Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ յառաջընթացի հնարաւորութիւն կը տեսնէ: «Բազմաթիւ մօտեցումները, որոնք Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ պետք է արդիւնքի հասցնեն, արդէն ուրուագծուած են»,- Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամեդեարովի հետ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Լաւրով:
«Ռիա Նովոսթի»ն կը տեղկագրէ, որ Լաւրով յայտնեց, թէ հակամարտութիւնը ոչ մէկուն ձեռնտու չէ՝ աւելցնելով, որ իբրեւ Մինսքի խումբի երեք համանախագահներէն մէկը՝ Ռուսիա պիտի աշխատի կողմերուն համար ընդունելի կարգաւորման խաղաղ ճանապարհի ուղղութեամբ:
Կիրակի՝ 19 Նոյեմբերին, Սերկէյ Լաւրով Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահին հետ: Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիա հաւատարիմ է Ատրպէյճանի հետ բոլոր պայմանաւորուածութիւններու իրականացման:
Անդրադառնալով Արցախեան տագնապին՝ Լաւրով նշեց, որ Ռուսիա Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահ երկիր ըլլալով, հետաքրքրուած է տագնապին խաղաղ լուծում գտնելով: Ատրպէյճանի նախագահը իր կարգին ըսաւ, որ Ատրպէյճան շատ հետաքրքրուած է Ղարաբաղեան տագնապի շուտափոյթ լուծումով:
Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութիւնը չէ տուժած երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ընթացիկ վիճակէն:
Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»ի, Պաքուի մէջ յայտարարեց Սերկէյ Լաւրով՝ ելոյթ ունենալով Ատրպէյճանի Դիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ: «Ղարաբաղեան կարգաւորման շուրջ համագործակցութիւնը չէ տուժած մեր երկկողմ գործերուն հետ կապուած»,- ըսաւ ան:
Երկուշաբթի՝ 20 Նոյեմբերին Սերկէյ Լաւրով ժամանեց Երեւան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Օրակարգի կարեւոր մասը պիտի ըլլայ Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած հարցերը: Բացի այդ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները պիտի մասնակցին «Ռուսիա եւ Հայաստան. դարերով ամրացած ընկերութիւն» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:
Լաւրով նոյն օրը այցելեց Ծիծիռնակաբերդ՝ իր յարգանքի տուրքը տալու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումները Հայաստանի մէջ
Լաւրով Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ յառաջընթացի հնարաւորութիւն կը տեսնէ