­Սի­մոն Վ­րա­ցեան (1882-1969)

­Սի­մոն Վ­րա­ցեան (1882-1969). ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի, պե­տա­կան ղե­կա­վա­րի եւ ներ­հուն մտա­ւո­րա­կա­նի դաշ­նակ­ցա­կան մե­ծա­գործ կեր­պա­րը Ն.

0
4197

­Մա­յիս 21ի այս օ­րը, յի­սուն տա­րի ա­ռաջ, յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քի մէջ եւ յետ-եր­կա­րա­տեւ հի­ւան­դու­թեան, յոգ­նա­բեկ ու նո­ւա­ղուն իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի պատ­մու­թեան մե­ծա­նուն ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան։
Ի­րա՛ւ մե­ծու­թեան հիմ­նա­կան ստո­րո­գե­լի­նե­րը լիար­ժէք մարմ­նա­ւո­րող վաս­տա­կա­ւորն է ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան՝ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տած ա­ւան­դա­կերտ ­Սե­րուն­դին բազ­մաշ­նորհ այս ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։
Եր­կար ապ­րե­ցաւ եւ մին­չեւ 87 տա­րե­կան հա­սա­կը պատ­նէ­շի վրայ մնաց Վ­րա­ցեան՝ գոր­ծե­լով եւ պա­տաս­խա­նա­տու ա­ռա­քե­լու­թիւն­ներ ստանձ­նե­լով ա­մէ­նուր եւ այն բո­լոր մար­զե­րուն մէջ, ուր հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք ու­նե­ցաւ ի­րեն եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը պար­տա­կա­նու­թեան գլուխ կո­չեց զինք։ Եւ ո՛ւր որ ե­ղաւ ու ի՛նչ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն որ ստանձ­նեց՝ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան մնա­յուն ա­ւան­դի ներդ­րում ու­նե­ցաւ եւ վա­ւե­րա­կան մե­ծու­թեան բար­ձունք նո­ւա­ճեց։
Այդ ա­ռու­մով ալ դժո­ւար է, մե­ծա­նուն հա­յուն մա­հուան յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով, յու­շա­տետ­րի սիւ­նա­կին մէջ ըստ ար­ժան­ւոյն գնա­հա­տու­մը կա­տա­րել այն մե­ծակ­շիռ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն, ո­րոնք յա­ւեր­ժու­թեան ար­ժա­նա­ցու­ցին ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի անձն ու գոր­ծը։
­Կեան­քը դա­սա­ւո­րեց այն­պէս, որ Վ­րա­ցեան յայտ­նո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու եր­թին հան­գու­ցա­յին պա­հե­րուն՝ պատ­մա­կան տա­րո­ղու­թեամբ զար­գա­ցում­նե­րու յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ։
­Կա­րե­լի է միայն թւու­մը կա­տա­րել Ս. Վ­րա­ցեա­նի կեան­քին, գոր­ծու­նէու­թեան եւ մտա­ծո­ղու­թեան հիմ­նա­կան փու­լե­րուն, ցայ­տուն ե­րես­նե­րուն ու նո­ւա­ճած բար­ձունք­նե­րուն։
Ծ­նած էր 1882ին, ­Մեծ ­Սա­լա գիւ­ղը, ­Նոր ­Նա­խի­ջե­ւան (հիւ­սի­սա­յին ­Կով­կաս)։ ­Տեղ­ւոյն հայ­կա­կան եւ ռու­սա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ տար­րա­կան ու­սու­մը ստա­նա­լէ ետք, 1900ին ան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Էջ­միած­նի «­Գէոր­գեան» ճե­մա­րա­նը, ո­րուն փայ­լուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն հան­դի­սա­ցաւ։ Ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րու իր վա­րա­կիչ մթնո­լոր­տով, ինչ­պէս եւ հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման շուն­չով՝ ­Ճե­մա­րան վճռո­րոշ անդ­րա­դարձ ու­նե­ցաւ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­ւոր­ման եւ ա­նոր քա­ղա­քա­կան, կազ­մա­կեր­պա­կան ու մտա­ւո­րա­կան ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման վրայ։
Վ­րա­ցեան ար­դէն դաշ­նակ­ցա­կան պատ­րաս­տուած գոր­ծիչ էր 1906ին, երբ ա­ւար­տեց «­Գէոր­գեան» ­Ճե­մա­րա­նը։ 1903ի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու ցա­րա­կան բռնագ­րա­ւու­մին դէմ ծա­ւա­լած հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ըմ­բոս­տաց­ման մէջ ­Ճե­մա­րա­նի ու­սա­նո­ղու­թեան բո­ղո­քի բուռն ե­լոյթ­նե­րը, այ­նու­հե­տեւ Հ.Յ.Դ. ­Կով­կա­սեան գոր­ծու­նէու­թեան ­Նա­խա­գի­ծի որ­դեգր­ման մէջ ­Ճե­մա­րա­նի դաշ­նակ­ցա­կան ու­սա­նո­ղու­թեան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ 1905ի հա­մա­ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թեան եւ, ա­նոր զու­գա­հեռ, հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րուն դաշ­նակ­ցա­կան ու­սա­նո­ղու­թեան յանձ­նա­ռու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կո­փե­ցին Վ­րա­ցեա­նի յե­ղա­փո­խա­կան նկա­րա­գիրն ու դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քը։
1907ին ­Վիեն­նա­յի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. ­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան մաս­նակ­ցե­ցաւ իբ­րեւ Ու­սա­նո­ղա­կա­նի պատ­գա­մա­ւոր։ Ա­րեւմ­տա­հայ եւ Ա­րե­ւե­լա­հայ դա­տե­րու մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան խա­չա­ձեւ­ման ու թրքա­հա­յու եւ ռու­սա­հա­յու հրահ­րեալ հա­կադ­րու­թեան դժո­ւա­րին Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղովն էր, որ­մէ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը դուրս ե­կաւ ա­ւե­լիով միա­ձոյլ եւ միա­կամ։ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր սե­րուն­դի ջան­քե­րով ձեռք բե­րո­ւած գա­ղա­փա­րա­կան այդ միաս­նա­կա­նու­թիւնն ու կազ­մա­կեր­պա­կան հզօ­րա­ցու­մը ամ­րա­կուռ հիմ­քը կազ­մե­ցին Վ­րա­ցեա­նի հե­տա­գայ ո­գո­րում­նե­րուն։
Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վէն ետք ան ան­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուրկ, ուր հե­տե­ւե­ցաւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան բարձ­րա­գոյն ուս­ման՝ ի­րա­ւա­գի­տու­թեան, գիւ­ղատնտե­սու­թեան եւ ման­կա­վար­ժու­թեան նիւ­թե­րու մէջ։ 1910ին, երբ ցա­րա­կան հա­լա­ծան­քը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սած էր դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րու դէմ, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան ան­ցաւ ­Կա­րին, ուր ­Ռոս­տոմ հաս­տա­տո­ւած էր՝ իր քով մէկ­տե­ղե­լով ­Դաշ­նակ­ցու­թեան փոր­ձա­ռու թէ խոստմ­նա­լից ու­ժե­րը, միաս­նա­բար լծո­ւե­լու հա­մար բուն Երկ­րի հա­յու­թեան հա­սա­րա­կա­կան եւ մշա­կու­թա­յին զար­գաց­ման, ինչ­պէս եւ ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մին։
­Տա­րի մը ­Կար­նոյ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Յա­ռաջ»ը խմբագ­րե­լէ ետք, 1911ին, ­Ռոս­տու­մի յան­ձարա­րու­թեամբ, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան ղրկո­ւե­ցաւ ­Պոս­թըն, Մ. ­Նա­հանգ­ներ, իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հայ­րե­նիք»ի խմբա­գիր։ 1914ին, իբ­րեւ Ա­մե­րի­կա­յի շրջա­նէն պատ­գա­մա­ւոր, Վ­րա­ցեան վե­րա­դար­ձաւ ­Կա­րին, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Հ.Յ.Դ. Ու­թե­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին, ո­րու ա­ւար­տին ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս։ Ս­տանձ­նեց Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «­Հո­րի­զոն»ի խմբագ­րու­թիւ­նը՝ զու­գա­հե­ռա­բար ­Թիֆ­լի­սի ­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դին ան­դամ ընտ­րո­ւե­լով եւ լծո­ւե­լով ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին։
