Եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցով ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Փա­նաեո­թիս ­Քա­մե­նո­սի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:
Ինչ­պէս «Ար­մէնփ­րես»ին տե­ղե­կա­ցուց Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը, ող­ջու­նե­լով հիւ­րին եւ ընդգ­ծե­լով, որ հայ-յու­նա­կան առն­չու­թիւն­նե­րը հա­զա­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նին եւ լե­ցուն են  բա­րե­կա­մու­թեան բազ­մա­թիւ դրսե­ւո­րում­նե­րով՝ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը պա­տա­հա­կան չի հա­մա­րեր, որ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն յա­տուկ է փոխ-ըմբռն­ման եւ փոխ-վստա­հու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը: ­Սերժ ­Սարգ­սեան ու­րա­խու­թեամբ ար­ձա­նագ­րեց, որ միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ւան­դա­կան յե­նա­սիւն­նե­րէն դար­ձած է նաեւ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան պաշտ­պա­նա­կան ո­լոր­տի գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը եր­կուս­տեք գո­հու­նա­կու­թեամբ նշե­ցին, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն երկ­կողմ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նշա­նա­ւո­րո­ւած է բարձր մա­կար­դա­կի փոխ-այ­ցե­րով, ինչ­պէս նաեւ պաշտ­պա­նա­կան, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին, գի­տակր­թա­կան եւ շարք մը այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­մամբ:
­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Փա­նոս ­Քա­մե­նոս գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան երկ­կողմ գոր­ծակ­ցու­թեան այժ­մու բարձր մա­կար­դա­կին հա­մար:
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ նաեւ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող «Արմ­Հայ­Թէք» ցու­ցա­հան­դէ­սին, ո­րուն այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը ցու­ցա­հան­դէ­սը լաւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն հա­մա­րե­ցին ծա­նօ­թա­նա­լու ռազ­մա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան բնա­գա­ւա­ռին մէջ մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ձեռք­բե­րում­նե­րուն, նաեւ՝ զար­գաց­նե­լու ռազ­մա­թեք­նի­կա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:
­Նա­խա­րար ­Փա­նոս ­Քա­մե­նոս նշեց, որ հայ գոր­ծըն­կե­րոջ հետ կը շա­րու­նա­կեն միա­ցեալ ջան­քե­րը պաշտ­պա­նու­թեան ո­լոր­տին մէջ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ընդ­լայ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

­Հա­յաս­տան կը սա­տա­րէ ­Յու­նաս­տա­նին՝ ­Թուր­քիոյ մէջ կա­լա­նա­ւո­րո­ւած յոյն զին­ուորական­նե­րուն ա­զատ ար­ձա­կե­լու հար­ցով
Մարտ 29ին տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րուն ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցը, ա­պա՝ կա­յա­ցաւ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու հան­դի­պու­մը ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով:
­Հա­յաս­տան կը սա­տա­րէ ­Յու­նաս­տա­նին՝ վատ ե­ղա­նա­կի պատ­ճա­ռով ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին յայտ­նո­ւած եւ լրտե­սու­թեան մէջ մե­ղադ­րո­ւե­լու հա­մար կա­լա­նա­ւո­րո­ւած 2 յոյն զինուորականնե­րուն շուտափոյթ ա­զատ ար­ձակումը ա­պա­հո­վե­լու հար­ցով: Հ.Հ. Պ.Ն. վար­չա­կան հա­մա­լի­րին մէջ կա­յա­ցած ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին այս մա­սին ը­սաւ Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան: «­Մենք գտնում ենք, որ պէտք է բա­րի կամ­քի դրսե­ւո­րում լի­նի, եւ բո­լոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րում պէտք է գե­րիշ­խի փո­խա­դարձ յար­գան­քի եւ մի­մեանց նկատ­մամբ ա­ւե­լի ճկուն մօ­տե­ցում­նե­րի կա­րո­ղու­թիւ­նը:
­Մենք այս հար­ցում սա­տա­րում ենք յու­նա­կան կող­մին»,- «Ար­մէնպ­րես»ի փո­խանց­մամբ՝ ը­սաւ նա­խա­րա­րը:
­Վի­գէն ­Սարգ­սեան նաեւ յայտ­նեց, որ իր յոյն գոր­ծըն­կե­րոջ հետ քննար­կե­ցին ­Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն առն­չո­ւող խնդիր­նե­րը: «Եր­կուս­տեք ան­թոյ­լատ­րե­լի ենք հա­մա­րել այդ երկ­րի կող­մից նա­խա­պայ­ման­նե­րի կամ սպառ­նա­լիք­նե­րի լե­զո­ւով խօ­սե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Այդ հա­մա­տեքս­տում ես իմ գոր­ծըն­կե­րո­ջը տե­ղե­կաց­րե­ցի 2009թ. ստո­րագ­րո­ւած ­Հա­յաս­տան-Թուր­քիա Ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րի կնքման ըն­թա­ցա­կար­գը դա­դա­րեց­նե­լու պատ­ճառ­նե­րի մա­սին»,- ընդգ­ծեց ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան:
­Մարտ 2ին ­Յու­նաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու 2 զին­ծա­ռա­յող գտնո­ւած են ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին մէջ: ­Զին­ծա­ռա­յող­նե­րը հեր­թա­պա­հած են ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ սահ­մա­նա­յին գետ հան­դի­սա­ցող ­Մա­րի­ցա գե­տի հա­տո­ւա­ծը,  ե­ղա­նա­կա­յին վատ պայ­ման­նե­րու պատ­ճա­ռով գտնո­ւած են թրքա­կան կող­մը: ­Յու­նաս­տա­նի Զ.Ու. կը մե­ղադ­րո­ւին «ռազ­մա­կան լրտե­սու­թեան փոր­ձի կա­տար­ման եւ ռազ­մա­կան ար­գի­լո­ւած գօ­տի մուտք գոր­ծել»ու հա­մար: ­Մարտ 27ին ­Թուր­քիոյ վե­րաքն­նիչ քրէա­կան դա­տա­րա­նը մեր­ժած է ­Թուր­քիա-­Յու­նաս­տան սահ­ման­նե­րը հա­տած 2 յոյն զին­ծա­ռա­յող­նե­րուն ա­զատ ար­ձա­կե­լու վե­րա­բե­րեալ ա­նոնց փաս­տա­բան­նե­րու պա­հան­ջը: ­Յոյն զին­ծա­ռա­յող­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն կա­լա­նա­ւո­րո­ւած մնալ: