Մայիս 4ին, Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական պատմամշակութային արժէքները հարեւան երկիրներու եւ Մերձաւոր Սփիւռքի մէջ» թեմայով քննարկումը, որուն գլխաւոր բանախօսն էր հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ղեկավար, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան: Այս մասին կը հաղորդէ Հ.Հ. սփիւռքի նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։ Ողջունելով ներկաները` Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց.- «Սամուէլ Կարապետեան ազգանունը ներկայացնելու կարիք չկայ, քանի որ անկախացումէն քանի մը տարի անց, ան սկսաւ իր աշխոյժ գործունէութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ մենք ճանչցանք եւ իմացանք աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ յատկապէս մեր տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական պատմամշակութային հին ու նոր արժէքներուն մասին: Փոքր տարիքէն հետաքրքրուելով հայկական յուշարձաններու ծագումնաբանութեամբ եւ ներկայ վիճակով` Սամուէլ Կարապետեան իր հայրենանուէր ու հետեւողական գործունէութեամբ կրցաւ ստեղծել հանրագիտարանային նշանակութեան աշխատութիւններ»:
Նախարարը կոչ ըրաւ դահլիճին մէջ ներկայ սփիւռքահայերուն` մտածելու, թէ ո՛վ ինչպէ՜ս կրնայ օգտակար դառնալ իր բնակութեան երկրին մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններու պահպանութեան գործին: «Մենք հաւաքած եւ մէկ գիրքի մէջ ամբողջացուցած ենք ամբողջ աշխարհի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանները եւ խաչքարերը, սակայն, հարկ է, որ անձնագրաւորուին բոլոր յուշակոթողներն ու եկեղեցիները»,- նշեց Սփիւռքի նախարարը:
Այնուհետեւ Սամուէլ Կարապետեան ներկայացուց հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ստեղծման պատմութիւնը, իրականացուցած աշխատանքները, ատոնց արդիւնքով տպագրուած գիրքերը:
Խօսելով «Ատրպէյճանը քաղաքակրթութենէն դուրս» եռալեզու գիրքին մասին` բանախօսը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց աշխատութեան քաղաքական նշանակութեան ու կարեւորութեան վրայ, ուր տեղ գտած նիւթերը կը վերաբերին 4-20րդ դարերու 120 յուշարձաններուն: Յուշարձանագէտը նշեց, որ գիրքի լուսանկարներուն մեծ մասը ինք նկարած է, մէկ մասը տիեզերքէն առնուած է, իսկ որոշ լուսանկարներ ալ օտարներ փոխանցած են իրենց կազմակերպութեան:
Կարապետեան ընդգծեց, որ օտարազգի ուսումնասիրողներուն կը հետաքրքրեն Ատրպէյճանի այսօրուան տարածքին գտնուող հայկական յուշարձանները: «Սքոթլանտացի ուսումնասիրող մը 3 շաբթուան վիզա ունէր, սակայն հնարաւորութիւն չունեցաւ աշխատելու Նախիջեւանի մէջ, քանի որ 3 օրէն անոր հասկցուցին, թէ պէտք է հեռանայ: Հայկական յուշարձանները մեր անձնագիրներն են, Ատրպէյճան կը վախնայ մեր անձնագիրներէն»,- նշեց Կարապետեան: Յուշարձանագէտն անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանի միւս երկիրներու՝ Հնդկաստանի, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ գտնուող հայկական յուշարձաններուն:
Սամուէլ Կարապետեան
«Հայկական յուշարձանները մեր անձնագիրներն են, որոնցմէ կը վախնայ Ատրպէյճանը»