու­գա­դի­պե­ցաւ ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ ­Հա­յաս­տա­նի տի­րա­պե­տու­թեան հա­մար ­Բիւ­զան­դիո­նի եւ ­Պարս­կաս­տա­նի մի­ջեւ ա­նո­ղոք մրցա­պայ­քա­րը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սած էր։ ­Նոյն­պէս եւ հայ նա­խա­րա­րա­կան տու­նե­րուն մի­ջեւ ան­միա­բա­նու­թիւնն ու փո­խա­դարձ դա­ւադ­րու­թիւն­նե­րը` թա­գա­ւո­րա­կան գա­հին տի­րա­նա­լու հա­մար։ Այդ ներ­քին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րէն դուրս չէր ձգո­ւած նաեւ Ս. Էջ­միա­ծի­նի հո­գե­ւոր գա­հա­կա­լու­թիւ­նը, որ ­Մեծն ­Ներ­սէ­սի վախ­ճա­նու­մէն ետք եր­կար ա­տեն թա­փուր մնաց, մին­չեւ որ ­Խոս­րով Գ. թա­գա­ւո­րը 387 թո­ւին ­Կա­թո­ղի­կոս կար­գեց ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւին։
Այդ­պէս սկսաւ շուրջ կէս-դա­րեայ հո­գեմ­տա­ւոր փայ­լուն գա­հա­կա­լու­թիւ­նը ­Սա­հակ ­Պար­թեւ ­Կա­թո­ղի­կո­սի։
Ե­րեք տա­րի չէր ան­ցած, երբ 390 թո­ւին ­Բիւ­զան­դիոնն ու ­Պարս­կաս­տա­նը ի­րենց մի­ջեւ կի­սե­ցին ­Հա­յաս­տա­նը` Ա­րեւմ­տեան եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տան­նե­րու բաժ­նե­լով մեր եր­կի­րը եւ զա­նոնք, հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար, բիւ­զան­դա­կան ու պարս­կա­կան ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րու են­թար­կե­լով։ Աշ­խար­հա­կա­լա­կան նոր սահ­մա­նագ­ծու­մը իր բա­ցա­սա­կան անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ նաեւ հայ նա­խա­րա­րա­կան տու­նե­րու եւ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­քին դա­սա­ւո­րում­նե­րուն վրայ։ ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան գա­հին շուրջ եւս մրցա­պայ­քա­րը սաստ­կա­ցաւ այն աս­տի­ճան, որ երբ ­Պարս­կաս­տա­նը ուղ­ղա­կի իր նա­հան­գին վե­րա­ծեց Ա­րե­ւե­լեան ­Հա­յաս­տա­նը` ­Շա­հը գա­հա­զուրկ հռչա­կեց ­Սա­հակ ­Պար­թեւ ­Կա­թողի­կո­սին եւ եր­կու ա­սո­րի ե­պիս­կո­պոս­նե­րու յանձ­նեց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան գա­հա­կա­լու­թիւ­նը։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դը, սա­կայն, եր­բեք չհա­մա­կեր­պե­ցաւ այդ բիրտ մի­ջամ­տու­թեան, բնաւ չճանչ­ցաւ ա­սո­րի ե­պիս­կո­պոս­նե­րու հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թիւ­նը եւ շա­րու­նա­կեց կառ­չած մնալ իր հո­գե­ւոր ու սրբա­կեաց ա­ռաջ­նոր­դին` ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւին։
­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան իր գա­հա­կա­լու­թեան եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ­Սա­հակ ­Պար­թեւ գոր­ծեց ի­րե­րա­յա­ջորդ թա­գա­ւոր­նե­րու եւ իշ­խան­նե­րու հետ՝ մէկ կող­մէ իր ու­ժե­րը լա­րե­լով ի սպաս ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ինք­նու­րոյ­նու­թեան եւ ան­կա­խու­թեան հո­գեմ­տա­ւոր հի­մե­րու ամ­րապն­դու­մին, իսկ միւս կող­մէ հաշ­տա­րար մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով հար­թե­լով հա­յոց միջ-նա­խա­րա­րա­կան ներ­քին վէ­ճե­րը եւ հա­կակշ­ռե­լով, բա­րո­յա­կան իր բարձր հե­ղի­նա­կու­թեամբ, հա­յոց թա­գա­ւոր­նե­րուն եւ իշ­խան­նե­րուն սան­ձար­ձա­կու­թիւն­ներն ու սայ­թա­քում­նե­րը։
­Յատ­կա­պէս Վ­ռամ­շա­պուհ Ար­քա­յի թա­գա­ւո­րու­թեան շրջա­նը բեղմ­նա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծեց ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի հա­մար։ ­Թա­գա­ւոր եւ ­Կա­թո­ղի­կոս ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­յին կա­րե­ւո­րու­թիւն տո­ւին հա­յոց գրա­ւոր մշա­կոյ­թի ստեղ­ծու­մին ու հարս­տա­ցու­մին` իբ­րեւ ազ­գա­յին ինք­նու­րոյն եւ ա­զատ զար­գաց­ման ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի­քի, ո­րուն լիար­ժէք ար­դիւ­նա­ւոր­ման նա­խա­պայ­մա­նը հա­յոց գի­րե­րու ստեղ­ծումն էր։ Այդ մղու­մով Վ­ռամ­շա­պուհ Ար­քայ եւ ­Սա­հակ ­Կա­թո­ղի­կոս ի­րենց ամ­բող­ջա­կան հո­գա­ծու­թեան եւ քա­ջա­լե­րան­քին ար­ժա­նա­ցու­ցին ժա­մա­նա­կի հայ ա­մէ­նէն լու­սա­միտ եւ զար­գա­ցած վար­դա­պետ­նե­րէն ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցը, ո­րուն վստա­հե­ցան հայ գրե­րու գիւ­տը։
­Հա­յոց թա­գա­ւո­րին ամ­բող­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լե­լով` ­Սա­հակ ­Պար­թեւ եւ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց ձեռք-ձեռ­քի տո­ւին եւ ի­րենց բո­լոր ու­ժե­րով, պատ­րաս­տո­ւած ու զար­գա­ցած ա­շա­կերտ­ներ ի­րեն շուրջ հա­ւա­քե­լով, նուի­րո­ւե­ցան հա­յոց նոր տա­ռե­րով Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թեան ու գրա­ռու­մին։
Վ­ռամ­շա­պուհ Ար­քա­յի, ­Սա­հակ ­Պար­թեւ ­Կա­թո­ղի­կո­սի եւ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց ­Վար­դա­պե­տի միա­ցեալ ճի­գե­րով ու հո­գեմ­տա­ւոր լոյ­սով է, որ հի­գե­րորդ դա­րը դար­ձաւ հա­յոց պատ­մու­թեան ­Լու­սա­ւո­րու­թեան Ոս­կե­դա­րը։ Ե­րէց եւ Կրտ­սեր ­Թարգ­մա­նիչ­նե­րու սե­րունդ հա­սաւ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց ա­նոնց հո­վա­նիին, ամ­բող­ջա­կան հո­գա­ծու­թեան եւ լիար­ժէք գոր­ծակ­ցու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ։ Ու­նե­ցանք ոչ միայն Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի հա­յա­տառ հիաս­քանչ թարգ­մա­նու­թիւ­նը, այ­լեւ` հի­մե­րը դրո­ւե­ցան հայ հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան, որ ազ­գո­վին պահ­պա­նեց մեզ հե­տա­գայ դա­րե­րու աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դա­ժան ճնշում­նե­րուն, հա­լա­ծանք­նե­րուն եւ հայ­կա­կան մեր էու­թե­նէն ի սպառ ու­ծաց­ման վտանգ­նե­րուն դէմ։
­Սա­հակ ­Պար­թեւ ­Հայ­րա­պե­տին անձ­նա­կան ներդ­րու­մը, հա­յոց պատ­մու­թեան ա­նի­ւը հիմ­նո­վին շրջած դա­րա­կազ­միկ այդ նո­ւա­ճում­նե­րուն մէջ, յատ­կան­շո­ւե­ցաւ թէ՛ սե­փա­կան մե­ծար­ժէք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք հու­նա­ւո­րե­ցին եւ հարս­տա­ցու­ցին հա­յոց հո­գե­ւոր կա­նո­նադ­րու­թիւնն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը, թէ՛ բա­րո­յա­կան ան­բա­սիր վար­քա­գի­ծով, որ հայ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը տագ­նա­պեց­նող ա­րա­տա­ւոր շատ մը ե­րե­ւոյթ­նե­րու սրբագր­ման մղիչ ու­ժը դար­ձաւ։
­Մին­չեւ խոր ծե­րու­թիւն ապ­րե­ցաւ ­Սա­հակ ­Պար­թեւ։ ­Հա­կա­ռակ ար­տա­քին բազ­մա­պի­սի ճնշում­նե­րուն եւ հա­րո­ւած­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ներ­քին ան­միա­բա­նու­թեան հե­տե­ւանք կաշ­կան­դում­նե­րուն, ­Հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան մեծ նա­հա­պե­տը յա­ջո­ղե­ցաւ, միշտ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցը ու­նե­նա­լով իր կող­քին, բա­րի եւ ա­ռա­քի­նի, այ­լեւ` լու­սա­ւոր եւ լու­սա­բաշխ հա­յու կեր­պա­րը մարմ­նա­ւո­րել, հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն նե­րար­կե­լով անս­պառ հա­ւատք, ան­կոտ­րում դի­մադ­րա­կա­նու­թիւն եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կե­նա­րար շունչ։
Եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ար­դա­րօ­րէն սրբա­ցուց ­Սա­հակ ­Պար­թեւն ու ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցը` իր ե­րախ­տա­գի­տու­թեան գե­րա­գոյն լու­սապ­սա­կին ար­ժա­նաց­նե­լով հայ հո­գեմ­տա­ւոր հարս­տու­թեան ար­մա­տա­ւո­րումն ու ծաղ­կու­մը յա­ռաջ մղած ան­զու­գա­կան եւ ի­րար­մէ ան­բա­ժան ռահ­վի­րա­նե­րը։