­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծու­նէու­թեան թիֆ­լի­սեան այս աշ­խոյժ շրջա­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ 28 ­Մա­յիս 1918ի ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան նո­ւա­ճու­մը։ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի եւ Ազ­գա­յին ­Խոր­հուր­դի խառն նիս­տին կող­մէ վար­չա­պետ նշա­նա­կո­ւած ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նիի աջ բա­զու­կը դառ­նա­լով՝ Վ­րա­ցեան իր կար­գին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։ ­Կա­ռա­վա­րու­թեան գլխա­ւոր բա­նագ­նաց­նե­րէն ե­ղաւ ինչ­պէս ­Պա­թու­մի մէջ թուր­քե­րու հետ հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, այն­պէս ալ հա­մա­տա­րած սո­վին յաղ­թա­հար­ման հա­մար Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու հետ տա­րո­ւող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն՝ ­Պա­րէ­նի ա­պա­հով­ման նպա­տա­կով։ Ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Խոր­հուր­դի պատ­գա­մա­ւոր եւ տեն­դա­գին լծո­ւե­ցաւ նո­րա­հաս­տատ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հի­մե­րու վրայ հաս­տա­տե­լու եւ միջ-կու­սակ­ցա­կան գոր­ծակ­ցու­թեամբ հզօ­րաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին։ Իսկ ի­րա­ւա­գէ­տի եւ գիւ­ղատն­տե­սի իր մաս­նա­գի­տա­կան պատ­րաս­տու­թեամբ՝ ան նշա­նա­կա­լի ներդ­րում ու­նե­ցաւ աշ­խա­տան­քի եւ տնտե­սու­թեան մար­զե­րու վե­րա­բե­րեալ յա­ռաջ­դի­մա­կան օ­րէնսդ­րու­թեան մշա­կու­մին մէջ։
­Պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան գոր­ծին ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի փա­րու­մը ե­ղաւ ամ­բող­ջա­կան եւ ար­դիւ­նա­ւոր։ Ան հան­դի­սա­ցաւ սերտ գոր­ծա­կի­ցը Ա­լեք­սանդր ­Խա­տի­սեա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան։ Իսկ երբ ­Մա­յիս 1920ին կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, Վ­րա­ցեան ստանձ­նեց աշ­խա­տան­քի եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը, մին­չեւ որ ­Հոկ­տեմ­բեր 1920ին, ­Հայ-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ծանր օ­րե­րուն, իր ու­սե­րուն դրուե­ցաւ ծանր բե­ռը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վեր­ջին վար­չա­պե­տի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան։ Ինք ե­ղաւ թէ՛ 2 ­Դեկ­տեմ­բեր 1920ին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան իշ­խա­նու­թիւ­նը ­Յեղ­կո­մին զի­ջե­լու պայ­մա­նա­գի­րը ստո­րագ­րող վար­չա­պե­տը, թէ՛ ­Փետ­րո­ւար 18ի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին ապս­տամ­բու­թե­նէն ետք կազ­մո­ւած ­Հայ­րե­նի­քի Փր­կու­թեան ­Կո­մի­տէին նա­խա­գա­հը։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վերջ­նա­կան խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան իր կար­գին ան­ցաւ ­Թաւ­րիզ, ­Պարս­կաս­տան, ուր­կէ մեկ­նե­ցաւ ­Փա­րիզ եւ ստանձ­նեց Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեան խմբագ­րու­թիւ­նը։ ­Մին­չեւ 1933 շա­րու­նա­կո­ւած «Դ­րօ­շակ»ի հրա­տա­րա­կու­թեան այս շրջա­նը պա­տո­ւան­դա­նը կազ­մեց Վ­րա­ցեա­նի գա­ղա­փա­րագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան։ ­Հայ քա­ղա­քա­կան մտքի եւ յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ յա­ռաջ ե­կած բե­կում­նե­րու, խզում­նե­րու եւ խո­տո­րում­նե­րու դժուա­րին այդ հանգ­րո­ւա­նին, «Դ­րօ­շակ»ի շուրջ հա­մախմ­բո­ւած ու­ժե­րու ստո­րագ­րած յօ­դո­ւած­նե­րով թէ ուղ­ղա­կի իր ա­ռաջ­նոր­դող­նե­րով՝ ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան բա­ռին բուն ի­մաս­տով ու­ղի հար­թեց տա­րա­գիր հա­յու­թեան եւ նոյն­պէս տա­րագ­րո­ւած ­Դաշ­նակ­ցու­թեան առ­ջեւ։ Ե­ղաւ ոչ միայն ար­թուն պա­հա­պա­նը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման քա­ղա­քա­կան-գա­ղա­փա­րա­կան ա­ւանդ­նե­րուն, այ­լեւ նո­րա­րար ու լայ­նա­խոհ դրօ­շա­կի­րը դար­ձաւ — ծան­րա­գոյն ցնցում­նե­րէ վե­րա­կանգ­նող աշ­խար­հի մը մէջ — հայ ժո­ղո­վուր­դին նոր տեղն ու դե­րը գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն հու­նա­ւո­րե­լու շար­ժու­մին։
