«Ար­մէնփ­րես» կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Պ­րա­զի­լի ­Սան ­Մի­կէլ Ար­քան­ժօ քա­ղա­քը ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Պ­րա­զի­լէն ­Սար­գիս ­Գա­րա­մե­քեան «Ար­մէնփ­րես»ին փո­խան­ցած է, թէ «21 ­Մար­տին քա­ղա­քը ըն­դու­նած է օ­րէնք մը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մա­սին: ­Ցա­ւօք, մին­չեւ հի­մա Պ­րա­զի­լը չէ ճանչ­ցած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դաշ­նակ­ցա­յին օ­րէն­քով:
­Մենք այդ ուղ­ղու­թեամբ կ­՛աշ­խա­տինք, այժմ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը քա­ղա­քա­յին մա­կար­դա­կով են: ­Յա­ռա­ջի­կա­յին նոյն­պէս Պ­րա­զի­լի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու կող­մէ ճա­նա­չում­ներ կ­՛ակն­կա­լո­ւին»: