Ներկայութեամբ ազգային վարչութեան, շրջանային երեսփոխանական եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ, 18-Յունուար կ.ե. ժամը 5:30ին կատարուեցաւ 2017ի Գաթայի կտրումին արարողութիւնը, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Տ. Վահրիճ Վրդ.ի օրհնութեամբ։
Բացման խօսք առնուեցաւ Հոգեւոր հովիւին կողմէ. Հայր սուրբը խօսեցաւ եւ յատկապէս շեշտեց միասնականութեան, կապուածութեան եւ համերաշխութեան գաղափարները, որոնք այսօր իսկ պէտք է ներկայութիւն ըլլան մեր կեանքին մէջ: Նաեւ աւելցուց, որ ծննդեան գաթայի կտրումը ինքնին միասնականութեան խորհուրդ մը ունի եւ ցոյց կու տայ մեր համերաշխութիւնը իրարու հանդէպ, որովհետեւ կը ճաշակենք մէկ ամբողջական կտորէ մը որ կը բաժնուի զանազան կտորներու:
Հանդիսութեան ընթացքին շուրջ 20 փոքրիկերով տեղի ունեցաւ երգեցողութիւններ՝ կապուած ծննդեան տօնին: Անոնք էին. Լուռ գիշեր (Հայերէն եւ անգլերէն) եւ Հաւատք երգերը:
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Տիկնաց Մարմնին, որոնք իրենց հիւրասիրութեամբ ճոխացուցին մեր սեղանները։ Բոլորին վարձքը կատար։
Թաղային Խորհուրդ եւ Տիկնաց մարմին Գոքինիոյ