­Միեւ­նոյն այդ շրջա­նին ­Սի­մոն Վ­րա­ցեան գրեց նաեւ իր կո­թո­ղա­կան գոր­ծը՝ «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն»ը, որ մնա­յուն ա­ւանդ մը կը հան­դի­սա­նայ ոչ միայն պատ­մագ­րա­կան ա­ռու­մով, այ­լեւ՝ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ինք­նու­րոյն ուղ­ղու­թիւ­նը՝ ազ­գա­յին ա­րե­ւե­լու­մը հիմ­նա­ւո­րե­լու ի­մաս­տով։
«Դ­րօ­շակ»ի հրա­տա­րա­կու­թեան ընդ­հա­տու­մէն ետք, Վ­րա­ցեան խմբագ­րեց պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի հան­դէս «­Վէմ»ը, որ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դի ժա­մադ­րա­վայ­րը դար­ձաւ, նոյն­պէս եւ սփիւռ­քա­հայ ա­ռա­ջին սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ինք­նադր­սե­ւոր­ման բե­մը։ «­Վէմ»ը փրկա­րար դեր կա­տա­րեց հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւ­նը խորհր­դա­յին նեն­գա­փո­խում­նե­րու դէմ ա­նա­ղարտ պա­հե­լու եւ պաշտ­պա­նե­լու գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րի ճա­կա­տին վրայ։
Վ­րա­ցեա­նի քա­ղա­քա­կան վաս­տա­կին սփիւռ­քեան կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րո­ւան­նե­րէն մէ­կը կազ­մեց, Մ.Ա.Կ.ի կազ­մու­թեան հիմ­նա­դիր ժո­ղով­նե­րու շրջա­նին, ­Հայ ­Դա­տի վե­րար­ծարծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ­Սան Ֆ­րան­սիս­քո­յի մէջ տա­րո­ւած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն իր աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, որ թէեւ ան­մի­ջա­կան ար­դիւն­քի չյան­գե­ցաւ, այ­դու­հան­դերձ՝ ա­մուր նա­խադ­րեալ­ներ հաս­տա­տեց ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան հե­տա­գայ նա­խա­ձեռ­նու­թեանց հա­մար։
­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի աշ­խա­տու­նա­կու­թիւնն ու ե­ռան­դը յոգ­նու­թիւն չճանչ­ցան նաեւ ա­նոր յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քին։ 1952ին, ­Լե­ւոն ­Շան­թի մա­հէն ետք, Վ­րա­ցեան նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն եւ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի կրթա­կան այդ մեծ հաս­տա­տու­թեան տնտե­սա­կան հի­մե­րու
ամ­րապն­դու­մին մէջ։ ­Նաեւ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տեց եւ լոյս ըն­ծա­յեց իր յու­շե­րը՝ «­Կեան­քի Ու­ղի­նե­րով» վեց-հա­տո­րեա­կը, որ հա­մադ­րու­մը ե­ղաւ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան եւ հո­գեմ­տա­ւոր իր ժա­ռան­գու­թեան ու պատ­գա­մին։
Եւ ի­րա­ւաԲմբ պատ­մա­կերտ պատ­գա­մի ա­ւե­տա­բե­րը հան­դի­սա­ցաւ Վ­րա­ցեան՝ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ու­ղին հար­թող իր գա­ղա­փա­րա­կան լոյ­սով.-
«­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­յին վար­չա­ձե­ւը շատ ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի ա­զա­տագ­րո­ւի հայ ժո­ղովր­դի քա­ղա­քա­կան ժա­ռան­գու­թիւ­նից. մեր­ժեց ըն­դու­նել «ա­մե­նայն հա­յոց կա­ռա­վա­րու­թեան» դե­րը, հրա­ժա­րո­ւեց ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի հե­տապն­դու­մից, ու­րա­ցաւ հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի գո­յու­թիւ­նը: Ի զուր։ ­Ժա­մա­նա­կը պար­տադ­րեց նրան ճա­նա­չել ե՛ւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը, ե՛ւ հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քը, եւ անբ­նա­կան չի լի­նի, ե­թէ վա­ղը իր վրայ առ­նէ եւ «ա­մե­նայն հա­յոց կա­ռա­վա­րու­թեան» պատ­մու­ճանն էլ: