ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կը կարծեմ, որ շատերու համար ծանօթ անուն-բացատրութիւն մըն է այս «սեւ կատու»ն, ինչպէս նաեւ անոր հետ առնչուած եւ աւանդութիւն դարձած զանազան նախապաշարումները: Դարերէ ի վեր մարդիկ միշտ զգուշացած են, երբ հանդիպած են, կամ՝ իրենց մօտէն եւ կամ ալ դիմացէն սեւ կատու մը անցած է: Որովհետեւ անոր ներկայութիւնը մեկնաբանած են հետեւեալ ձեւով.- «Օրս ծուռ պիտի երթայ», «դժբախտութիւն մը պիտի պատահի», «սրտնեղութիւն մը պիտի ծագի», «սխալ բան մը պիտի կատարուի», «հիւանդի մը լուրը պիտի լսուի», «արկած կամ աղէտ մը պիտի պատահի»: Մէկ խօսքով՝ գլխու փորձանք:
Յստակ է, թէ նախապաշարումը մարդոց մտածելակերպը դէպի ո՜ւր-տեղեր կրնայ առաջնորդել եղեր:
Ու խեղճ կենդանին, համաձայն այս նախապաշարումներուն, յատկապէս Արեւելքի մէջ, միշտ նախատուած եղած է: Այդ սեւ կատուն, ուզէ կամ ոչ, դարձած է հոմանիշը մարդոց դժբախտութիւններուն եւ միաժամանակ անոնց ողջ էութիւնը կրծող մտածումներուն:
Անթիւ համրանքով մարդիկ չեն ախորժիր սեւ կատուէն: Բայց սեւ կատուին յանցանքը ի՞նչ է, երբ իր մորթը կամ «բուրդը» այդ գոյնը ունի:
Կը յիշեմ, տակաւին աշակերտ էի. մեր բազմամարդ բակէն ներս, եբր տանիքէն սեւ կատու մը դէպի վար, խոհանոց մօտենար, բակի բոլոր պատուհաններէն, խօսքերնին մէկ ըրած, տասնեակներով կօշիկներ կը նետուէին խեղճ կենդանիի գլխուն, իբրեւ «ուղուրսուզ հայվան» — բախտը բեկանող կենդանի կամ անասուն — պոռալով:
Այդ օրերէն, կարծես ես ալ նոյն «գիծը» ժառանգած էի: Անկեղծօրէն, չեմ սիրեր եւ չեմ ալ ախորժիր ընդհանրապէս կատուներէն եւ յատկապէս այս «սեւ»էն: Որովհետեւ կը կածեմ, որ իր ներկայութիւնը ոխ եւ քէն կը բերէ ընտանիքներէն կամ անոնց անմիջական շրջապատէն ներս:
Պարզապէս նախապաշարում: Ի՞նչ ըսեմ: Ձեռքս չէ:
Ո՛խ ըսի:
Ինծի համար մեծ արարք մըն է այս մէկը, որ մեր կեանքը կը դառնացնէ: Ցաւ մըն է, երբ քեզի փակի, օձիքդ չի ձգեր: Ազատում չկայ: Չունիս: Սիրտ նեղացնող:
Յիշեցէ՛ք: Այս բոլոր մատնանշումները ձեզի համար նորութիւններ պէտք չէ որ ըլլան: Իրականութիւններ են, որ եկած են, կու գան եւ տակաւին պիտի գան, ուզենք կամ ոչ, մեր կեանքի առօրեային մաս պիտի կազմեն, մինչեւ այն ատեն, որ մեր շուրջը նման մթնոլորտ կայ: Մինչեւ այն ատեն, որ մեր մտքերուն մէջ կայ այդ ոխ պահելու հոգեբանութիւնը, մեր նեղմտութիւնն ու նախանձը:
Ու տեսնուած իրողութիւն է՝ երբ ընկերդ, բարեկամդ, ժողովականդ, ազգականդ, դրացիդ եւ կամ հարազատդ, հետդ քէն է.- «Քովէդ կ՚անցնի երեսդ չի նայիր», «քեզ չլսելու կը զարնէ»:
Սիրտ կոտրտուք: Ու իբրեւ զգայուն մարդ, ժամերդ կ՚անցնին նեղ, ու կեանքդ կը դառնայ անհամ: Ապա վերջը, զիրար հաշտեցնելու քայլեր կը փնտռուին: Միջնորդ կը փնտըռուի: Ու այս անգամ, երեւան կ՚ելլէ ձեզմէ մէկուն յամառ նկարագիրը.-
— «Ի՛նք թող ոտքս գայ»: Մանկական մտայնութիւն: Եւ օր մըն ալ, ձեր բարի բախտէն, ձեր արդար մտածելակերպէն՝ կը հաշտուիք: Ու կը զգաք եւ ներքնապէս կը խոստովանիք, որ հաշտութիւն ըսուածը, ի՜նչ հաճելի եւ լաւ «բան» է եղեր: Օրերու եւ կեանքի թեթեւութիւն մը կը պատէ մթնոլորտդ: Եւ երկուքդ կրկին կը դառնաք «մեղր ու կարագ»:
Ոխ, քէննալ, գժտուիլ՝ որովհետեւ «սեւ կատու» մը տեսած էք կամ հանդիպած: Ծիծաղելի է:
Բացէ՛ք բառարանը եւ պիտի տեսնէք, որ «քէննալ» բայը եկած է «քէն» բառէն, որ կը նշանակէ «գժտութիւն»: Առաւել կը նշանակէ «քէն պահել», «ոխ պահել» եւ «քէնոտիլ»:
Իսկ միւս կողմէ՝ եթէ յանկարծ օր մը, տանդ մէջ, կամ դրացիիդ մօտ, եւ կամ ալ ժողովներուդ ընթացքին հեզասահ նկատուած կեանքիդ ժամերէդ կամ ճամբան քալած միջոցիդ, դիմացէդ «սեւ կատու» մը անցնի կամ «սեւ կատու» մը մտնէ եւ կամ ալ աւելի ահռելին՝ «սեւ կատու» մը մտցնեն ձեր երկուքին միջեւ, ահա քեզի նոր խնդիր: Մեծ խնդիր: Ու օրինակներ շատ կան:
Վերցուցէ՛ք, միութենական ժողով մը…: Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ…: Հաւանաբար ձեզմէ շատեր անցած են այս ճամբէն: Մի՛ արդարանաք կամ ալ «սրբանաք»:
Այսպէ՛ս, պարզ վէճ մը, կամ քիչ մը «ծուռ» խօսք մը, նայուածք մը, եւ կամ քուէարկութեան ձախողութիւն մը, կամ ալ առաջարկի մը ժխտական ձեր կեցուածքն ու հակաճառութիւնը, կամ պաշտօնազրկում մը, արդիւնք՝ երկու կողմերէն՝ հակառակութիւն մը ծայր կու տայ: Դէմքերը կը կախուին: Նախանձը կը լեցուի: Սեւ մտքեր կը պատեն ուղեղները: Երեսները «կը թթուին»: Գժտութիւն, քէնոտութիւն եւ շատ հաւանաբար այս բոլորէն շատ աւելի ուրիշ բաներ: «Սեւ կատուներն» ու «սատանաները» կը հաւաքուին մտածումներուն մէջ: Ապա՝ այս վիճակին կը յաջորդեն սաստեր, եւ սպառնալիքներ, ու «իրեն կը ցցնեմ»ներ եւ կամ ալ «ինք ո՜վ է»ներ: Մէկ խօսքով՝ մեծ վէճ եւ վիճաբանութիւն: Զայրոյթ, նոյնիսկ բռունցք: «Բարեւը կտրել»: «Ժողովներէն բացակայիլ»: Հանրային կեանքի կծու եւ անվայել խօսքեր լսել: Ժողովներէ ներս աղմուկը կը փրթի: Ժողովը կը վերջանայ, իսկ վէճը՝ ոչ: Հարցը կը փոխադրուի դուրսը, փողոցը, խանութը, ակումբը, դպրոցը, հասնելով նոյնիսկ տուները:
Տրամադրութիւն քանդող լուրջ լարուածութիւն:
Անկասկած՝ երկուքին միջեւ «սեւ կատուն» յատնուած էր: Այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք՝պաղութիւն, երկու ընկերներու, բարեկամներու եւ ընտանիքներու միջեւ:
Մէկ խօսքով՝ քէն:
Շանթահար այս իրականութեան մէջ, վայրկեանին ուղեղը բան չի կրնար հասկնալ, որովհետեւ պակսած է պողպատէ տրամաբանութիւնը եւ կամ ալ աւետարանական խօսքի մը պարզ մեկնաբանութիւնը:
Քէնոտիլ, սրտնեղիլ, գժտուիլ, նախանձիլ, բամբասել, զիրար չհանդուրժել, չյարաբերիլ, չխօսիլ եւ բաժնուիլ, այլ խօսքով, ամէն ժխտական երեւոյթ, որ կը կտրատէ երկու կամ աւելի բարեկամ մարդոց միջեւ գտնուող յարաբերութեան կապը:
