­Սե­րէ­սի մէջ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի գու­մա­րում

­Սե­րէ­սի մէջ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի գու­մա­րում

0
1514

­Մար­տի 12ին տե­ղի ու­նե­ցած է ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Սե­րէ­սի «­Պա­րոյր ­Սե­ւակ» մաս­նա­ճիւ­ղի հա­շո­ւե­տու-ընտ­րա­կան Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վը: ­Ներ­կայ գտնո­ւած են ­Հա­մազ­գա­յի­նի 23 ան­դամ­ներ: ­Ժո­ղո­վը բա­ցո­ւած յայ­տա­րա­րած է ընկ. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան։ Այ­նու­հե­տեւ, ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է նա­խորդ նստաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րու ամ­փոփ տե­ղե­կա­գի­րը, ծա­նօ­թա­ցու­ցած է ­Նո­յեմ­բեր ամ­սուն Ա­թէն­քի մէջ կա­յա­ցած ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շում­նե­րը եւ ըն­թեր­ցած է շրջա­բե­րա­կան­ներն ու բա­նա­ձե­ւե­րը:
­Ժո­ղո­վի ժա­մա­նակ խօ­սո­ւած է նաեւ շրջա­նի կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցէն ներս կա­տա­րո­ւած եւ ըն­թաց­քի մէջ ե­ղող աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին: Այս­պէս, նշուած է, թէ նա­խորդ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին յա­ջո­ղու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած են ե­րեք ծա­ւա­լուն մշա­կու­թա­յին մի­ջո­ցա­ռում­ներ: ­Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ան­հանգս­տու­թեամբ նշած են դպրո­ցի սա­կա­ւա­թիւ ա­շա­կեր­տու­թեան քա­նա­կի հար­ցը՝ շեշ­տե­լով, թէ լուրջ աշ­խա­տանք­ներ պէտք է տա­նիլ, ա­շա­կերտ­նե­րու թի­ւը հա­մալ­րե­լու նպա­տա­կով։ ­Ներ­կա­յիս դպրո­ցը ու­նի կրտսեր եւ ա­ւագ խում­բեր:
­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, ընկ. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն տե­ղեակ պա­հած է, թէ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ստա­ցո­ւած դրա­մա­կան գու­մա­րով՝ կա­րե­լի ե­ղած է սրա­հին հա­մար գնել հե­ռուս­տա­ցոյց եւ DVD, ինչ որ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է բո­լո­րին մօտ, քա­նի որ ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր զգա­ցո­ւած կա­րիք էր։
Ա­պա՝ տե­ղի ու­նե­ցած է մաս­նա­ճիւ­ղի նոր վար­չա­կազ­մի ընտ­րու­թիւն: Ընտ­րո­ւած են հինգ ան­դամ­ներ՝ ըն­կեր­ներ ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան, Ա­նա­հիտ ­Թա­մա­զեան, ­Լի­լիկ ­Յա­կո­բեան, ­Խա­չիկ ­Ղա­զա­րեան եւ ­Յաս­միկ ­Հա­լե­ւո­րեան:
Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վին յա­ջոր­դած նո­րըն­տիր վար­չու­թեան անդ­րա­նիկ ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին, գաղտ­նի քո­ւէար­կու­թեամբ, ա­տե­նա­պետ ընտ­րո­ւած է ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան, եւ քար­տու­ղար՝ ­Յաս­միկ ­Հա­լե­ւո­րեան: