Յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին գրաւոր հայց ներկայացնելով՝ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին իրաւական յանձնախումբը յիշեալ դատարանէն պահանջեց.-
Առաջի՛ն, 7 Դեկտեմբեր 2016ին իրեն ներկայացուած Սիսի կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը Թուրքիոյ դատարանին չյղել` նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ պարզուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներուն խախտումը, ապօրէն վերաբերումը դատաւորներու ու փաստաբաններու նկատմամբ եւ ընդհանրապէս տիրող բռնատիրական կացութիւնը: Արդարեւ, մտահոգիչ կացութիւն մը, որուն նկատմամբ, ինչպէս կը յիշեցնէ իրաւական յանձնախումբի հայցը, Եւրոպական խորհուրդի Մարդկային Իրաւանց Յանձնաժողովի ներկայացուցիչը 15 Փետրուարին, եւ Վենետիկի Յանձնաժողովը` 13 Մարտին իրենց մտավախութիւնը յայտնած էին, բազմաթիւ այլ երկիրներու ու կազմակերպութիւններու շարքին:
Երկրո՛րդ, իրաւական յանձնախումբը նաեւ կ՛առաջարկէ արագացնել Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձման դատավարութիւնը Եւրոպական Դատարանի 61րդ յօդուածին համաձայն՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ կողմէ անոր մերժումը, ինչպէս նաեւ դատին ներկայացուցած կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին համար:
Յայտնենք, որ իրաւական յանձնախումբը Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ մօտէն կը հետեւի Սիսի Դատին առնչուած աշխատանքներուն: