Ա­ւագ սպայ, հա­զա­րա­պետ ­Սար­գիս Ս­տե­փա­նեան ­Լե­հաս­տա­նի մէջ կա­յա­ցած հաշ­ման­դա­մու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րու բազ­կա­մար­տի աշ­խար­հի բաժակի ա­խո­յեա­նու­թե­նէն վե­րա­դար­ձած է 2 ոս­կեայ եւ մէկ ար­ծա­թէ շքան­շան­նե­րով: ­Սար­գիս Ս­տե­փա­նեան 2014 թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տո­սին Ար­ցա­խեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նա­գի­ծին վրայ մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ զի­նա­կից ըն­կե­րը փրկե­լու ըն­թաց­քին վի­րա­ւո­րո­ւած եւ կորսն­ցու­ցած է աջ ձեռքն ու ոտ­քե­րը: ­Մինչեւ այդ ան զբա­ղած է ծան­րա­մար­տով։
«­Հաշ­ման­դա­մու­թիւն ու­նե­ցող մարդ ըլ­լաս թէ ոչ, ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը ցան­կու­թիւնն է, ձգտումն է, նպա­տակն է, հա­ւա՛տ­քը: Ե­թէ կը հա­ւա­տաս ու­ժե­րուդ, ե­թէ դուն նպա­տա­կաս­լաց ես, քու առ­ջեւ կը դնես ինչ-որ խնդիր, կը հաս­նի՛ս»,- «Ա­զա­տու­թեան» ը­սած է աշ­խար­հի ա­խո­յեա­նը: Ա­նոր խօս­քով` յաղ­թա­նա­կի հաս­նե­լու հա­մար նպաս­տած են ոչ միայն 2,5 տա­րո­ւան դժո­ւա­րին մար­զում­նե­րը, այ­լեւ միշտ իր կող­քին կանգ­նած մար­դիկ. «­Յատ­կա­պէս շնոր­հա­կալ եմ իմ մար­զի­չին եւ իմ խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նեմ «­Հայ վի­րա­ւոր հե­րոս­նե­րու հիմ­նադ­րա­մին»: