«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, թէ Մոսկուա հիասթափուած է Ալեքսանտր Լափշինը Ատրպէյճանին արտայանձնելու Պելոռուսիոյ Գերագոյն Դատարանի որոշումէն:
«Ռուսական կողմը խոր հիասթափութիւն կը յայտնէ այդ որոշումին առնչութեամբ, որ չի համապատասխաներ Ռուսիոյ եւ Պելոռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու ոգիին»,- կը նշէ նախարարութիւնը` ընդգծելով.- «Մտադիր ենք այսուհետեւ ալ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն ձեռնարկելու՝ Ռուսիոյ քաղաքացիին իրաւունքներն ու օրինական շահերը պաշտպանելու համար, զինք շուտափոյթ իր ընտանիքին վերադարձնելու նպատակով»: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Պաքուին արտայանձնուած Ռուսիոյ քաղաքացի Լափշինի վերաբերեալ բանակցութիւններ տեղի չեն ունենար. սակայն անոր պաշտպանութեան համար կը ձեռնարկուին կարելի բոլոր իրաւաբանական քայլերը: Ան յիշեցուցած է, որ Լափշին քանի մը քաղաքացիութիւն ունի, ներառեալ ռուսականը: «Մեզի համար ան մեր երկրին քաղաքացին է: Մենք կը շարունակենք պաշտպանել անոր շահերը օրինական կարգով»,- ըսած է Փեսքով:
Ռուսիա հիասթափութիւն կը յայտնէ
Ռուսիա հիասթափութիւն կը յայտնէ Լափշինը արտայանձնելու որոշումին նկատմամբ