Ա­մե­րի­կա­հայ 16ա­մեայ ­Սա­մո­ւէլ ­Սե­ւեան ա­ռա­ջին տե­ղը գրա­ւեց ­Քո­լում­պիոյ ­Մե­տէյ­լին քա­ղա­քին մէջ ա­ւար­տած Ա­մե­րի­կա­յի ճատ­րա­կի ա­խո­յեա­նու­թեան:
Ան վեր­ջին` 11րդ ­հանգ­րո­ւա­նին, հա­ւա­սա­րե­ցաւ փե­րու­ցի ­Խոր­խէ ­Կո­րիի հետ:
Այդ­պի­սով՝ ­Սե­ւեանն ու այլ 7 խաղ­ցող­ներ վաս­տա­կե­ցան 8,5ա­կան կէտ: Լ­րա­ցու­ցիչ հա­շո­ւարկ­նե­րով՝ մրցա­շար­քի յաղ­թող եւ Ա­մե­րի­կա­յի ա­խո­յեան հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Սա­մո­ւէլ ­Սե­ւեան:
Ոս­կէ շքան­շա­նէն բա­ցի, ան նո­ւա­ճեց նաեւ ու­ղե­գիր 2017ի աշ­խար­հի բա­ժա­կի խա­ղար­կու­թեան, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Թիֆ­լի­սի մէջ:
­Հայ միւս մաս­նա­կի­ցը` պրա­զի­լա­հայ կրանտ­մաս­թըր Գ­րի­գոր ­Սե­ւակ Մ­խի­թա­րեան, 7 կէ­տով զբա­ղե­ցուց 35րդ ­տե­ղը:
8 փու­լէ ետք, 16ա­մեայ կրանտ­մաս­թը­րը վաս­տա­կած է 6,5 կէտ եւ կը կի­սէ 2-8րդ ­տե­ղե­րը: