­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան (1896-1960)

­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան (1896-1960). ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­դատ՝ վրի­ժա­ռո՛ւ բա­զու­կը Ն.

0
1928

«- Ան­ցիր դի­մա­ցը, դի­մա՛­ցը, դի­մա­ցը՝ ուղ­ղա­կի ճա­կա­տի՛ն, շո՛ւտ, շո՛ւտ, շո՛ւտ, վա­զիր…
«­Դի­մա­ցի մայ­թով հա­ւա­սա­րո­ւե­ցի նրան, ա­րագ քայ­լե­րով բա­ւա­կան յա­ռա­ջա­ցայ. ան­ցայ նոյն մայ­թը, ուս­կից գնում էր նա: ­Յետ դար­ձայ: ­Մօ­տե­նում էինք ի­րար: ­Նա գա­լիս էր ճե­մե­լու ձե­ւով՝ ձեռ­նա­փայ­տը ան­փոյթ ճօ­ճե­լով: ­Մի կարճ տա­րա­ծու­թիւն մնա­ցած՝ զար­մա­նա­լի ան­դոր­րու­թիւն հա­մա­կեց էու­թիւնս: ­Հա­ւա­սա­րո­ւե­լու վրայ՝ ­Թա­լէա­թը շեշ­տա­կի նա­յեց ինձ. աչ­քե­րի մէջ առ­կայ­ծեց մա­հո­ւան սար­սու­ռը: ­Վեր­ջին քայ­լը բե­կո­ւեց. մի քիչ թե­քո­ւեց, որ խու­սա­փի, բայց զէն­քը դուրս քա­շելս ու գլխին պար­պելս մէկ ե­ղաւ…
«­Թա­լէա­թը հա­րո­ւա­ծից կար­ծես ցցո­ւեց ու մի ակնթարթ հզօր մար­մի­նը պրկո­ւեց ձիգ, բայց ե­րե­րուն. ա­պա՝ սղո­ցո­ւած կաղ­նու բու­նի պէս ե­րե­սի վրայ տա­պա­լո­ւեց թնդիւ­նով… ­Քիչ դէ­նը մի կին ճչաց ու գե­տին փռո­ւեց. մի մարդ վա­զեց դէ­պի նա… բնաւ չէի կա­րող ե­րե­ւա­կա­յել, որ այդ­պի­սի դիւ­րու­թեամբ գե­տին պի­տի փռո­ւի գա­զա­նը: ­Մի վայր­կեան մղում ու­նե­ցայ բո­լոր գնդակ­նե­րը պար­պե­լու մէջ­քին, բայց փո­խա­նակ կրա­կե­լու, ատր­ճա­նակս նե­տե­ցի: ­Սեւ, թանձր ա­րիւ­նը վայր­կեա­նա­պէս լճա­ցաւ ­Թա­լէա­թի գլխի շուրջ. կար­ծես ջար­դո­ւած ա­նօ­թից մա­զութ էր դուրս թափ­ւում…
«- ­Մարդ սպան­նե՜ց,- լսե­ցի…
«­Նա­յե­ցի վեր, վար, դի­մա­ցը, ա­մէն կողմ մար­դիկ կանգ ա­ռած՝ նա­յում էին ինձ…
«- ­Մարդ սպան­նեց, բռնե­ցէ՛ք,- ճչաց մէ­կը՝ ցան­ցա­ձեւ պար­զե­լով դէ­պի ինձ ձեռ­քե­րը…
«­Բայց լճա­ցող ա­րիւ­նը կար­ծես դիւ­թել էր ինձ»…
Ա­հա՛ 15 ­Մարտ 1921ի պատ­մա­կան ­Պա­հը ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մին, նոյ­նինքն վրի­ժա­ռու դաշ­նակ­ցա­կա­նին կող­մէ պատ­մո­ւած, որ յա­ւեր­ժօ­րէն դրոշ­մո­ւած պի­տի մնայ հա­յոց ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ՝ ան­մա­հաց­նե­լով ոչ միայն ա­նու­նը ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան կո­չո­ւած հայ ազ­գա­յին հե­րո­սին, այ­լեւ խոր­հուր­դը ­Հայ­կա­կան ­Նե­մե­սի­սին՝ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու թուրք յան­ցա­գործ­նե­րու ար­դա­րա­դատ ա­հա­բե­կու­մին։
Եւ այդ ­Պա­հու յի­շո­ղու­թիւ­նը այ­սօր վերս­տին կը խռո­վէ միտքն ու սիր­տը հայ մար­դոց, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, ո­րով­հե­տեւ ­Մա­յիս 23ի այս օրը, 58 տա­րի ա­ռաջ, հե­ռա­ւոր Մ.­Նա­հանգ­նե­րու ա­րեւմ­տեան ա­փին, ­Սան Ֆ­րան­սիս­քո­յի մէջ, մահ­կա­նա­ցու այս կեան­քէն բաժ­նո­ւե­լով՝ յա­ւի­տե­նա­կան իր ան­դոր­րը գտաւ եւ ան­մա­հու­թեան իր պա­տո­ւան­դա­նին բարձ­րա­ցաւ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­դատ՝ վրի­ժա­ռու բա­զու­կը խորհր­դան­շող ա­նունն է ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան։ Ե­թէ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցո­ւին ու կը խորհր­դան­շո­ւին ­Թա­լէաթ ա­նուն ե­ղեռ­նա­գոր­ծով, ա­պա՝ քսա­նե­րորդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն ար­դար դա­տաս­տա­նի եւ մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կող ար­դա­րա­գոյն ա­հա­բե­կիչն է ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան։
Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի դափ­նեպ­սա­կին ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տի­րա­ցած դաշ­նակ­ցա­կան ա­հա­բե­կի­չը ծնած էր 2 Ապ­րիլ 1896ին, Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի ­Դա­րա­նա­ղեաց (­Կա­մախ) գա­ւա­ռի ­Վա­րի ­Բա­գա­ռիճ գիւ­ղը, Երզն­կա­յի մեր­ձա­կայ­քը։ ­Հօր՝ ­Խա­չա­տու­րի եւ մօր՝ Հ­նա­զան­դի հինգ մանչ զա­ւակ­նե­րուն կրտսերն էր։ ­Հա­զիւ եր­կու տա­րե­կան էր ­Սո­ղո­մոն, երբ հայ­րը պանդխ­տու­թեան մեկ­նե­ցաւ ­Սեր­պիա։ 1905ին, հայ­րե­նի տուն վե­րա­դար­ձին, Տ­րա­պի­զո­նի մէջ ­Խա­չա­տուր ­Թեհ­լի­րեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ՝ 1898ին Երզն­կա­յէն ռու­սա­կան նա­ւով մեկ­նած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քով։ ­Վեց ա­միս բանտ մնաց, բայց երբ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ՝ ա­նոր ար­գի­լո­ւե­ցաւ ծննդա­վայր վե­րա­դառ­նալ եւ ար­տաք­սո­ւե­ցաւ ­Սեր­պիա։
­Հօր կա­պո­ւած այս դրո­ւա­գը բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ ­Սո­ղո­մո­նի կեան­քին վրայ, ո­րով­հե­տեւ ­Թեհ­լի­րեան­նե­րու բազ­ման­դամ տոհ­մէն ա­կա­մայ հե­ռա­ցո­ւած ­Խա­չա­տուր ­Սեր­պիա­յէն դա­սա­ւո­րեց այն­պէս, որ կինն ու զա­ւակ­նե­րը տե­ղա­փո­խո­ւին Երզն­կա, ուր ­Սո­ղո­մոն իր ու­սու­մը ստա­ցաւ նախ ­Բո­ղո­քա­կա­նաց, ա­պա՝ «Եզ­նի­կեան» վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ, իսկ 1912ին ա­ւար­տեց տեղ­ւոյն ­Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը, ուր իր ա­ռա­ջին ծա­նօ­թու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու հետ եւ փա­րե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։1913ին ­Սո­ղո­մոն գնաց իր հօր մօտ, ­Սեր­պիա, որ­պէս­զի տա­րի մը ետք անց­նի ­Գեր­մա­նիա՝ բարձ­րա­գոյն ուս­ման հե­տե­ւե­լու հա­մար։ ­Բայց 1914ին պայ­թե­ցաւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը եւ 18ա­մեայ ­Սո­ղո­մո­նի կեան­քի ու­ղին լրիւ փո­խո­ւե­ցաւ։ 1914ի աշ­նան, ծնող­քէն գաղտ­նի, ան ան­ցաւ ­Սո­ֆիա (­Պուլ­կա­րիա), ուր կը հա­ւա­քագ­րո­ւէին ­Կով­կաս կա­մա­ւոր եր­թա­լու պատ­րաստ ­Պալ­քա­նեան թե­րակղ­զիի պան­դուխտ թէ ու­սա­նող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։ Ս­կիզ­բը ըն­թացք չտրո­ւե­ցաւ ­Սո­ղո­մո­նի կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու դի­մու­մին, բայց ան յա­ջո­ղե­ցաւ, հօ­րը քա­նի մը նա­մակ­ներ ղրկե­լէ ետք, ստա­նալ ծնո­ղի գրա­ւոր թոյլ­տո­ւու­թիւ­նը իր կա­մա­ւոր ար­ձա­նագ­րո­ւե­լուն։ Այդ­պէս է, որ ­Հոկ­տեմ­բեր 1914ին, իբ­րեւ կա­մա­ւո­րա­կան, ­Սո­ղո­մոն հա­սաւ ­Թիֆ­լիս եւ միա­ցաւ ­Սե­պու­հի վաշ­տին, որ մաս կը կազ­մէր Անդ­րա­նի­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ գոր­ծող ­Կա­մա­ւո­րա­կան Ա­ռա­ջին ­Գուն­դին։
Ե­րեք տա­րո­ւան կա­մա­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­պէս թրծեց ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան դաշ­նակ­ցա­կան մար­տի­կի կեր­պա­րը։ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­զա­տագ­րու­թեան հետ, ­Սո­ղո­մոն հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ այ­ցե­լե­լու նաեւ Երզն­կա, ո­րուն քա­րու­քանդ վի­ճակն ու ա­մա­յու­թիւ­նը խո­րա­պէս ցնցե­ցին զինք այն­քան ծան­րօ­րէն, որ իր կեն­սա­գիր­նե­րէն ­Կա­րօ ­Գէոր­գեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «ու­շա­թափ կ’իյ­նայ գե­տին։ Ար­դա­րեւ, Երզն­կա­յի եւ շրջա­կայ­քի ամ­բողջ հա­յու­թեան հետ, նաեւ իր գեր­դաս­տա­նին 85 ան­դամ­նե­րը — մայ­րը, եր­կու եղ­բայր­նե­րուն կի­ներն ու զա­ւակ­նե­րը եւ մօ­տիկ ազ­գա­կան­նե­րը — սպան­նո­ւած էին 1915ին։ Իսկ ի­րենց տու­նը դար­ձած էր թրքա­կան հան­րա­կա­ցա­րան»։
­Սե­փա­կան ըն­տա­նի­քին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ամ­բողջ հա­յու­թեան սպանդն ու հայ­րե­նի օ­ճա­խին եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի ա­ւե­րու­մը ան­հուն ցա­սու­մով ու վրէժխնդ­րու­թեամբ հա­մա­կե­ցին ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ողջ էու­թիւ­նը։ ­Խո­րա­պէս ցնցիչ այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին հիմք ծա­ռա­յեց, ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մէն ետք, ­Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին դա­տա­պաշ­տան ­Քըրթ ­Նայ­մէ­յը­րի (­Քո­լո­նեը հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­գի­տու­թեան դա­սա­խօս) կա­ռու­ցած պաշտ­պա­նո­ղա­կա­նին։
1917ին, ­Կով­կա­սեան ճա­կա­տի փլու­զու­մէն եւ ռու­սա­կան զօր­քե­րու նա­հան­ջէն ետք, ­Թեհ­լի­րեան ան­ցաւ ­Կով­կաս։ Շր­ջե­ցաւ հիւ­սի­սա­յին ­Կով­կա­սի եւ Խ­րի­մի քա­ղաք­նե­րուն մէջ՝ նո­ւի­րո­ւե­լով ա­րեւմ­տա­հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան հետ այդ ա­փե­րը ին­կած որ­բե­րու հա­ւաք­ման ու պատս­պար­ման աշ­խա­տան­քին։ ­Ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ, փո­խա­նակ սպիա­նա­լու, ­Թեհ­լի­րեա­նի սիրտն ու հո­գին խո­ցած վէր­քե­րը ա­ւե­լիով բոր­բո­քե­ցան։ Ար­դէն դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ՝ ­Թեհ­լի­րեան ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէի ո­րո­շու­մով 1920ի Ապ­րի­լին կա­տա­րեց ա­հա­բեկ­չա­կան իր ա­ռա­ջին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ գոր­ծադ­րե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան վճռած մա­հա­պա­տի­ժը ­Պէ­շիկ­թա­շի տխրահռ­չակ թա­ղա­պետ ­Յա­րու­թիւն Մկր­տի­չեա­նի դէմ, որ գլխա­ւոր մեղ­սա­կի­ցը ե­ղած էր 24 Ապ­րիլ 1915ի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ձեր­բա­կա­լու­թեան։
Ա­հա­բե­կու­մէն ետք ­Թեհ­լի­րեան պար­տա­ւո­րո­ւե­ցաւ անց­նե­լու ­Փա­րիզ, ուր ապ­րուս­տի ա­պա­հով­ման հա­մար կօշ­կա­կա­րու­թիւն սոր­վե­ցաւ։ ­Բայց քա­նի մը ա­միս ետք կան­չո­ւե­ցաւ Ո­ւա­շինկ­թըն՝ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու մօտ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան Ար­մէն ­Գա­րո­յի կող­մէ, ո­րուն վստա­հո­ւած էր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը Հ.Յ.Դ. Ին­նե­րորդ Ընդհ. ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շած ցե­ղաս­պան թուրք ջար­դա­րար­նե­րու ա­հա­բեկ­ման «­Նե­մե­սիս գոր­ծո­ղու­թեան» ծրագ­րու­մին եւ կազ­մա­կեր­պու­մին։
Ու­շագ­րաւ ման­րա­մաս­նու­թիւն է եւ «­Նե­մե­սիս»ի ար­խի­ւին հրա­պա­րա­կու­մէն ետք ծա­նօթ փաստ է, որ իթ­թի­հա­տա­կան պա­րագ­լուխ­նե­րու ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն ճշդու­մը կա­տա­րո­ւած էր վի­ճա­կաձ­գու­թեամբ եւ, այդ­պէս է, որ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նին վի­ճա­կո­ւե­ցաւ ­Թա­լէա­թի ա­հա­բե­կու­մին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը։ ­Պա­տա­հա­կան չէ, հե­տե­ւա­բար, որ «­Թեհ­լի­րեա­նի բախ­տը բա­ցո­ւեց» նշու­մը կը կա­տա­րո­ւի ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման նո­ւի­րո­ւած ու «­Գի­նի լից» յան­կեր­գով յատ­կան­շո­ւող յե­ղա­փո­խա­կան ծա­նօթ եր­գին մէջ։
Ար­մէն ­Գա­րո­յի յանձ­նա­րա­րա­կա­նով՝ ­Թեհ­լի­րեան 1920ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ու­ղե­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Ժը­նեւ, ուր­կէ ան­ցաւ ­Պեր­լին (­Գեր­մա­նիա), ի գործ դնե­լու հա­մար ­Թա­լէա­թի ա­հա­բեկ­ման ծրա­գի­րը։ ­Ջար­դա­րար պա­րագ­լու­խը Ա­լի ­Սա­լէհ ­Պէյ ան­ցագ­րով ու ծպտո­ւած կ’ապ­րէր ­Պեր­լի­նի ­Հայ­տէն­պէրկ փո­ղո­ցին վրայ։ ­Թեհ­լի­րեան, իբ­րեւ ու­սա­նող, սե­նեակ մը վար­ձեց ­Թա­լէա­թի տան ճիշդ դի­մա­ցը, ուր­կէ տե­ւա­կան հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռաւ ցե­ղաս­պան ճի­ւա­ղին շար­ժում­ներն ու կեն­ցա­ղը՝ ի­րենց յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ։
Եւ 15 ­Մարտ 1921ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, երբ ­Թա­լէաթ իր բնա­կա­րա­նէն դուրս գա­լով կը յա­ռա­ջա­նար մայ­թէն, ­Թեհ­լի­րեան հան­դի­պա­կաց մայ­թէն փո­ղո­ցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօ­տե­ցաւ ջար­դա­րա­րին եւ ատր­ճա­նա­կի մէկ գնդա­կով գե­տին փռեց զայն։ Ան­ցորդ­նե­րը յար­ձա­կե­ցան ­Թեհ­լի­րեա­նի վրայ, խոշ­տան­գե­ցին զայն՝ ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ին­չո՛ւ օր-ցե­րե­կով բա­րե­համ­բոյր տես­քով այդ ե­րի­տա­սար­դը ա­հա­բե­կած եւ ան­շունչ գե­տին փռ­ւած էր ան­ծա­նօթ… ան­ցորդ մը։
­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ, աղմ­կա­լից դա­տա­վա­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ, դա­տա­րա­նը հաս­տա­տեց, որ ա­հա­բե­կու­մի են­թար­կո­ւած «զո­հը»՝ ­Թա­լէաթ իս­կու­թեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դա­հիճ մը ու, ա­ւե­լի՛ն, դահ­ճա­պետ էր, ո­րուն ու­սե­րուն կը ծան­րա­նար ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ մը ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած ըլ­լա­լու պե­տա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թեան ծան­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ 3 ­Յու­նիս 1921ին ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեան ան­պարտ հռչա­կո­ւե­ցաւ եւ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ ու մեկ­նե­ցաւ Մ.­Նա­հանգ­ներ։
­Թեհ­լի­րեան եր­կար չմնաց Մ.­Նա­հանգ­ներ։ ­Վե­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­պա՝ ­Սեր­պիա, ­Պելկ­րատ ապ­րող իր հօր եւ հօ­րեղ­բայր­նե­րուն միա­նա­լու հա­մար։ Ա­մուս­նա­ցաւ երզն­կա­ցի Ն­շան ­Թա­թի­կեա­նի դստեր Ա­նա­հի­տի հետ, ո­րուն ծա­նօ­թա­ցած էր ­Կով­կա­սի մէջ, որ­բա­հա­ւա­քի իր գոր­ծու­նէու­թեան շրջա­նին։ Ու­նե­ցան եր­կու զա­ւակ­ներ՝ ­Զա­ւէն ու ­Շա­հէն։ ­Թեհ­լի­րեան ­Պելկ­րա­տի մէջ ապ­րե­ցաւ ­Սա­րօ ­Մե­լի­քեան ան­ցագ­րով։
Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք, 1949-1950ին, ­Թեհ­լի­րեան ո­րո­շեց ըն­տա­նեօք հե­ռա­նալ ­Պելկ­րա­տէն։ ­Կարճ ժա­մա­նակ մը ապ­րե­ցաւ ­Քա­զապ­լան­քա (­Մա­րոք), ուր­կէ ան­ցաւ ­Փա­րիզ եւ ի վեր­ջոյ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու ­Սան Ֆ­րան­սիս­քօ քա­ղա­քը, ուր մնաց մին­չեւ մա­հը՝ գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րե­լով Հ.Յ.Դ. Մ.­Նա­հանգ­նե­րու ա­րեւմտեան շրջա­նի կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քին։ ­Տա­րի­նե­րով մաս կազ­մեց շրջա­նի Հ.Յ.Դ. Կ. ­Կո­մի­տէին։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի վրի­ժա­ռու բա­զու­կը հա­զիւ 64 տա­րե­կան էր, երբ ու­ղե­ղի ա­րիւ­նախռ­նու­մի հե­տե­ւան­քով ան­կո­ղին ին­կաւ եւ, ա­միս մը տա­ռա­պե­լէ ետք, ա­ւան­դեց իր վեր­ջին շուն­չը։
­Քա­լի­ֆոր­նիոյ հա­յու­թիւ­նը Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սին ար­ժա­նի փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ար­ժա­նա­ցուց ­Թեհ­լի­րեա­նին, որ թա­ղո­ւե­ցաւ Ֆ­րեզ­նո­յի «Ա­րա­րատ» գե­րեզ­մա­նա­տան ճիշդ այն գե­րեզ­մա­նին մէջ, որ 1927ին պի­տի յատ­կա­ցո­ւէր Անդ­րա­նի­կի, բայց որ՝ ­Տա­րօ­նի Ար­ծի­ւին ­Փէր ­Լա­շէզ թա­ղու­մով, թա­փուր մնա­ցած էր…
­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի մա­հո­ւան գոյ­ժը հե­ռար­ձա­կո­ւե­ցաւ ա­տե­նի ա­րեւմ­տեան զան­գո­ւա­ծա­յին բո­լոր լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ։ Լ­ռու­թիւն պա­հե­ցին եւ Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սին նկատ­մամբ ու­րա­ցու­մի ի­րենց վար­քա­գի­ծը շա­րու­նա­կե­ցին միայն խորհր­դա­յին կողմն հա­յաշ­խար­հի։ ­Հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան ջղա­գար պայ­քա­րի տխրահռ­չակ ժա­մա­նակ­ներ էին 1960 թուին եւ Ա­րա­րա­տի փէ­շե­րուն ծո­ւա­րած հայ ժո­ղո­վուր­դին տա­կա­ւին ար­գի­լո­ւած էր ար­ժա­նին մա­տու­ցե­լու իր Վ­րի­ժա­ռու ­Բա­զու­կին։ ­Բայց միայն կարճ ժա­մա­նա­կի հա­մար էր ար­գել­քը, ո­րով­հե­տեւ ­Մեծ ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով շղթա­յա­զեր­ծո­ւած հայ­կա­կան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հայ­րե­նա­կան պոռթ­կու­մի հուժ­կու ա­լի­քին տակ, ընդ­հան­րա­պէս ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րին շուրջ հիւ­սո­ւած լռու­թեան պա­տի քան­դու­մին հետ, փուլ ե­կաւ նաեւ ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի ա­նո­ւան շուրջ հիւ­սո­ւած ու­րաց­ման եւ լռու­թեան պա­տը՝ Ազ­գա­յին ­Հե­րո­սի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րա­դատ ու վրի­ժա­ռու բա­զու­կի ան­մահ պա­տո­ւան­դա­նին ար­ժա­նաց­նե­լով ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ա­հա­բե­կի­չին։
Ա­մէն ազգ ալ ու­նի յա­տուկ ա­նուն­ներ, ո­րոնք ա­ռան­ձինն բա­ւա­րար են ամ­բողջ
ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւն մը արթնց­նե­լու, տո­ւեալ ազ­գի ապ­րող սե­րունդ­նե­րը ներ­կա­յէն վեր բարձ­րաց­նե­լու եւ անխ­տիր բո­լո­րին հա­մա­կե­լու ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չու­մի ու ազ­գա­յին սրբա­զան պարտ­քը կա­տա­րե­լու հպար­տու­թեան ան­մար, այ­լեւ կե­նա­րար խոր­հուր­դով։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար այդ­պի­սի՛ հնչե­ղու­թիւն ու­նի ա­նու­նը ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նի։