Ըսի՛, մէյ մը դիտենք մենք զմեզ: Ժողովի օրինակը ամէնէն ցայտունն էր: Ահա ուրիշ օրինակ մը եւս: Հազարաւոր մղոններ կտրած ենք ու կամովին եւ կամ ակամայ հաստատուած ենք Ամերիկա կոչուած այս «դրախտ» երկրին մէջ: Բայց մեզմէ շատ շատեր չեն մոռցած իրենց հետ բերելու իրենց հին «քէն»ներն ու «ոխ»ի զգացումները ու ամէն առիթով զանոնք կը յայտ-նաբերեն իրենց շուրջիններուն եւ կամ հարազատներուն:
Պատճառը շատ պարզ է:
Նեղմտութիւն:
Որովհետեւ նման մարդոց նոյնիսկ չես կրնար ըսել, թէ իրենց աչքին վրայ յօնք կայ:
Նահապետական դարաւոր աւանդութեան մաս կը կազմէ մեր համերաշխ կենակցութիւնը: Մեր իրարու հետ հաշտ ապրիլը էական ու կենսական է ոչ միայն մեզի, այլեւ մեր հայրենիքին: Որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ մենք՝ իբրեւ հայեր, բոլորս ալ ունինք նոյն թշնամին,նոյն մարտահրաւէրները, նոյն ազգային հարցերն ու խոչընդոտները եւ նոյն ճակատագիրը: Ընտանեկան, ազգականական, միութենական կամ կուսակցական մեր փոխ յարաբերութիւնները, այս կամ այն պատճառով մեր վէճերը ոխի եւ քէնի վերածելը, անկասկած որ տկարամտութեան արդիւնք են։
Նախանձ եւ նոյնքան ալ նախանձ:
Օտարներն ալ ունին նոյն նկարագիրը: Անոնք ալ մարդ են, վերջին հաշուով: Օրինակ՝ դրացի չինացիս երկու ամիսներէ ի վեր չի խօսիր եւ չի յարաբերիր մեքսիքացի իր միւս դրկիցին հետ, որովհետեւ այսվերջինին «ծառին տերեւները իր բակը կ՚աղտոտեն եղեր եւ մեքսիքացիին ալ հոգը չէ»: Ու չինացին, ինչե՜ր ըսէք «չբերաւ» իր դրկից մեքսիքացիի պարտէզի գլխուն: Ու ոխը լեղի է. խրատած էին մեր մեծերը եւ զգուշացուցած: Անհամ ալ է: Տրամադրութիւնդ կը քանդէ: Ժամերդ կը դառնան կսկիծ ու ցաւ: Օրերդ կը թունաւորէ ու կեանքիդ ուրախ երեւոյթը կը սրբէ:Մարդկային նկարագիր:
Էականը սակայն, մեր իրարու միջեւ ստեղծած փոխ-յարաբերութեան ամրութիւնն է ու հարազատութիւնը: Էականը ընտանիքի անդամներու, ազգականներու, ընկերներու կամ բարեկամներու ու խնամիներու միջեւ եւ հետ, լաւ եւ առողջ մթնոլորտ մը ստեղծելն ու պահելն է:
Վէճերն ու թիւրիմացութիւնները, անհասկացողութիւններն ու տարբեր կարծիքներ յայտնելը շատ եւ միշտ պիտի պատահին:Կարեւորը լուծում մը գտնելն է: Այս բոլոր կէտերը մարդկային են, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ ամէն մարդ նոյն ձեւով մտածելու կարողութիւնը չ՚ունենար եւ չունի:
Կարճամտութիւնը խենթութիւն է նաեւ ըսած են մեր մեծերը:
Եւ ճիշդ են:
Կարեւոր է, որ մենք գիտակցելու զօրութիւնը ունենանք եւ զայն վայելել գիտնանք:
Իսկ այս բոլորին դարմանը կամ դեղատոմսը՝ քիչ մը լայնախոհութիւն, քիչ մը շրջահայեացութիւն եւ քիչ մը լայնասրտութիւն ու անպայման՝ ներողամտութիւն:
Արդէն բաւարար է:
Լաւ մտածեցէ՛ք, «սեւ կատուին» հանդիպելէ առաջ, խնդրեմ ձեր «լայնախոհութեան» կօշիկը պատրաստ պահեցէ՛ք, անով հարուածելու այդ «անիծեալ» կենդանին, որպէսզի ձեր միջեւ ստեղծուած մթնոլորտը իր սովորական սահուն ընթացքը շարունակէ:
Ապա թէ ո՛չ,մնացեալը դուք գիտէ՛ք: